ՏԵՂԱԿԱՆ
– Սուրիոյ Պասքեթի Դաշնութիւնը Հալէպի մէջ Ահլի եւ Քարամէ խումբերուն միջեւ տեղի ունեցած մրցումէն ետք, երկու ակումբներուն նկատմամբ հրապարակեց պատժական տնօրինումներ: Հալէպի Ահլի ակումբը երկու մրցումով զրկեց ժողովուրդի ներկա-յութենէն, ինչպէս նաեւ տուգանեց զայն քսան միլիոն ս.ո.-ով։ Պատճառը խումբի համակիրներուն ջուրի շիշեր դաշտ նետելն էր։ Խումբի լիբանանցի մարզիչ Ժատ ալ-Հաճ եւս կախակայուեցաւ երկու մրցումով, տուգանուեցաւ տասը միլիոն ս.ո.-ով: Դաշնութիւնը երկու մրցումով կախակայեց նաեւ Քարամէի ամերիկացի խաղացող Մայքըլ Տաքսընը, զինք տուգանելով տասը միլիոն ս.ո.-ով:
-Սուրիոյ պասքեթի ախոյեանութեան մրցումներուն, Հալէպի Ահլին 84-93 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Քարամէն: Համայի մէջ Նաուաիրը հիւրընկալեց Ճալաաը եւ յաղթեց անոր 82-67 արդիւնքով:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ՀՄԸՄ-ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՊԱՍՔԵԹԻ ԽՈՒՄԲԸ 
ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ 
Երկար ընդհատումէ ետք, կրկին ընթացք առաւ Լիբանանի պասքեթի տղոց ախոյեանութիւնը: ՀՄԸՄ իր մարզա-դաշտին մէջ հիւրընկալեց ախոյեան Ռիատը։ Ուժեղ պայքարէ ետք, ՀՄԸՄ կրցաւ 125-126 արդիւնքով պարտութեան մատնել մրցակիցը: Մրցումի տեւողութեան խումբերը փոխն ի փոխ տիրապետեցին արդիւնքին եւ յաղթանակը փոխարինուեցաւ անոնց միջեւ: Հիմնական ժամանակաշրջանը հաւասար աւարտելով, կազմերը դիմեցին յաւելեալ ժամանակաշրջանի խաղարկութեան։ Վերջին երկվայրկեանին, Ազիզ Ապտուլ Մասիհի հեռաւոր երեք կէտերու հարուածով, յաղթանակը եղաւ ՀՄԸՄ-ին:
Յայտնենք նաեւ, որ ՀՄԸՄ-ին միացաւ 235 սմ. հասակ ունեցող եգիպտացի  Համատ Ֆաթհին:
ԿՈՒԱՐՏԻՈԼԱ ՀԵՌԱՑԱՒ ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ՍԻԹԻԷՆ 
Փեփ Կուարտիոլա հեռացաւ Մանչեսթըր Սիթիի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնէն: Անգլիական ակումբը սպանացի մասնագէտին հեռանալը պաշտօնապէս յայտարարեց իր կայքէջով: «Մի՛ հարցնէք հեռանալուս պատճառները։ Յստակ պատճառ չկայ, բայց հիմա յարմար ժամանակն է։ Ոչինչ յաւերժ է։ Յաւերժ կը մնան միայն այն զգացումները, մարդիկ եւ լաւ յիշատակները, զորս շահած եմ Մանչեսթըր Սիթիի հետ խաղի տարիներուս», ըսաւ Կուարտիոլա՝ Անգլիոյ մամլոյ ծառայութեան համաձայն։ Կուարտիոլա մանչեսթըրեան ակումբը կը գլխաւորէ Յուլիս 2016-էն ի վեր։ Անցնող 10 տարիներուն ընթացքին խումբը անոր գլխաւորութեամբ նուաճած է 20 տիտղոս։ 6 անգամ դարձած է Անգլիոյ ախոյեան, յաղթած է Չեմփիընզ Լիկին, արժանացած է ՈւԵՖԱ-ի սուփըր գաւաթին եւ Ակումբային աշխարհի առաջնութեան։ Բացի ատկէ, խումբը նուաճած է Անգլիոյ 3 գաւաթ, Անգլիական Լիկի 5 գաւաթ եւ երկրի 3 սուփըր գաւաթ։