Այս տարի Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկը կը թեւակոխէ իր հիմնադրութեան 60-ամեակը։ Այս առիթով «Գանձասար» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ Ձեռնարկի տնօրէն Լանա Պոյնարեան-Մալաքեանի հետ։
«Գանձասար»- Համառօտ գիծերու մէջ կը ներկայացնէ՞ք, թէ ինչպիսի՛ պահանջէ մեկնած ծնունդ առած է այս ձեռնարկը եւ գործունէութեան դաշտը ի՞նչ ընդգրկած է։
Լանա Պոյնարեան-Մալաքեան- Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկը հիմնուած է 1966 թուականին՝ հանգուցեալ Տիար Վարդան Ճինիշեանի մահէն անմիջապէս ետք։ Ան ապրած էր համեստ ու ինքնամփոփ կեանք մը եւ հասած էր մինչեւ 99 տարեկան՝ ըլլալով իր ընտանիքին վերջին վերապրող անդամը։ Իր կեանքի աւարտին, Վարդան Ճինիշեան իր ամբողջ հարստութիւնը կտակեց՝ յաւերժացնելու համար իր ծնողներուն՝ մարաշցի Վեր. եւ Տիկ. Յարութիւն Ճինիշեաններու յիշատակը։
Արդէն 90 տարեկանին, Վարդան Ճինիշեան կազմած էր իր կտակը, որուն համաձայն իր կուտակած հարստութեամբ պիտի հիմնուէր բարեսիրական հաստատութիւն մը։ Այս հաստատութեան հիմնական նպատակն ու առաքելութիւնն են օգնել աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ ապրող կարօտեալ հայորդիներուն՝ առանց համայնքային կամ այլ խտրութեան, եւ զանոնք չքաւորութենէ ու յուսալքումէ առաջնորդել դէպի արժանապատիւ եւ յուսալից կեանք՝ անոնց տրամադրելով նպաստներ, աջակցութիւն եւ բարգաւաճման ծրագրեր։
Այսօր Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկը իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ Սուրիոյ Հալէպ, Դամասկոս եւ Գամիշլի նահանգներուն մէջ։ Ան իր բազմապիսի ծրագրերուն միջոցով կը ծառայէ համայնքի՝ առողջապահական, խնամատարական, դաստիարակչական, ընկերային եւ բարգաւաճման կարիքներուն, նպատակ ունենալով զօրացնել անհատներն ու ընտանիքները եւ նպաստել համայնքային կայուն զարգացման։
«Գ. »- 60-ամեակին առիթով ինչպիսի՞ աշխատանք կը նախատեսէք իրականացնել։
Լ. Պ. Մ. – 2026-2027 տարեշրջանը նուիրուած է Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի 60-ամեակին։ Այս առիթով նախատեսուած են զանազան նախաձեռնութիւններ, որոնք կապուած են հաստատութեան ծրագրերուն եւ առաքելութեան։ Այսպէս՝ նախատեսուած է իրականացնել.
-Ցուցահանդէս՝ նուիրուած հայ կնոջ, այն համոզումով, որ հայ կինը միշտ կարեւոր դեր ունեցած եւ յաջողութիւն արձանագրած է իր ձեռնարկած իւրաքանչիւր նախաձեռնութեան մէջ։
-Միջդպրոցական ծրագիր՝ նուիրուած հայ աշակերտներուն, նպատակ ունենալով խրախուսել երիտասարդ սերունդին մասնակցութիւնը եւ ստեղծագործական ներուժը։
-Պաշտօնական տօնակատարութիւն՝ նուիրուած 60 տարուան ծառայութեան, որ պիտի նշէ հաստատութեան երկարամեայ նուիրումն ու համայնքին մատուցած ծառայութիւնը։
-Յատուկ յայտագիր՝ նուիրուած մեր դասախօսական շարքերուն մասնակցող տիկիններուն, գնահատելու անոնց մասնակցութիւնը եւ քաջալերելու շարունակական ներգրաւուածութիւնը։
Այս նախաձեռնութիւնները կը նպատակադրեն ոչ միայն արժեւորել անցեալ վեց տասնամեակներու ծառայութիւնը, այլ նաեւ նոր խթան հաղորդել համայնքային եւ ընկերային գործունէութեան։
«Գ. » Ցուցահանդէս-Վաճառքին ովքե՞ր կրնան մասնակցիլ։ Բարեսիրակա՞ն բնոյթ կը կրէ ան։
Լ. Պ. Մ. – Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկը (ՃՅՁ), հաւատարիմ իր բարեսիրական առաքելութեան, սիրով կը հրաւիրէ ձեզ մասնակցելու յատուկ ցուցահանդէս-վաճառքի մը, որուն նպատակը բարութեան շղթայ մը ստեղծելն է համայնքի կեանքէն ներս։
Այս նախաձեռնութիւնը պարզ տօնավաճառ մը չէ. ան կենդանի կամուրջ մըն է մասնակցողին, գնողին եւ նուէր ստացողին միջեւ։ Շուրջ 45 հայ կիներու ձեռքի աշխատանքն ու արտադրանքը պիտի ցուցադրուին՝ անոնց անվճառ տրամադրուած տաղաւարներուն մէջ՝ խրախուսելու հայ կնոջ ստեղծագործ աշխատանքը եւ նախաձեռնողական ոգին։
Ձեռնարկին բարեսիրական ոգիով՝ իւրաքանչիւր մասնակից երեք օրուան իր վաճառքէն բաժին մը սրտաբուխ նուիրատուութեամբ պիտի տրամադրէ՝ ՃՅՁ-ի կողմէ ընտրուած կարիքաւոր ընտանիքի մը կամ տարեցի մը աջակցութեան։ Այսպէս՝ իւրաքանչիւր գնում կը դառնայ բարութեան եւ մարդասիրութեան փոքրիկ, բայց նշանակալի քայլ մը։
Թուականներ՝ 22, 23 եւ 24 Մարտ 2026
Ժամ՝ 12:00 – 20:00
Վայր՝ «Աղաճանեան» սրահ, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ներքնասրահ։
Ձեր ներկայութիւնն ու գնումները ոչ միայն պիտի քաջալերեն հայ կին արտադրողներուն աշխատանքը, այլեւ անմիջականօրէն պիտի նպաստեն այս գեղեցիկ բարեսիրական նախաձեռնութեան իրականացման։
Ցուցահանդէսի աւարտին, մասնակիցները միասնաբար պիտի այցելեն ընտրուած ընտանիքներու տուները՝ անձամբ փոխանցելու հաւաքուած նուէրներն ու բաժնեկցելու բարութեան այն ուրախութիւնը, որ միասին կերտած պիտի ըլլանք։
Եկէ՛ք միասին ընթանանք Վարդան Ճինիշեանի մարդասիրական հետքերով, բարութիւնը հասցնենք բազմաթիւ տուներ եւ ջերմացնենք սրտեր։
«Գ. » Շնորհակալութիւն եւ յաջողութիւն ձեր աշխատանքներուն։