Սասունը մեր հայրենիքի ամենագեղեցիկ գաւառներէն մէկն է։ Երբ Սասուն անունը լսեմ, կը յիշեմ մեր ազգային պատմութիւնները ու մեր դարաւոր մշակոյթը։
Սասուցիները իրենց աննկարագրելի քաջութեամբ եւ հազարամեայ աւանդութիւններով շատ բան կը սորվեցնեն մեզի։
Սասունը նշանաւոր է իր համեղ ճաշերով, ինչպէս՝ խորովածը, տոլման եւ մսաշոթը, որոնք կը պատրաստուին սիրով ու ջերմութեամբ։
Նշանաւոր են նաեւ Սասնայ պարերը, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր շարժումներով պատմութիւն մը կը պատմէ։ Այդ պարերէն ինծի ծանօթ են՝ Քոչարին, Եարխուշտան եւ Շալախոն։ Այս բոլորը մեր մշակոյթի անբաժան մասնիկն են։
Միշտ կը մտածեմ Սասունի մասին, իմ հայրենիքի ամենասիրելի գաւառը։
Յոյսով եմ, որ պիտի երթամ Սասուն, պիտի վայելեմ անոր գեղեցկութիւնը եւ վերադառնամ արմատներուս։
Միշտ հպարտ կը զգամ Սասունի զաւակ ըլլալով, այս հոգեւոր ժառանգութիւնը անփոխարինելի է։
Սելինա Երէցեան
Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան
ԺԲ. կարգ