Սփիւռքի մէջ չկայ հայ տուն, որ հողի մը յիշատակը չունի իր մէջ։ Այդ տուներուն մէջ կը գտնես անցեալի գեղեցիկ պատմութիւններ, պատմական Հայաստանի քաղցր յուշեր։
Թէեւ առիթ չեմ ունեցած այցելելու Սասուն, սակայն կեանքի նպատակներէս մէկն է գեղեցիկ Սասունը տեսնելը։
Սասունը նշանաւոր է իր Սասնայ պարով, այս պարերուն ընդմէջէն սասունցին կ’արտայայտէ իր հերոսական ոգին։ Սասունը յայտնի է նաեւ իր քաջարի պայքարով։ Սասունցիները երկար ժամանակ պաշտպանած են իրենց հայրենի հողը։
Սասունը հարուստ է ժողովրդական երգերով, պարերով, աւանդութիւններով ու առածներով։ Այդ առածներէն ամէնէն շատ կը սիրեմ հետեւեալները՝ «Սասունցին լեռը լեռով կը չափէ» եւ «Սասունցին լեռը կը սիրէ, ձորը կ’արհամարհէ»։ Անոնք կը նկարագրեն սասունցիներուս անսահման համարձակութիւնն ու տոկունութիւնը, նաեւ կապը մեր սիգապանծ լեռներուն հետ։ Սասունի առածները յաճախ կապուած են «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազնավէպին հետ։
Սասունը նշանաւոր է իր համեղ մսաշոթով։ Մօրս պատրաստած մսաշոթը երբ կ’ուտենք, ոչ միայն անոր համն ու հոտը կը վայելենք, այլեւ՝ կը վերակենդանացնենք Սասնոյ հետ  կապուած շարք մը յիշատակներ։
Սասունցիները յայտնի են իրենց քաջութեամբ, ազատասիրութեամբ եւ յամառութեամբ։ Սասունը ունի հպարտ ու բարձր լեռներ, որոնց լռութիւնը աղօթք է կարծէք։
Սասունցիները կ’ապրին իրենց հայրենի յուշերով։ Սասունցիներէս շատեր կը խօսինք մեր բարբառով, կ’երգենք մեր երգերը եւ կը պարենք մեր պարերը։ Մէկ խօսքով Սասունը կ’ապրի մեզմէ շատերու տան մէջ։
Լորէն Յովհաննէսեան
Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան
ԺԲ.  կարգ