-Սուրիոյ պասքեթի ախոյեանութեան աւարտական վեցեակի մրցումներու շրջագիծէն ներս, Հալէպի մէջ տեղի ունեցաւ Ահլի Հալէպի եւ ալ-Շապիպա խումբերու մրցումը։ Ուժեղ պայքարէ ետք, Ահլին յաջողեցաւ յաղթական դուրս գալ 67 – 61 արդիւնքով: Նոյն փուլին, Դամասկոսի մէջ Ուահտէն 90 – 72 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նաուաիրը, իսկ Հոմսի մէջ Ֆիտաա խումբը յաղթեց Քարամէին՝ 75 – 91 արդիւնքով:
-Կիրակի օր Հալէպ ժամանեց Արժանթինի ծնունդ սուրիահպատակ պասքեթ խաղցող Լուքաս Փերէզ՝ միանալու Ահլի Հալէպի պասքեթի խումբին:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԷՄՄԱ ՊՕՂՈՍԵԱՆ՝ ԱՇԽԱՐՀԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ
ԱՌԱՋՆՈՒԹԵԱՆ ՊՐՈՆԶԷ ՄԵՏԱԼԱԿԻՐ
Եգիպտոսի մէջ ընթացող երիտասարդներու աշխարհի առաջնութեան մրցումային հերթական օրը պայքարեցան 86 քկ. ծանրութեան կարգին մաս կազմող կին մարզիկները:
Հայաստանի հաւաքականէն Էմմա Պօղոսեան պոկումի վարժութեան գլխավերեւ պահեց 103 քկ., 106 քկ. եւ 109 քկ.: Հրումին, ան բարձրացուց 137 քկ. եւ 144 քկ.: Այս վարժութեան ան գրաւեց 3-րդ տեղը:
Երկամարտի 253 քկ. արդիւնքով՝ Էմմա Պօղոսեան դարձաւ աշխարհի երիտասարդներու առաջնութեան պրոնզէ մետալակիր:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՔԼԱՍԻՔՈՅԻ ՄՐՑՈՒՄՈՎ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ
Լա Լիկայի 35-րդ փուլի մրցումներուն, քաթալոնէական ակումբը իր մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Ռէալ Մատրիտը եւ կրցաւ յաղթել անոր՝ 2 – 0 արդիւնքով: Գերմանացի Հանզի Ֆլիքի գլխաւորած խումբը 9-րդ վայրկեանին նշանակեց իր առաջին կոլը՝ անգլիացի յարձակող Մարքոս Ռաշֆորտի նշանակումով, որմէ ինը վայրկեան ետք, Ֆերան Թորէս կրկնապատկեց արդիւնքը: Նախքան ախոյեանութեան աւարտի երեք փուլերը, Պարսելոնան 91 կէտով գլխաւորեց աղիւսակը, եւ 29-րդ անգամ ըլլալով արժանացաւ Սպանիոյ ախոյեանութեան: Նշենք, որ զոյգ խումբերը իրարու դէմ մրցած են 264 անգամ, որոնց ընթացքին յաղթած են հաւասարաբար 106 անգամ, իսկ հաւասարութեամբ աւարտած են 52 հանդիպում: Ռէալ արձանագրած է 444 կոլ, իսկ Պարսելոնա՝ 441 կոլ:
Ռաֆֆի Սիւլահեան


