ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ
ՈՒ ԻՐԱՒԱՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄԵՐԸ
Հեթանոսական ժամանակներէն հայերուն մօտ կինը կը համարուէր ընտանիքին հիմքը: Այս մասին մեզի հասած են վկայութիւններ, բանաստեղծական պատառիկներ ու պատմական հատուկենտ վկայութիւններ:
Հայ պատմիչ Ագաթանգեղոսի վկայութեամբ՝ նախաքրիստոնէական շրջանին հայ կինը համարած են՝ «մայր աղբիւր», «կենսատու», «շունչ եւ կեանք»:
Հեթանոսական դիցարանի մէջ կարեւոր դեր էին խաղցած՝ Անահիտ, Աստղիկ եւ Նանէ աստուածները:
Քրիստոնէութեան մուտքէն ետք, կնոջ կերպարը ներկայացած է Աստուածամօր օրինակով: Շատերու կարծիքով՝ Աստուածամօր կերպարը Անահիտի վերափոխուած կերպարն է:
Չորրորդ դարէն սկսեալ՝ հին հայկական իրաւական փաստաթուղթերուն մէջ շարունակ շեշտուած է կանանց ու տղամարդկանց իրաւունքներու հաւասարութիւնը:
Նման դրոյթներ կան ե՛ւ եկեղեցական ե՛ւ աշխարհիկ փաստաթուղթերու մէջ:
Կնոջ եւ տղամարդու իրաւահաւասարութեան մասին նշում կայ Աշտիշատի կանոններուն մէջ (4-րդ դար), Շահապիւանի կանոններուն մէջ (5 դար) եւ Դաւիթ Ալաւկաորդիի կանոններուն մէջ (12-րդ դար):
Սակայն առաւել ընդգրկուն բնոյթ կրած է միջնադարեան հայկական իրաւական մտքի ամենակարեւոր աշխատութիւնը՝ Մխիթար Գոշի «Հայոց Դատաստանագիրքը», ուր
կը նկարագրէ ընտանիքի մէջ տղամարդկանց ու կանանց դերը, հոն կը շեշտուի կնոջ կրթութիւն ստանալու կարեւորութիւնը:
«Կրթուած կանայք հասարակութեան համար գանձ են», գրած է Մխիթար Գոշ 12-րդ դարուն: Անոր «Դատաստանագիրքը» կը ներառէ դրոյթներ բռնի ամուսնութիւններու դէմ:
1773 թուականին կանանց եւ տղամարդկանց իրաւահաւասարութեան ձեւակերպումները տրուած են Շահամիր Շահամիրեանի «Որոգայթ Փառացում» գիրքին մէջ, որ յայտնի է որպէս հայկական առաջին սահմանադրութիւնը:
Կոստանդնուպոլսոյ «Ազգային Սահմանադրութիւն»-ը, որ ընդունուած է 1860-ին, իսկ վաւերացուած սուլթանին կողմէ 1863-ին, իր ներածութեան մէջ կ’ընդգրկէ կանանց շարք մը իրաւունքներ՝ տղամարդկանց հետ հաւասար կրթութիւն ստանալու, հասարակական եւ քաղաքական գործունէութիւն ծաւալելու եւ այլն:
Երկու տարուան կարճատեւ կեանք ունեցած Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը կանանց ընտրական՝ ընտրելու եւ ընտրուելու իրավունքով օժտած առաջին պետութիւններէն էր, նոյնիսկ աւելի առաջ, քան ԱՄՆ-ի կանայք, որոնք ստիպուած էին սպասել մինչեւ 1920՝ ընդունուած տասնիններորդ սահմանադրական փոփոխութիւնը: Առաջին Հանրապետութեան, Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն 8%-ը եղած են կանայք:
Այս իրաւունքները պարզապէս աշխարհին առջեւ նորարար դէմքով երեւելու նպատակով չէին կիրարկուած, այլ ծնունդ առած էին դարերու ընթացքին ձեւաւորուած հայկական իրաւական փաստաթուղթերու տրամադրութիւններէն։
1920 թուականին Ճափոնի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան նշանակուած է Տիկ. Տիանա Աբգար։ Աննախադէպ նշանակում մը ոչ միայն Արեւելքի, այլեւ Արեւմուտքի համար:
Առաջին Հանրապետութեան խորհրդարանի կին պատգամաւորներն էին՝
Պերճուհի Պարտիզպանեան-Բարսեղեան,
Կատարինէ Զալեան-Մանուկեան,
Վարվառա Սահակեան։
Երեքն ալ ՀՅԴ-ի շարքերէն:
Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան կարճատեւ գոյութեան ընթացքին կանանց ներգրաւուածութիւնը քաղաքական կեանքի մէջ եւ անոնց տրուած իրաւունքները կը վկայեն, որ Հայկական առաջին պետականութիւնը կառուցուած է ժամանակակից արժէքներու եւ իրաւահաւասարութեան հիմերու վրայ: