ՏԵՂԱԿԱՆ 
«ՖԱՅՀԱԱ» ԿԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԷ 
ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՊԱՍՔԵԹԻ «ՔԼԱՍԻՔՈ»-Ն
Շաբաթ, 6 Յունիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Դամասկոսի «Ֆայհաա» մարզասրահին մէջ տեղի ունեցաւ սուրիական պասքեթի սպասուած «Քլասիքո»-ն՝ Ուահտէի եւ Ահլի Հալէպի միջեւ, տղամարդոց ախոյեանութեան «Ֆայնըլ 6»-ի դարձի փուլի աւարտական խաղի ընթացքին:
Ուահտէն դաշտ  մտաւ բարձր տրամադրութեամբ՝ շարունակելու իր յաղթանակներու շարքը եւ ամրապնդելու դիրքը՝ օգտուելով իր դաշտի եւ հանդիսատեսի առաւելութենէն:
Ահլի Հալէպ կը ձգտէր յաղթանակ տանիլ՝ առաջատարին հետ տարբերութիւնը նուազեցնելու եւ «Ֆայնըլ 4»-էն առաջ իր կարողութիւնը փաստելու համար:
Մրցումի աւարտին Ուահտէն ութը կէտ առաւելութեամբ յաղթանակ արձանագրեց։
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՀԵՆՐԻԿ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ԱՆՁԱՄԲ ԿԸ ԲԱՆԱԿՑԻ ԻՆԹԸՐԻ ՀԵՏ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ, Ինթըր Միլանի միջնապահ Հենրիկ Մխիթարեան անձամբ բանակցութիւններ կը վարէ իր ակումբին հետ։
«Արմէնփրէս»-ի համաձայն, այս մասին կը հաղորդեն իտալական լրատուամիջոցները։
Նախապէս յայտնի դարձած էր, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի բոլոր ժամանակներու լաւագոյն կոլեր նշանակող ու նախկին խմբապետ Հենրիկ Մխիթարեան մրցաշրջան մը եւս պիտի մնայ Ինթըր Միլանի կազմին մէջ։
Իտալական մամլոյ տեղեկութիւններով՝ Ինթըրի գլխաւոր մարզիչ Քրիսթիան Քիվուին յաջողած է համոզել Մխիթարեանը, որ վերջինս մէկ տարիով եւս երկարաձգէ իր պայմանագրութիւնը։ Յառաջիկայ օրերուն պիտի քննարկուին նոր համաձայնագիրի մանրամասնութիւնները, որոնց կարգին է նաեւ ամսականի վերատեսութեան հարցը։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԹԵՆԻՍԻ ԿԱՆԱՆՑ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ՊԻՏԻ 
ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՍԱՆ ՄԱՐԻՆՈՅԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ
Հայաստանի թենիսի կանանց ընտրանին պիտի մասնակցի «Պիլի Ճին Քինկ»-ի բաժակի մրցաշարքին։
Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի թենիսի դաշնութեան մամլոյ դիւանը։
15-20 Յունիսին Սան Մարինոյի մէջ տեղի պիտի ունենան «Պիլի Ճին Քինկ»-ի բաժակի մրցաշարքի եւրոպական գօտիի 3-րդ ենթախմբակի հանդիպումները։ Տարուան այս կարեւորագոյն մրցաշարքին Հայաստանի հաւաքականի կազմին մէջ հանդէս պիտի գան Էլինա Աւանէսեան, Անի Ամիրաղեան, Մարիա Ազիզեան եւ Ալինա Սողոմոնեան։
Ռաֆֆի Սիւլահեան