ՊԱՂՊԱՂԱԿԻՆ ԾԱԳՈՒՄԸ
Ամռան տաքուն իւրաքանչիւրս զովանալու կարիք ունի, իսկ պաղպաղակը լաւագոյն միջոցն է անոր։ Անիկա թէ՛ համեղ է, թէ՛ սննդարար, որովհետեւ կ’ընդգրկէ սպիտակուցներ, ճարպեր, հանքային աղեր եւ կենսանիւթեր։ Պաղպաղակի հիմնական նիւթը կաթնամթերքն է (կաթ, սեր, կարագ), որուն կ’աւելցուին շաքար, պտուղներ, ինչպէս նաեւ՝ տուրմ, նուշ, ընկոյզ կամ անուշի կտորներ։ Պաղպաղակը յատուկ տեղ ունի մեր հիւրասիրութեան մէջ. անիկա կ’ուրախացնէ զայն վայելողը, եւ գրեթէ ոչ ոք կը մերժէ այս համեղ ուտեստը։
Պատմական Ակնարկ
Պաղպաղակի առաջին նախատիպը ստեղծուած է Չինաստանի մէջ՝ շուրջ չորսէն հինգ հազար տարի առաջ։ Չինաստանի Թանկ կայսրը, որ դժուարութեամբ կը դիմանար տաքին, հրամայեց զովացուցիչ ուտեստ մը պատրաստել։ Խոհարարները սառած պտուղները խառնեցին սարերու ձիւնին, մեղրին ու գինիին. Այսպիսով շատ յարգի աղանդեր մը պատրաստեցին ժամանակի իշխանաւորներուն համար։
Ալեքսանտր Մակեդոնացին նոյնպէս ձիւնով պատրաստուած աղանդերներու սիրահար էր. յատուկ իրեն համար սարերէն մաքուր ձիւն կը բերէին։ Աստուածաշունչին մէջ ալ կը յիշուի, թէ Սողոմոն արքան
կը սիրէր պաղ խմիչք վայելել հունձքի ու ուրախութեան ընթացքին։
Եւրոպայի մէջ պաղպաղակը յայտնուեցաւ 13-րդ դարուն, երբ իտալացի ճամբորդ Մարքո Փոլո Չինաստանէն բերաւ անոր բաղադրութիւնը։ Հետագային, իտալացի հրուշակագործները այս խառնուրդին կաթ աւելցուցին։ Հռոմի Ներոն կայսրը նոյնպէս սուրհանդակներ կը ղրկէր լեռները՝ ձիւն բերելու, որպէսզի զայն խառնէ պտուղներու եւ մեղրի։
Սակայն արդի հասկացողութեամբ առաջին պաղպաղակի ստեղծումը կ’երկարի մինչեւ 1660, երբ իտալացի Փրոքոփիո Քուլթելլի Փարիզի մէջ կը պատրաստէ կաթով, կարագով ու սերով նոր քաղցրեղէն մը, որ կը ստանայ «պաղպաղակ» անունը։ Ան կը սկսի զբաղիլ անոր վաճառքով, բայց պատրաստման ձեւը գաղտնի կը պահէ։ Այդ օրերուն պաղպաղակի պահպանումը դժուար էր, որովհետեւ անընդհատ սառի պէտք կ’ունենային։
Զարգացումն ու Արդիականացումը
– 1843-ին՝ ամերիկացի Նենսի Ճոնսըն ստեղծեց ձեռքի հարիչը, որուն միջոցով կարելի դարձաւ դիւրութեամբ խառնել պաղպաղակի բաղադրութիւնը։ Այդ շրջանին պաղպաղակը շատ սուղ էր եւ կ’արժէր մօտաւորապէս 200 ամերիկեան տոլար։
– 1851-ին՝ պալթիմորցի Եակոբ Ֆասսէլ հնարեց պաղպաղակի արտադրութեան նոր ձեւեր, որոնց շնորհիւ անոր գինը նուազեցաւ։
– 1902-ին՝ ստեղծուեցան առաջին արտադրական սառնարանները, եւ պաղպաղակի արտադրութիւնը թեւակոխեց նոր փուլ։
– 1921-ին՝ ԱՄՆ-ի մէջ Քրիստին Նելսըն ստեղծեց տուրմապատ պաղպաղակը։ Գաղափարը ծնունդ առաւ, երբ դպրոցական երեխայ մը չէր կրնար որոշել՝ պաղպաղա՞կ գնել, թէ շոքոլա։
– 1924-ին՝ Քալիֆորնիոյ մէջ ստեղծուեցան փայտիկով պաղպաղակները։
Այսօր ամենահամեղ պաղպաղակը գտնելու համար կարիք չկայ լեռներէն ձիւն բերելու կամ երկար սպասելու։ Միայն պէտք է ընտրել ձեր նախասիրածը։
Տան Մէջ Պատրաստուած Պաղպաղակ
Ներկայիս կրնանք նաեւ տան մէջ պատրաստել համեղ պաղպաղակներ։
1. Պանանով պաղպաղակ
Երկու կտրտուած պանան նախօրօք մէկ օր տեղաւորեցէ՛ք սառնարանին մէջ։ Յաջորդ օրը հանեցէ՛ք եւ հարեցէ՛ք 200 կրամ կաթի եւ մէկ դգալ վանիլի հետ, ապա զետեղեցէ՛ք սառցարանը։ Պաղպաղակը պատրաստ է։
2. Ելակով պաղպաղակ
Սառած ելակը հարեցէ՛ք երեք հաւկիթի ճերմկուցի հետ, մինչեւ որ թանձր զանգուած մը ըլլայ։ Աւելցուցէ՛ք վանիլ։ Եթէ շաքարախտէ չէք տառապիր, կրնաք նաեւ շաքար աւելցնել եւ հարել հինգ վայրկեան եւս։
3. Առանց շաքարի պաղպաղակ
Եթէ կ’ուզէք խուսափիլ աւելորդ ջերմուժէն, կրնաք պատրաստել հետեւեալ տարբերակը.
Բաղադրիչներ՝
– 400 կրամ մածուն
– 200 կրամ ելակ
– 10 դգալ դոնդող (gelatin)
– Պտղունց մը վանիլ
Պատրաստութիւն՝
Ելակը հարեցէ՛ք մածունին հետ, մինչեւ որ համասեռ զանգուած մը ստացուի։ Պատրաստեցէ՛ք դոնդողը եւ աւելցուցէ՛ք զանգուածին վրայ՝ վանիլին հետ միասին, ապա լաւ հարեցէ՛ք։ Լեցուցէ՛ք ամանի մը մէջ եւ ձգեցէ՛ք սառցարանը 2-3 ժամ։ Այս չափերը յարմար են նաեւ շաքարախտէ տառապողներուն։
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան