ՏԵՂԱԿԱՆ
 -Սուրիոյ Պասքեթի Դաշնութիւնը անցեալ շաբթուան ընթացքին հրապարակեց աղջկանց մինչեւ 18 տարեկան հաւաքականի ցանկը։ Խումբը Լիբանանի մէջ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեանութեան մրցումներուն: Մարզիչութեան կազմին մէջ որպէս փոխմարզիչ իր տեղը ունեցաւ վաստակաշատ Մակի Տօնապետեան:
-Սուրիոյ պասքեթի ախոյեանութեան աւարտական վեցեակի մրցումներու շրջագիծէն ներս, Հալէպի Ահլին 82-71 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ Դամասկոսի Ուահտէ խումբէն, իսկ Համայի մէջ Նաուաիր 77-91 արդիւնքով յաղթեց Հոմս ալ-Ֆիտաաին: Աւարտական վեցեակի երրորդ փուլի մրցումներուն, Ուահտէն դարձեալ Հալէպի մէջ յաղթեց աշ-Շապիպէ խումբին՝ 83 -74 արդիւնքով:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ 
ԿՈՌ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ ՅԱՂԹԵՑ ԱԶԵՐԻԻՆ 
ԵՒ ԴԱՐՁԱՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆ
Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած Սամպոյի Եւրոպայի առաջնութեան մրցումային երկրորդ օրը 88 քկ. ծանրութիւն ունեցող Կոռ Յարութիւնեան յաղթեց ազերի մարզիկին եւ դարձաւ Սամպոյի Եւրոպայի ախոյեան: Լեոնիտ Մելիքեանն ալ դարձաւ Սամպոյի Եւրոպայի փոխախոյեան։ Մինչ այդ 58 քկ. ծանրութիւն ունեցող Կարէն Սարգսեան դարձած էր Եւրոպայի ախոյեան, 64 քկ.՝ Մայիս Ներսէսեան՝ Եւրոպայի փոխախոյեան, իսկ 79 քկ. ծանրութեան կարգին, պրոնզէ մետալի արժանացաւ Գէորգ Ազատեան:
ՀԱՅ ԲՌՆՑՔԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ 
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԵՐՈՒՆ
Հայ բռնցքամարտիկները վերջերս իրենց մասնակցութիւնը բերին Լաթվիոյ եւ Սերպիոյ մէջ միաժամանակ տեղի ունեցած երկու տարբեր միջազգային մրցաշարքերու։ Այս մասին յայտարարեց Հայաստանի Բռնցքամարտի Դաշնութիւնը: Լաթվիոյ Կաունա քաղաքի Ալկիրտաս Շոչիկոյի անուան միջազգային մրցաշարքին, Հայաստան ունեցաւ 6 մասնակից: Միջազգային մրցաշարքին հանդէս եկաւ 13 երկիր: Հայաստանի հաւաքականը եւս 6 բռնցքամարտիկով միեւնոյն ատեն իր մասնակցութիւնը բերաւ Սերպիոյ մայրաքաղաքի մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքին:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ՉԱՒԻ ԱԼՈՆՍՈ ՉԵԼՍԻԻ ՄԱՐԶԻՉ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ
Պայերն Լիվըրքուզէնի եւ Ռէալ Մատրիտի նախկին մարզիչ, սպանացի Չաւի Ալոնսո նշանակուեցաւ Անգլիոյ Չելսի ակումբի մարզիչ: Ալոնսո 1 Յուլիսէն սկսեալ պիտի վարէ աշխարհի ակումբային ախոյեան Լոնտոնի Չելսիի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը: Ըստ անգլիական մամուլին, անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է չորս տարուան համար: 44-ամեայ մասնագէտին պիտի վստահուի ոչ միայն մարզիչութեան պաշտօն, ան պատասխանատու պիտի ըլլայ նաեւ որոշելու կազմի բոլոր խաղացողներն ու իր օգնական կազմը: Աւելցնենք, որ Ալոնսո Յունուարին հեռացուեցաւ Սպանիոյ Ռէալ Մատրիտի մարզիչութեան պաշտօնէն:
Ռաֆֆի Սիւլահեան