Month: April 2025

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԴԵՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ԲԱՆԱՅ ՕՄԱՆԻ ՍՈՒԼԹԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ. ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՍՏԱՏԵՑ ՀԱՄԱՊԱՏԱՍԽԱՆ ՆԱԽԱԳԻԾԸ

Հայաստանի կառավարութիւնը 30 Ապրիլի նիստին ընդունած է որոշում Օմանի Սուլթանութեան մայրաքաղաք Մասքաթի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն հիմնելու մասին։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդումին համաձայն, որոշումին նպատակն է ամրապնդել Հայաստանի եւ Օմանի միջեւ քաղաքական,…

ՍՈՒՐԻՈՅ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ. «ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇԵՐՈՒ ԴԷՄ ՈՐԵՒԷ ՈՏՆՁԳՈՒԹԵԱՆ ՊԻՏԻ ՉԱՐՏՕՆԵՆՔ»

Վերջերս առցանց հարթակի վրայ տարածուեցաւ Մուհամմետ մարգարէին դէմ ուղղուած նախատինքի մասին տեղեկութիւններ, որոնց լոյսին տակ, Սուրիոյ Կրօնական Կալուածներու Նախարարութիւնը յայտնեց, թէ մօտէն կը հետեւի այս հարցին` մեկնելով սրբատեղիներու եւ կրօնական…

ՍՈՒՐԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԻՒՆ. «ԿՏՐԱԿԱՆԱՊԷՍ ԿԸ ՄԵՐԺԵՆՔ ՍՈՒՐԻՈՅ ԲԱԺԱՆՄԱՆ ՓՈՐՁԵՐԸ ԿԱՄ ԻՆՔՆԱԿԱՌԱՎԱՐՄԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏԱԿ ԽՄԲԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ»

Սուրիոյ նախագահութեան պաշտօնական կայքը յայտարարութիւն մը հրապարակեց «ՔԱՍԱՏ»-ի ղեկավարութեան հետ ստորագրուած համաձայնութեան եւ գետնի վրայ արձանագրուող զարգացումներուն շուրջ։ Նախագահութեան հաղորդագրութեան մէջ յիշուեցաւ. «Նախագահ Ահմետ աշ-Շարաայի եւ ՔԱՍԱՏ-ի ղեկավարութեան միջեւ ստորագրուած…

ՆԱԽԱՐԱՐ ԱՇ-ՇԱՅՊԱՆԻ ՆԸՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻ ՄԱԿ-Ի ԸՆԴՀ. ՔԱՐՏՈՒՂԱՐ ԱՆԹՈՆԻՈ ԿՈՒՏԵՐԷՇԻՆ

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ աշ-Շայպանի Երեքշաբթի, 29 Ապրիլին, Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհ. քարտուղար Անթոնիո Կուտերէշի հետ։ Ընդհ. քարտուղարը հաւաստիացուց, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ…

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ «ՄԻ՛ ՈՒՐԱՆԱՐ» ԿԱՐԳԱԽՕՍՈՎ ՋԱՀԵՐԹ`ԴԷՊԻ ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴ

23 Ապրիլին` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակի նախօրէին, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակէն սկսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւններուն նախաձեռնած աւանդական ջահերով երթը, որ այս տարի «Մի՛ ուրացիր. զա՛րկ, երբ հալածում…

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԻ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ

Շաբաթ, 26 Ապրիլ 2025-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակին մէջ, կաթոլիկ եկեղեցւոյ պետ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ։ Յուղարկաւորութեան մասնակցելու նպատակով Վատիկան ժամանած էին մեծ թիւով…

ՆԱԽԱՐԱՐ ՇԱՅՊԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՄՆ-Ի ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՀԵՏ

Արտաքին գործոց նախարար Ասաատ աշ-Շայպանի Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու սուրիական համայնքի պատուիրակութեան հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկում ծաւալեցաւ նոր Սուրիոյ և արտերկրի սուրիացիներու երկրի վերակառուցման ընթացքին մէջ…

ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՇ-ՇԱՐԱԱ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՒ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՀՐԱՒԷՐ ՍՏԱՑԱՒ

Դամասկոս, «ՍԱՆԱ»- Սուրիոյ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաա պաշտօնական հրաւէր ստացաւ՝ մասնակցելու Արաբական գագաթնաժողովին, որ կը նախատեսուի գումարել յառաջիկայ ամիս Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ: Հրաւէրը փոխանցեց Իրաքի վարչապետի յատուկ բանագնաց, մշակոյթի, զբօսաշրջութեան…