Անցնող կիսամեակին, Հալէպի համալսարանի տարբեր ճիւղերուն մէջ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջանաւարտներ Աննա Չալաքեան, Քարէն Գատեհճեան, Առէն Խրոյեան, Աննա Սաղպազարեան եւ Աբրահամ Աւընեան առաջնակարգ դիրքեր գրաւած են, իրենց լաւ աշխատանքին եւ կամքին շնորհիւ։ Այս առիթով «Գանձասար»-ի երիտասարդական խմբակի աշխատակիցներս հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցանք անոնց հետ՝ խրախուսելու անոնց աշխատանքն ու բաժնեկցելու անոնց ուրախութիւնը։
Առաջին հարցումը ուղղեցինք բժշկական համալսարանի ուսանող Քարէն Գատեհճեանին։
«Գանձասար»- Ինչո՞ւ ընտրեցիր բժշկական համալսարանը, ի՞նչ հեռանկարով։ Մարդիկ բուժելը մասնագիտական աշխատանք ըլլալու կողքին մարդասիրական գործ կը համարե՞ս։
Քարէն Գատեհճեան– Բժշկութիւնը կեանքիս մեծագոյն երազը եղած է։ Մանկութենէս նպատակ դրած եմ ամէն գնով բժիշկ ըլլալ, հեռանկարս է ուսմանս միջոցաւ ոչ միայն սովորական գործով զբաղիլ, այլեւ լումաս դնել մարդ արարածի կեանքը բարելաւելու՝ ժպիտ դրոշմելով հիւանդին եւ իր ընտանիքին դէմքերուն եւ 

իրենց երախտագիտութեամբ ամենամեծ վարձատրումը ստացած կ’ըլլամ։ Այլ առումով հետք ձգած կ’ըլլամ տեղական եւ համաշ-խարհային բժշկական ոլորտին մէջ՝ նոր մեթոտներ մշակելով։
Ըստ իս, մարդ բուժելը ո՛չ աշխատանք է, ոչ ալ ուսում, այլ՝ կոչում։ Բժշկել բառը երկնային բոլոր կրօնքներու սուրբ գիրքերուն մէջ յիշուած է, վկայուած որպէս ամենավսեմ գործը։ Ինչ երանելի է զգալ, թէ նախասիրած ոլորտդ Աստուծոյ աչքին հաճելի է, անոր պարգեւած կեանքին պահպանման կը ձգտի։
Առ այդ, անշուշտ ան մարդասիրական գործ է, զԱստուած սիրել մարդու ընդմէջէն, մասնագիտութեամբ մը, որ կը միացնէ երկրայինն ու երկնայինը։
Մեր երկրորդ հարցումը ուղղեցինք Ճարտարագիտութեան, յատկապէս մարդամեքենաներու պատրաստման ոլորտին մէջ Սուրիոյ մակարդակով նուաճումի հասած Աբրահամ Աւընեանին։
«Գանձասար»- Ի՞նչ փուլերէ անցար մինչեւ հասար բարձր մակարդակի, ինչպէ՞ս սկսան սէրդ ու հետաքրքրութիւնդ այս ճիւղին հանդէպ։
Աբրահամ Աւընեան– 7-րդ կարգի աշակերտ էի, երբ մասնակցեցայ Robotics-ի (մարդամեքենաներ պատրաստելու) դասընթացքի մը, որուն հետեւելով անդրադարձայ, որ սէր եւ հետաքրքրութիւն ունիմ այս ճիւղին հանդէպ։ Այս դասընթացքը մեծ դեր ունէր համալսարանական ճիւղիս ընտրութեան մէջ։ Շատ կ’ուրախանայի, երբ աշխատանքիս արդիւնքը կը տեսնէի։ 10-րդ դասարանիս մասնակցեցայ Սուրիոյ գիտական ողոմպիականին՝ համակարգչային գիտութիւններու ճիւղի մրցումին։ Այս մրցումին մասնակցելով բաւական նոր եւ կարեւոր տեղեկութիւններ սորվեցայ, գիտելիքներս հարստացուցի եւ մեծ փորձառութիւն շահեցայ։ Երբ համալսարանական դարձայ, արդէն այս ճիւղին մասին բաւական գիտելիք ունէի, այսպիսով առաջին տարին, որ դժուար փուլկը նկատուի, ինծի համար բաւական դիւրին եղաւ։
Իսկ բժշկական համալսարանի նախապատրաստական տարուան առաջնակարգ ուսանող Առէն Խրոյեանին հարցուցինք.
«Գանձասար»- Խօսէ՛ օրակարգիդ մասիդ։ Ինչպէ՞ս էր այս տարին քեզի համար։ Ի՞նչ ոլորտի մէջ կը նախընտրես մասնագիտանալ նախապատրաստական տարուընէ ետք եւ ինչո՞ւ։
Առէն Խրոյեան. Վստահ, որ օրերս ամբողջովին դաս ընելով չէի անցըներ։ Հակառակ ծանր տարեշրջան մը ըլլալուն, ունէի հանգիստի ժամ եւ այլ զբաղումներ…։ Կ’ուզեմ ըսել, որ կարեւորագոյն քայլը դասերը օրը օրին պատրաստելն է։ Այո՛, կային ծանր դասանիւթեր, բայց կային նաեւ այլ նիւթեր, զորս կը սիրէի փոքր տարիքէս.. Եթէ բաղդատութիւն մը ընեմ 12-րդ կարգի դասերուն հետ, կրնամ ըսել, որ բժշկականի նախապատրաստական տարուան ընթացքին ունինք նիւթեր, որոնք աւելի դժուար են քան 12-րդ կարգի դասերը, այլ բաժին մըն ալ կայ, որ աւելի դիւրին կրնանք համարել։Նախապատրաստականէն ետք
կը մտածեմ բժշկութեան ճիւղը շարունակել, որովհետեւ մանկութենէս սէր եւ հետաքրքրութիւն ունիմ այս ճիւղին հանդէպ։ Ինծի համար աղուոր զգացում է, երբ մարդիկ բուժելով՝ անոնց օգտակար կը դառնամ։
Այլ հարցում մը ուղղեցինք Ատամնաբուժական համալսարանի առաջնակարգ ուսանող Աննա Սաղպազարեանին։
«Գանձասար»- Ի՞նչ են զգացումներդ առաջնակարգ դիրքի հասնելէդ ետք։ Այս դիրքը նոր պատասխանատուութիւն կ’ենթադրէ՞։ Դասագիրքերէդ բացի այլ աղբիւրներէ կ’օգտուի՞ս գիտելիքներդ հարստացնելու համար։
Աննա Սաղպազարեան– Նախ փառք կու տամ Աստուծոյ այս շնորհքին համար եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ծնողքիս, որ միշտ կողքիս էր։ Շատ մեծ ուրախութիւն էր ինծի համար առաջնակարգ դիրք գրաւելը։ Դպրոցական տարիներուս ալ նման դիրքիկը հասնէի, սակայն համալսարանական ասպարէզին մէջ տարբեր ուրախութիւն է այս յառաջընթացը։ Երբ այս լուրը ստացայ շատ խանդավառուեցայ եւ հպարտութիւն զգացի բեմին վրայ պարգեւատրուելուս պահուն, որովհետեւ պարգեւատրուող միակ հայ աշակերտն էի այլ ազգերու բոլոր աշակերտներուն մէջ։
Այս դիրքը անկասկած նոր պատասխանատուութիւն կ’ենթադրէ, որովհետեւ երբ լեռան գագաթը կը հասնինք, պէտք է այդ գագաթին վրայ մնանք եւ շարունակենք աշխատիլ նոյն թափով։ Տարուէ տարի մեր մասնագիտական, այսինքն՝ ատամնաբուժական աշխատանքը մեզմէ շատ աւելի մեծ պատասխանատուութիւն կը պահանջէ։
Մեր դասագիրքերը մեր հիմնական կորիզն են, մեր գիտելիքներու գլխաւոր աղբիւրը, բայց եթէ յաջողակ կ’ուզես ըլլալ, մանաւանդ բժշկական ծիրէն ներս, նկատի ունենալով, որ մարդ արարածին հետ է մեր գործը, պէտք է դասագիրքերէն բացի ուրիշ աղբիւրներէ ալ օգտուիս, ինչպէս կ’ընեմ անձամբ՝ գիտելիքներս հարստացնելու նպատակով։
Մեր վերջին հարցումով դիմեցինք դեղագործութեան համալսարանի առաջնակարգ ուսանող Աննա Չալաքեանին.
«Գանձասար»- Ի՞նչ դժուարութիւններ յաղթահարեցիր եւ ինչպիսի՞ մարտահրաւէրներու հանդիպեցար ուսման այս տարիներուդ ընթացքին։
Աննա Չալաքեան– Իբրեւ սուրիահայ ուսանող բոլոր ուսանողներուն նման հանդիպեցայ եւ տակաւին կը հանդիպիմ շատ մը դժուարութիւններու համալսարանական կեանքիս մէջ, սկսեալ անապահովութենէն եւ Սուրիոյ տնտեսական դժուար վիճակէն, հասնելով անյստակ ապագայի մտահոգութեան։ Ի մասնաւորի ինծի համար դժուար եղաւ ուսանելու, միաժամանակ աշխատելու հեւքը։ Համալսարանական երկար օրէ մը ետք, հարկ էր կորով ունենալ՝ դաս բացատրելու եւ գիտելիք փոխանցելու աշակերտներուս։ Այստեղ ըմբռնեցի, որ ուսուցչութիւնը որքան նուիրում կը պահանջէ։ Այս դժուարութիւնը յաղթահարելով ինքնավստահութիւնս կրկնապատկուեցաւ, նպատակիս ընդառաջ երթալ սորվեցայ։Հարցազրոյցը վարեցին՝
Եսթեր Կիւլտալեան
Նանոր Լախոյեան
Յակոբ Քիւրքճեան