Շաբաթ, 16 եւ Կիրակի, 17 Մայիս 2026-ին ելոյթ պիտի ունենայ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբը՝ ներկայացնելով Մուշեղ Իշխանի «Մեռնիլը Որքան Դժուար Է» թատերախաղը։ Բեմադրիչն է Շանթ Ուրիշիկեան։ Թատրոնը տեղի պիտի ունենայ «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս երեկոյեան ժամը 7։30-ին։
Այս առիթով «Գանձասար»-ի «Նոր Երթ»-ը հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ խումբի ամէնէն երիտասարդ դերակատարին՝ Մայք Գեւոյեանի հետ։
«Նոր Երթ»- Մուշեղ Իշխանի «Մեռնիլը Որքան Դժուար է» թատրոնին մէջ ի՞նչ դեր ստանձնած ես։
Մայք Գեւոյեան- Լրագրողի դեր ստանձնած եմ եւ կը փորձեմ ժողովուրդին ձայնը ներկայացնել։ ինծի համար նոր փորձառութիւն է այս դերը։
«Ն. Ե. »- Ի՞նչպէս կը յաղթահարես բեմական վախը եւ բեմին վրայ ի՞նչ կը զգաս՝ երբ կանգնիս հանդիսատեսին դէմ։
Մ. Գ. – Չեմ կարծեր, որ բեմական վախը պէտք է ամբողջովին չքանայ։ Անիկա կարծէք փոքրիկ կրակ մըն է ներսդ. եթէ չըլլայ՝ բան մը պակաս կը մնայ։
Կը փորձեմ ոչ թէ խուսափիլ անկէ, այլ՝ օգտագործել զայն։
Մինչեւ բեմ ելլելս, երբեմն լուռ կը մնամ եւ աչքերս փակելով
կը պատկերացնեմ այն աշխարհը, ուր պիտի մտնեմ։ Բայց ճշմարիտ պահը կու գայ այն ատեն, երբ առաջին քայլս կ’առնեմ բեմին վրայ։ Այդ վայրկեանին վախը աստիճանաբար կը փարատի։
Հանդիսատեսին դէմ կանգնիլը ինծի համար անձնական պահ մըն է, որովհետեւ ան միայն հանդիսատես չէ, այլեւ ինծի կը վստահի իր ժամանակը, ուշադրութիւնն ու զգացումները։ Այդ վստահութիւնը վախը կը փոխարինէ պատասխանատուութեամբ ու սիրով։
«Ն. Ե. »- Այսօր թատրոնը ի՞նչ դեր ունի երիտասարդութեան կեանքին մէջ։
Մ. Գ. – Այսօրուան աշխարհը սրընթաց է։ Երիտասարդութիւնը յաճախ կը կորսուի այդ արագութեան մէջ։ Թատրոնը ինծի համար դարձած է այն ընտիր վայրերէն մէկը, ուր կարելի է կանգ առնել ու իսկապէս «ըլլալ»։
Երբ հանդիսատեսը կը մտնէ թատրոն, ան ոչ միայն ներկայացումը կը դիտէ, այլ կը մտնէ ուրիշներու կեանքին մէջ։ Ան կը սկսի ինքզինք հարց տալ ՝ «Ո՞վ եմ ես», «Ի՞նչ կ’ուզեմ», «Ի՞նչ կը զգամ»։ Այս հարցումները շատ կարեւոր են ինքնաճանաչման համար։
Յատկապէս հայ երիտասարդութեան համար, թատրոնը ունի նաեւ ուրիշ դրական յատկանիշ մը։ Անիկա տեղ մըն է, ուր հայերէն լեզուն կ’ապրի, հայոց պատմութիւնը կը պատմուի ու կը վերակենդանանայ բեմին վրայ, այսպիսով մեր մշակոյթը կը պահպանուի։ Այս իմաստով, թատրոնը միայն արուեստ չէ՝ ան նաեւ յիշողութիւն, ինքնութիւն եւ երբեմն ալ պայքար է։
«Ն. Ե. »- Քեզի համար ի՞նչ կը նշանակէ դերասան ըլլալ, փորձերէն անդին ինչպիսի՞ աշխատանքի կը կարօտի ան։
Մ. Գ. – Դերասան ըլլալ ինծի համար պարտաւորութիւն մը չէ, այլ հետաքրքրութեան մը յագուրդ տալ է։ Անիկա կը նշանակէ միշտ բաց ըլլալ աշխարհին դիմաց։
Փորձերը շատ կարեւոր են, բայց իսկական աշխատանքը կը շարունակուի փորձերէն ետք։
Ես կը հաւատամ, որ դերասանը պէտք է սորվի դիտել շրջապատը։ Փողոցը քալելու ընթացքին, երբեմն պէտք է կանգնի ու նայի մարդոց արտայայտութիւններուն. թէ անոնք ինչպէ՞ս կը քալեն, ինչպէ՞ս կը խօսին եւ ի՞նչ կը թաքցնեն իրենց լռութեան մէջ։ Այդ բոլոր մանրուքները հետագային կրնան օգնել դերակատարութեան ընթացքին։
Դերասանը պէտք է ընդունի իր մարդկային տկար կէտերը, որովհետեւ անոնք կ’օգնեն իր մարդկային անկեղծ տիպարը ներկայացնելու։ Կը կարծեմ, որ դերասանը միշտ աշխատանքի մէջ է, որովհետեւ իւրաքանչիւր պահ կրնայ ներշնչում դառնալ։
«Ն. Ե. »- Որո՞նք են ներշնչմանդ աղբիւրները՝ դերասաննե՞ր, գրողնե՞ր, թէ հանդիսատեսին հասնելու ձգտում։
Մ. Գ. – Ներշնչման աղբիւրներս չեն սահմանափակուիր միայն հանրայայտ դերասաններով կամ գրողներով, թէեւ անոնք մեծ ազդեցութիւն ունին վրաս։ Անկեղծօրէն ըսեմ, ամէնէն ուժեղ ներշնչումը յաճախ կու գայ շատ պարզ դէպքերէ. օրինակ՝ երբ տեսնեմ տարեց մարդ մը, նստած լուռ, աչքերուն մէջ պատմութեան մը արտացոլանքը… կամ երբ լսեմ մէկու մը դողդղացող ձայնը, այդ պահերը շատ ազդեցիկ կը դառնան եւ կը յիշեցնեն, որ արուեստը ծնունդ կ’առնէ առօրեայ, պարզ կեանքէն։
Անշուշտ միեւնոյն ատեն կայ ցանկութիւնը հանդիսատեսին հասնելու։ Երբ բեմին վրայ իմ կատարածը կրնայ դպչիլ անոր սրտին ու հոգիին, մեծ գոհունակութիւն կը զգամ։
Ներշնչումս կու գայ երեք տեղէ միաժամանակ՝ արուեստէն, կեանքէն եւ հանդիսատեսին հետ կապ հաստատելու խոր ցանկութենէն։
«Ն. Ե. »- Հայրենի դերասան Մհեր Մկրտիչեան ըսած է. «Դերասանական արուեստի ամենամեծ գործիքը աչքերն են, աչքերը»։ Համաձա՞յն ես։ Ի՞նչ կ’աւելցնես։
Մ. Գ. – Այո՛, լիովին համաձայն եմ ըսածին։ Աչքերը դերասանին անկեղծ արտայայտութիւնն են, որովհետեւ անոնք չեն կրնար ստել։ Կրնաս բառերով բան մը ըսել, բայց եթէ աչքերդ հաւատք չեն արտայայտեր, հանդիսատեսը անմիջապէս կը զգայ ատիկա։
Շատ անգամ, երբ դերասան մը լուռ է, բայց աչքերուն մէջ կը տեսնենք վախ, սէր կամ ցաւ, անոնք աւելի ազդեցիկ կ’ըլլան, քան երկար մենախօսութիւն մը։
Կ’ուզեմ նաեւ աւելցնել, որ դերասանին մէկ այլ կարեւոր դերը «լռութիւնն» է։ Այսօր շատ խօսուն աշխարհի մը մէջ կ’ապրինք, բայց բեմին վրայ երբ դերասանը կը համարձակի լռել ու ինքզինք փաստել, պահը կը դառնայ աւելի ճշմարիտ։
Երբ աչքերը եւ լռութիւնը միասին կը գործեն, այն ատեն կը ստեղծուի թատրոնին կախարդանքը։
Հարցազրոյցը վարեց Լոռի Մաթոսեան