Վերջերս Սուրիոյ մէջ արձանագրուեցան լեարդի (A) ժահրային բորբոքումով վարակուած պարագաներ:
Այս առիթով, «Գանձասար» շաբաթաթերթը Կիրակի, 10 Մայիս 2026-ին, հարցազրոյց մը ունեցաւ ներքին եւ մարսողական համակարգի վիրաբուժութեան մասնագէտ, Հալէպի Պետական Համալսարանի հիւանդապահութեան բաժինի դասախօս, բժիշկ Աարին Կլորի հետ՝ մանրամասնօրէն տեղեկանալու սոյն հիւանդութեան, անոր ախտանիշներուն եւ բուժման միջոցներուն:
Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցը.
«Գանձասար»- Վերջերս Սուրիոյ մէջ տարածուած է լեարդի ժահրային բորբոքումի (A) տարբերակը: Կրնա՞ք բացատրել, թէ ի՛նչ է այս հիւանդութիւնը, ի՛նչ են անոր ախտանիշները, ինչպէ՛ս կարելի է զանազանել զայն լեարդի այլ բորբոքումներէն եւ որո՛նք են այս հիւանդութեամբ վարակուելու ենթակայ պարագաները:
Բժիշկ Աարին- Լեարդի բորբոքումը ունի զանազան տարբերակներ, ինչպէս A-B-C, որոնք ընդհանրացած տարբերակներ են, կան նաեւ այլ տարբերակներ ինչպէս D-E-F, որոնց տարածումը սահմանափակ է: Ինչպէ՞ս կարելի է զանազանել զանոնք: Ներկայիս ընդհանրացած տարբերակը A- ն է, որ հանրութեան կողմէ ճանչցուած է «դեղնութիւն» անունով: Անոր տարածման շրջանը կ’ըլլայ յատկապէս օդի փոփոխութեան ընթացքին: Ան արագընթաց կը տարածուի խճողուած վայրերու մէջ, ինչպէս դպրոցները, այս պատճառով կ’անդրադառնանք, որ վարակուած պարագաներուն մեծամասնութիւնը դպրոցական աշակերտներն են, իսկ B- C տարբերակներուն վարակման ձեւերը բոլորովին կը տարբերին A-էն, յատկապէս C-ն, որմով վարակուողներուն իրավիճակը սաստիկ կը բարդանայ՝ հասնելով լեարդակարծրութեան (թաշամմուհ քապէտ) կամ լեարդի քաղցկեղի:
Գալով A-ի ախտանշաններուն, որպէս սկզբնական նշաններ, անոնք կը նմանին հարբուխի ախտանշաններուն: Ան վարակիչ կը դառնայ փռնգտալու ժամանակ քիթէն դուրս եկած օդէն, ոչ հականեխուած ուտելիքէ եւ ջուրէ, հանրային զուգարաններ գործածելէ եւ ընդհանրապէս անձնական մաքրութեան բացակայութենէ: A-ով ընդհանրապէս կը վարակուին մանուկները, սակայն վերջերս կը նկատենք աւելի երիտասարդ տարիքի վարակուած պարագաներ: Վարակուողները մարմնային ընդհանուր տկարութիւն կը զգան, սկզբնական ձեւով թեթեւ ջերմութիւն եւ ախորժակի նուազում կ’ունենան, սակայն շուտով այս բոլորը կը բարդանայ յատկապէս եթէ հիւանդը դիմադրողականութեան տկարութիւն ունի: Կրնանք յիշել նման կարգ մը պարագաներ, օրինակ այլազան պատճառներու համար յաճախ «cortison» օգտագործող, երիկամ լուացող, փոքր տարիքէն արեան քաղցկեղէ բուժուող, քիմիական բուժումներու ենթարկուող, փոքր տարիքէն շաքարախտ ունեցող եւ այլն:
Այս անձերը երբ վարակուին լեարդի ժահրային բորբոքումով, շատ աւելի խիստ բուժումի կարիք կ’ունենան, մինչդեռ դիմադրողականութեան տկարութիւն չունեցողները կրնան բուժումը ստանալ տան մէջ: B-ով եւ C-ով վարակուածները նոյն ախտանշանները չեն ունենար, որովհետեւ անոնցմով վարակուիլը բոլորովին տարբեր ձեւով կ’ըլլայ. օրինակ այս հիւանդութիւնը կրող անձ մը ոչ-հականեխուած մեքենայով սափրուելով կամ ոչ-մաքուր ասեղով սրսկուելով: Աւելցնենք նաեւ, որ այս հիւանդութիւնը ընդգրկող անձը իր կարգին կրնայ անմիջապէս փոխանցել զայն արիւն ստացողին: Հաւանական է նոյնիսկ, որ վարակուած յղի մայրը իր սաղմին փոխանցէ զայն, հետեւաբար զաւակը լեարդի բորբոքումով վարակուած կը ծնի: Հոս անհրաժեշտ է յիշել, որ B եւ C տարբերակներու ախտանշանները կրնան ամիսներ կամ նոյնիսկ տարի մը վերջ զգալի դառնալ:
«Գ. »- Ինչպէ՞ս կարելի է նախազգուշանալ լեարդի բորբոքումէն։
Բ. Ա.- Նկատի ունենալով, որ լեարդի ժահրային (A) բորբոքումով վարակուելու ենթակայ են յատկապէս դպրոցական աշակերտները, հիմնականապէս կը թելադրուի անձնական մաքրութեան բծախնդրօրէն հետեւիլ, յաճախակի կերպով ձեռքերը լուալ եւ հականեխել, զգոյշ ըլլալ հանրային զուգարանը գործածելու ընթացքին, եւ վերոյիշեալ ախտանշանները ունենալու պարագային անմիջապէս մասնագէտ բժիշկի դիմել, իսկ մնացեալ տարբերակներէն կարելի է զգուշանալ հետեւեալ ձեւերով՝ արեան փոխանակման պարագային ստուգել անոր հիւանդութենէ ըլլալը, ասեղի սրսկումի ատեն պէտք է սաստիկ զգոլշ ըլլալ, որովհետեւ սրսկողը կրնայ վարակուած ըլլալ առանց յստակ ախտանիշներ ցոյց տալու եւ նախքան արիւն քաշելը կամ ասեղի միջոցաւ դեղ սրսկելը անզգալաբար ինքզինք վիրաւորել, ետքը նոյն ասեղը հիւանդին համար գործածել: Կը թելադրուի նաեւ սափրուելու պարագային ստուգել մեքենաներուն հականեխումը իւրաքանչիւր գործածումէ ետք:
«Գ.»- Դուք որպէս մարսողական համակարգի եւ ներքին վիրաբուժութեան մասնագէտ բժիշկ, ի՞նչ խորհուրդ կու տաք առողջ պահելու մարսողական համակարգը եւ ընդհանուր մարմինը, յատկապէս ամռան:
Բ. Ա.- Ամռան եղանակին կը բազմանան փորհարութեան եւ մարմնային այլազան բորբոքումները: Յաճախ կը թելադրենք անձնական մաքրութեան հետեւիլ, հեռու մնալ բաց եւ ոչ վստահելի ուտելիքէ, յատկապէս երկար ժամանակ արեւուն ենթարկուած ուտելիքէն, առատ ջուր խմել եւ ստուգել անոր հականեխուած ըլլալը, ջուր պարունակող պտուղն ու բանջարեղէնը լաւապէս հականեխել։ Կը թելադրենք նաեւ «vitamin C» եւ «zink» ստանալ, որպէս մարմինի դիմադրողականութեան զօրացուցիչ կենսանիւթեր: Ինչպէս նաեւ հեռու մնալ իւղոտ եւ դժուարամարս ուտելիքներէ եւ զանոնք փոխարինել թարմ եւ ստամոքսին համար դիւրամարս ուտելիքով: Ասոնց կողքին կը թելադրենք նաեւ խուսափիլ չափազանց «caffeine» օգտագործելէ, որովհետեւ չափազանց քանակը կը տկարացնէ մարմինի դիմադրողականութիւնը, նաեւ չորացում եւ արեան տկարութիւն կը պատճառէ:
Կը թելադրուի լեարդի ժահրային բորբոքումի պատուաստները ստանալ փոքր տարիքէն, նկատի ունենալով, որ անոնց ազդեցութիւնը 5 տարի է, սակայն ինչպէս պսակաձեւ ժահրը, այս հիւանդութիւնը եւս կը զարգանայ եւ հին պատուաստը չի կրնար պաշտպանել մարմինը նոր վարակումէ: Մենք, որպէս բժիշկներ, պէտք է յաճախակի կերպով ստանանք նման պատուաստներ, նախազգուշանալու համար վարակումէ:
«Գ. »- Շնորհակալ ենք, յարգելի բժիշկ այս օգտաշատ հարցազրոյցին եւ հարուստ գիտելիքներուն համար: Ի սրտէ յաջողութիւն կը մաղթենք ձեզի ձեր մարդասիրական առաքելութեան մէջ:
Բ. Ա. – Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագրակազմին այս օգտաշատ հարցազրոյցին համար եւ բարձր կը գնահատեմ ձեր աշխատանքը, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ:
Հարցազրոյցը վարեց
Մարէն Պապեան-Աղայէկեան
Մարէն Պապեան-Աղայէկեան