– Սուրիոյ պասքեթի տղոց ախոյեանութեան աւարտական վեցեակի մրցումներուն, Հալէպի Ահլին 78-73 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նաուաիրը, իսկ Ուահտէն յաղթեց Քարամէին 92-85 արդիւնքով: Հալէպի աշ-Շապիպան շարունակելով իր ձախող արդիւնքները պարտութիւն մը եւս արձանագրեց՝ այս անգամ Հոմսի Ֆիտաա խումբէն՝ 105-99 արդիւնքով:
Աւելցնենք, որ աւարտական վեցեակի մրցումներուն մնաց միայն մէկ փուլ, որմէ ետք տեղի պիտի ունենայ աւարտական քառեակի փուլը:
– Սուրիոյ ֆութպոլի առաջին դասակարգի մրցումներուն, Հալէպի Ահլին 5-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Շուուլան, իսկ Հոմսի ալ- Ֆիտաա խումբը 2-1 արդիւնքով յաղթեց Ուահտէին:
Յիշենք, որ Ահլին մնաց աղիւսակի առաջին դիրքին վրայ, երեք կէտերու տարբերութեամբ իրեն յաջորդեց Հոմսի ալ-Ֆիտաաը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
Պուտափեշտի մէջ տեղի ունեցած Չեմփիընզ լիկի եզրափակիչ հանդիպումին, 11-մեթրի հարուածներով Փարիզ Սան Ժերման յաղթեց Լոնտոնի Արսենալին։ Փարիզեան ակումբը անընդմէջ երկրորդ անգամն է որ կը տիրանայ սոյն ախոյեանութեան: Հանդիպման հիմնական եւ լրացուցիչ ժամա-նակները աւարտեցան 1 – 1 արդիւնքով, իսկ ետքը 11-մեթրի հարուածներով Լուիս Էնրիքէի խումբը յաղթեց 4 – 3 արդիւնքով:
6-րդ վայրկեանին, Արսենալի գերմանացի յարձակող Քայ Հաւերց նշանակեց Արսենալի կոլը՝ առաջ մղելով խումբը: 65-րդ վայրկեանին, փարիզեան ակումբը տուգանային հարուածով նշանակեց հաւասարութեան կոլը՝ Օսման Տեմպելէի հարուածով:
Անգլիական Լիվըրփուլի մամլոյ ծառայութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց գլխաւոր մարզիչ Առնէ Սլոթի հետ իր գործակցութեան դադրեցումը: Հոլանտացի մասնագէտը լոնտոնեան ակումբը կը գլխաւորէր Յունիս 2024-էն։ Ան իր նորամուտի մրցաշրջանին խումբին հետ տիրացաւ Անգլիոյ ախոյեանութեան՝ նուաճելով ակումբի պատմութեան 20-րդ տիտղոսը, սակայն 2025/26 մրցաշրջանի արդիւնքներով կարմիրները Անգլիոյ Փրեմիէր Լիկին գրաւեցին 5-րդ հորիզոնականը։ Լիվըրփուլի սեփականատէրերը հանդէս եկան միատեղ յայտա-րարութեամբ՝ ընդգծելով, որ որոշումը իրենց համար չափազանց բարդ եղած է, եւ թէ շնորհակալ են Սլոթի հսկայ աշխատանքին համար։ Ինչ կը վերաբերի խումբի նոր գլխաւոր մարզիչին, ըստ յայտնի մարզական լրատու Ֆապրիցիո Ռոմանոյի տեղեկութիւններուն, գլխաւոր մարզիչի պաշտօնի հիմնական յաւակնորդն է սպանացի մասնագէտ Անթոնի Իրաոլան:
Ռաֆֆի Սիւլահեան


