Պատանեկան Միութեան մէջ 5 տարիներս ակնթարթի մը պէս անցան։

Սկիզբը տեղեակ չէի, թէ ինչպիսի՛ աշխատանք կը տանին կամ ի՛նչ կը սորվին միութենէն ներս։ Պարզապէս թղթիկ մը ունէի առջեւս եւ պէտք էր փափաքիս համաձայն հաստատէի կամ մերժէի անդամակցութիւնս միութեան։ Ծնողքիս քաջալերանքով թղթիկին վրայ «այո՛» գրուած տուփիկը նշեցի եւ ղրկեցի։

Առաջին կարգի պատանի դարձած էի արդէն։ Անծանօթ էր միջավայրը, ինքզինքս օտար կը զգայի, այնպէս ինչպէս անձ մը երբ կը գաղթէ իր երկրէն, կը հաստատուի այլ երկրի մը մէջ։ Սակայն ժամանակի ընթացքին շատ բաներ փոխուեցան։
Առաջին կարգիս ծանօթացայ Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան եւ անոր դաստիարակչական ծրագրին։ Առաջին անգամ ըլլալով կը լսէի Հայոց պատմութիւնը մանրամասնութեամբ, մեր Հայրենիքին ու հայ ժողովուրդի ծագման մասին տեղեկութիւններով կը հարստանայի։ Կը ծանօթանայի Հայաստանի աշխարհագրութեան եւ այլ նիւթերու։ Մեծ խանդավառութեամբ եւ լրջութեամբ կը հետեւէի դասախօսութիւններուն ու զրոյցներուն, քայլ առ քայլ բանավիճելու բանալիները իմանալով։

Երկրորդ կարգիս սկսած էի մասնակից դառնալ միութեան ծրագրի իրագործման՝ կարճ դասախօսութիւններ տալով, թէեւ ոչ այնքան ինքնավստահ։ Առաջին դասախօսութիւնս եղած էր Հայաստանի զինանշանին ու դրօշին մասին։ Ինչ մեծ ուրախութիւն էր այն պահը, երբ տարիքով ինձմէ մեծ ընկերներու եւ ընկերուհիներու գիտելիք կը հաղորդէի։ Արդեօ՞ք իրենք այդ գիտելիքներուն կարիք ունէին։ Ետքը հասկցայ, որ նպատակը պատանիին պատասխանատուութիւն եւ ինքնավստահութիւն սորվեցնելն էր նաեւ։

Երրորդ եւ չորրորդ կարգերուս կը զգայի որ այլեւս արժանի եղած եմ հայ կոչուելու։ Այլապէս ինչպէ՞ս կոչուիլ հայ, առանց իրազեկ ըլլալու հայ ժողովուրդի պատմութեան ու անոր դարաւոր մաքառումներուն։

Իսկ հինգերորդ կարգիս, աչքիս առջեւէն կ’անցնէին բոլոր այն տարիները, որոնք անցուցած էի նախ օտար թուացող, ապա երկրորդ տուն դարձած Պատանեկան Միութեան մէջ։ Հիմա շատ լաւ կը հասկնամ, թէ ի՛նչ կ’ուզէր ըսել դաստիարակս հինգ տարի առաջ, երբ կ՚ըսէր. «Այս միութեան մէջ կը սորվինք նախ լաւ մարդ, ապա լաւ հայ դառնալ»։ Շատ ճիշդ ըսած էր։ Այս ամրոցին մէջ է որ մեր դաստիարակներէն սորվեցանք պատասխանատուութիւն, գործակցութիւն եւ ընկերասիրութիւն։
Այս 5 տարիներու ընթացքին անմոռանալի յիշատակներ փայփայեցինք մասնակցելով` բանակումներու, մրցաշարքերու եւ խմբային աշխատանքներու։ Ունեցանք ընկերներ եւ ընկերուհիներ։

Աւարտին հարցումս ուղղեմ ձեզի․ ճիշդ որոշում տուա՞ծ եմ 5 տարի առաջ «այո՛» նշելով այդ թղթիկին վրայ արձանագրուած հարցումին։

Մարիա Բրդոյեան