Month: August 2025

ՆԱԽԱՐԱՐ ՊԱՐՆԻԷ. «ԱՄՆ ՎԱՐՉԱԿԱԶՄԻՆ ԳՈՅԱՑՈՒՑԱԾ ԶՈՅԳ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐԸ ԴՐԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՆ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆԱԲԱԵՐՈՒԹԵԱՆ, ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ ԵՒ ԴՐԱՄԱՏՆԱՅԻՆ ՈԼՈՐՏՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ»

Սուրիոյ ելեւմուտքի նախարար Մուհամմետ Եըսըր Պարնիէ հաստատեց, որ Սուրիոյ դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու չեղարկման մասին ԱՄՆ վարչակազմի զոյգ քայլերը կարեւոր են եւ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենան սուրիական արդիւնաբերութեան, ելեւմուտքի եւ դրամատնային…

ՆԱԽԱԳԱՀ ՇԱՐԱԱ ՀՈՄՍԻ ՄԷՋ ՆԵՐԴՐՈՒՄԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԻ ՄԸ ՀԻՄՆԱՔԱՐԸ ԴՐԱՒ

Ուրբաթ, 29 Օգոստոս 2025-ին, Սուրիոյ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաա այցելեց Հոմս, ուր հանդիպում ունեցաւ նահանգի պատասխանատու կողմերուն հետ, շեշտելով Սուրիոյ պետութեան նախանձախնդրութիւնը իր զաւակներուն հետ ուղղակի հաղորդակցելու՝ իրազեկ դառնալու անոնց հարցերուն:…

ԶԱԽԱՐՈՎԱ․« ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ ԽԱՂԱՂ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑՆԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ՀԱՇՈՒԻ ԱՌՆԵՆ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻ ԲՈԼՈՐ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ Ե ԱՆՈՆՑ ԴՐԱՑԻՆԵՐՈՒ ՇԱՀԵՐԸ»

Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ՝ 2020-2022 թուականներուն ձեռք բերուած եռակողմ համաձայնութիւնները, որոնք կը վերաբերին Հարաւային Կովկասի մէջ բոլոր հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման, կը շարունակեն արդիական մնալ։ Այս յայտարարութիւնը կատարած է Ռուսիոյ Արտաքին…

ՄԱԿԸ 17 ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԻՋԱՅԳԱՅԻՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ

ՄԱԿ-ը Դամասկոսի միջազգային 62-րդ ցուցահանդէսին մասնակցեցաւ Սուրիոյ մէջ գործող 17 միջազգային իր կազմակերպութիւններով։ ՄԱԿ-ի մարդկային հարցերու գրասենեակի մամլոյ պատասխանատու Թամիմ Ալիան ըսաւ, ՄԱԿ-ի մասնակցութիւնը երկար տարիներու բացակայութենէն ետք ողջունելի երեւոյթ…

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՄԱԿԱՐ ԱՐՔ. ԱՇԳԱՐԵԱՆԻ «ԴԱՒԻԹ ՄԱՐԳԱՐԷԻՆ ՍԱՂՄՈՍՆԵՐԸ. 19-34 – ԲԱՑԱՏՐՈՂԱԿԱՆ ՓՈՐՁ ՄԸ» Բ. ՀԱՏՈՐԸ

Հրամանաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Հինգբաթի օր, Հալէպի «Ոսկետառ» տպարանէն լոյս տեսաւ Մակար Արք. Աշգարեանի «Դաւիթ Մարգարէին Սաղմոսները. 19-34 – Բացատրողական Փորձ Մը» գիրքին…

ՄԱՐԶԱԿԱՆ՝ ՕԳՈՍՏՈՍ Դ./2025

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՅՈՒՆԱՀՌՈՄԷԱԿԱՆ ՈՃԻ ԸՄԲԻՇ ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ՝ ՈՍԿԵԱՅ ՄԵՏԱԼԱԿԻՐ ՅունահռոմԷական ոճի ըմբիշ Գասպար ՏէրտԷրեան (72 քկ.) ոսկի մետալ նուաճեց Պուլկարիոյ մէջ ընթացող աշխարհի մինչեւ 20 տարեկաններու առաջնութեան: Այս մասին տեղեկութիւն տարածեց…

ԽՃԱՆԿԱՐ՝ ՕԳՈՍՏՈՍ Դ./2025

Խորհուրդներ Տանտիկնոջ Ա) Նոր հագուստը անմիջապէս պէտք չէ հագնիլ Շատերու համար նոր հագուստ գնելը հաճոյք է, իսկ անմիջապէս հագնիլը՝ գրաւիչ։ Սակայն մասնագէտներ կը թելադրեն նոր հագուստը հագնելէ առաջ լուալ, որպէսզի…

ՀԱԼԷՊԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆԸ՝ ՀԱՅ ՎԱՃԱՌԱԿԱՆԻՆ ԵՒ ԱՐՀԵՍՏԱՒՈՐԻՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

Երրորդ հազարամեակին, Եփրատի ափերուն հանրածանօթ էր Մարիի թագաւորութիւնը, որպէս առեւտրական հանգոյց արեւելքէն սոմարական ժողովուրդներու եւ արեւմուտքէն փիւնիկեցի ժողովուրդներու միջեւ, Հալէպի «Եմհատ» միջանցքով: Այս թագաւորութեան հարուստ գրադարանի սալիկներէն կը տեղեկանանք հայերու…

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ  ԿԸ ՎԵՐԱՊՐԵՑՆԷ ՀԱԼԷՊԻ ՆՈՐ ԳԻՒՂԸ

Նոր Գիւղը Հալէպի ամէնէն հայախիտ ու հայահոծ թաղամասն էր։ Անցեալ ժամանակով խօսեցանք, «թաղամասն էր» ըսինք, որովհետեւ այսօր այդպէս չէ, երբե՛ք։ Հալէպի հնգամեայ արիւնալի պատերազմն ու անոր հետեւանքով ծայր տուած գաղթի…

Կ’ՈՒՂՂՈՒԻՆՔ ԴԷՊԻ ԱՊԱԳԱՅ

Ապրումներով շաղախուած շա՜տ-շատ յիշատակներ արձանագրած եմ թուղթերու վրայ։ Թուղթեր, որոնք արտացոլած են Ճեմարանէն ներս անցուցած վեց տարուան, մասնաւորապէս աւարտական դասարանի վերջին օրերու անմոռանալի զգացումներս։ Տարիներ շարունակ մտերմացած եմ Ճեմարանի վիթխարի…