Month: June 2026

ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԱՇԽՈՅԺ ԵՌՈՒԶԵՌ

ՀՄԸՄ-ի համահայկական ընտանիքը աշխոյժ եռուզեռի մէջ է։ Միջին Արեւելքէն Եւրոպա, Հայաստան, Ամերիկաներ եւ Աւստրալիա, միութեան աշխարհասփիւռ շրջաններն ու մասնաճիւղերը կը պատրաստուին իրենց մասնակցութիւնը բերելու ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան սկաուտական, քարոզչական, կազմակերպչական…

ՍՈՒՐԻԱ ԽՍՏԻՒ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐԸ

Սուրիա խստիւ դատապարտեց Քունէյթրայի եւ Տարաայի մէջ իսրայէլեան յարձակումները, որոնք քաղաքացիները սարսափի մատնեցին։ Այս առիթով, Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, ուր շեշտեց, որ նման ոտնձգութիւններ Սուրիոյ գերիշխանութիւնն ու…

ՏԱՐԱԱՅԻ ՄԷՋ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՈՏՆՁԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ

Երկուշաբթի, 29 Յունիս 2026-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ իսրայէլեան ուժեր հրթիռներով եւ ուղղաթիռներով թիրախ դարձուցին Տարաայի արեւմտեան արուարձանի «Ապտին» գիւղը, ինչ որ պատճառ դարձաւ տեղւոյն բնակչութեան տեղահանութեան դէպի յարակից գիւղեր եւ…

ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ

ՍՕ Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը Հայրերու օրուան առիթով իր սէրն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց հայրերուն՝ իւրայատուկ ճաշկերոյթ մը նուիրելով անոնց, Կիրակի, 21 Յունիս 2026-ին: Արդարեւ, նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ.…

ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԸ՝ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒՄ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՏԵՍԼԱԿԱՆ

25-28 Յունիս 2026-ին, Կիպրոսի տեղացիներն ու հայերը ապրեցան զգացական ջերմ օրեր՝ յիշատակելով Մելգոնեան կրթական հաստատութեան հարիւրամեակը։ Աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանեցին Մելգոնեանի նախկին աշակերտներ թէ շրջանաւարտներ, որոնք իրենց զգացումները միացուցին տեղական…

Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ԿԵԴՐՈՆԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ԵԱԳՈՒՊԻԷԻ Ս. ԱՆՆԱ ՄԱՏՈՒՌ

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Արժ. Տէր Զարեհ Քահանայ Շաքարեանի, Կիրակի, 21 Յունիս 2026-ին տեղի ունեցաւ ուխտագնացութիւն դէպի Եագուպիէի Ս.Աննա մատուռ։ Օրը…

ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ՝ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԳԱՀԱԿԱԼ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԾՄԱՆ 31-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Տնօրինութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, Կիրակի, 28 Յունիս 2026-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին Հայրապետական Մաղթանքի…

ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍ ՊԱՍՔԵԹԻ ԱՂՋԿԱՆՑ ԽՈՒՄԲԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆ ԴԱՐՁԱՒ

Լիբանանի պասքեթի աղջկանց ախոյեանութեան մրցումներու աւարտին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս պասքեթի աղջկանց խումբը, քիչ առաջ, 89-84 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռիատի խումբը եւ Լիբանանի ախոյեան դարձաւ։ ՀՄԸՄ եւ Ռիատի խումբերը աւարտական փուլին հանդիպեցան…

ԻՊՐԱՀԻՄ ՈՒԼԱՊԻ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ. ՍՈՒՐԻԱ ԿԸ ՄՆԱՅ ԿԱՌՉԱԾ ԻՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ

ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մշտական ներկայացուցիչ Իպրահիմ Ուլապի յայտարարեց, որ Իսրայէլի վերջին յայտարարութիւնները, որոնցմով կը շեշտուի, թէ ան երբեք պիտի չհեռանայ սուրիական բռնագրաւեալ հողերէն, խոր մտահոգութիւն կը յառաջացնեն։ Այս յայտարարութիւնները կը…

ԱՄՆ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԻՒՊԱՏՈՍԱԿԱՆ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՇՆՈՐՀԱԾ Է ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐՍԿՍՄԱՆ ԸՆԴԱՌԱՋ

Ուաշինկթընի մէջ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան դեսպանատան հիւպատոս Ահմատ ալ-Մալաթի հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Հիւպատոսական հարցերու եւ Իրաւաբանական գրասենեակներու պաշտօնատարներուն հետ։ Տեսակցութեան ընթացքին քննարկուած են հիւպատոսական ծառայութիւններու…