Կրնա՞ք երեւակայել, թէ գիրք մը ինչպէ՛ս կրնայ մարդ արարածին կեանքը լուսաւորել։
Օրին մէկը «Թռչող Գիրքեր» խորագրով տեսերիզ մը կը դիտէի։ Տեսերիզը կը պատմէր, թէ մարդ մը երբ նստած գիրք կ’ընթերցէր, յանկարծ փոթորիկ մը կը սուրայ ու զինք ուրիշ վայր մը կը փոխադրէ։ Այնպիսի օտար վայր մը, որ կարծէք կու լար իր սեւ ու սպիտակ գոյներով։ Այնտեղ, յանկարծ աղջնակ մը կը յայտնուի իր գունաւոր գիրքերով եւ անոնցմէ մէկը կու տայ մարդուն։ Այդ գիրքը մարդը կ’առաջնորդէ մեծ գրադարան մը, որ նոր ու հին գիրքերով լեցուն էր։ Մարդը այնտեղ գտնուող բոլոր գիրքերը կարդալէ ետք կը գտնէ շատ հին հատ մը, որ արդէն պատռտած էր։ Ան գիրքը կը վերանորոգէ,
կը կարդայ եւ աւելի իմաստուն կը դառնայ։ Այդ փորձառութենէն ետք, կ’որոշէ իր շուրջը գտնուողներուն գիրք նուիրել, որպէսզի իրենք եւս զարգանան։
Քանի մը տարի ետք, կը սկսի գիրք գրել, որպէսզի իր մահէն ետք մարդիկ օգտուին գրածներէն, այնպէս ինչպէս ինք օգտուած էր այլ հեղինակներու գրութիւններէն։ Երբ գիրքը աւարտին կը հասցնէ, արդէն
կը ծերանայ ու ալեհեր կը դառնայ։
Այս կը նշանակէ, որ մարդ ինչքան ալ մեծնայ, տակաւին նոր բաներ սորվելու եւ ստեղծելու կարողութիւն կ’ունենայ։
Այս տեսերիզէն սորվեցայ, որ մարդ որքան կարդայ, այնքան իր միտքն ու կեանքը կը լուսաւորէ. եւ իր արժէքը կը բարձրացնէ իր շրջապատին մէջ։
Իսկ դուք ի՞նչ սորվեցաք այս տեսերիզին հրամցուցած նիւթէն…։
Մեղրիկ Ղազէլեան
Համազգայինի Շարադրութեան Դասընթացքի Մասնակից