Կան քաղաքներ, որոնք գոյութիւն ունին քարտէզի վրայ եւ կան ուրիշներ, որոնք գոյութիւն ունին մեր յիշատակներուն մէջ։ Այն քաղաքները, ուր մեր նախահայրերը ապրած են եւ զանոնք տուն ու հայրենիք կոչած, այսօր կը յիշուին որպէս պատմութիւն, որպէս սովորութիւններ եւ աւանդութիւններ, որոնք կը պահեն մեր ինքնութիւնը։ Մեր ծնողները տարբեր ձեւերով պահեցին մեր հողերուն յիշատակները՝ պատմութիւններով, երգերով, ճաշերով եւ առածներով։ Այս մանրամասնութիւններով մենք գծեցինք մեր գաւառներուն քարտէզը եւ փոխանցեցինք սերունդէ սերունդ։ Այն տեղերը, զորս մենք բնաւ չենք տեսած, ծանօթացանք մեր ծնողներէն լսած պատմութիւններու եւ երբեմն նոյնիսկ մեր պրպտումներով։
Ամէն հայու տան մէջ անցեալը յիշեցնող նուազագոյնը յիշատակ մը կը գտնուի։ Հակառակ որ մեր հողերէն հեռու ենք եւ դժուար է անոնց հասնիլը, անոնք ներկայ են իւրաքանչիւրիս տան մէջ։ Մենք տեղահանուած ենք մեր հողերէն մարմնապէս եւ ոչ հոգեպէս, կը շարունակենք պահել մեր ինքնութիւնը եւ մեր արմատները պեղելով՝ պատմութիւնը կը փոխանցենք յաջորդող սերունդներուն։
Բարտի Արոյեան
Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան, ԺԲ. կարգ