ՀԱՅԿԱԿԱՆ
Կիւմրիի «Շիրակ» խումբի գլխաւոր մարզիչի պարտականութիւնները կրկին վստահուեցան Վարդան Պչաքճեանին, որուն մասին պաշտօնապէս յայտարարեց ակումբի մամլոյ կայքէջը: Պչաքճեանի մարզիչական կազմին մէջ են նաեւ Ֆելիքս Խոջոյեան, Տիգրան Դաւթեան, Արտակ Ադամեան եւ դարպասապահներու մարզիչ Արթուր Յովհաննէսեան։ Այս երկրորդ անգամն է որ Պչաքճեան կը գլխաւորէ «Շիրակ»-ը: 2020 թուականի ամռան, Երեւանի «Արարատ»-ը գլխաւորելէ առաջ, Պչաքճեան իրեն հարազատ «Շիրակ»-ի ղեկին եղած է 11 տարի՝ 344 խաղի համար մարզելով խումբը, խումբին հետ դառնալով Հայաստանի ախոյեան, նաեւ կրկնակի գաւաթակիր ու մէկ անգամ ալ սուփըր գաւաթակիր: Վարդան Պչաքճեանի գլխաւորութեամբ «Արարատ»-ը 13 տարի ետք դարձաւ Հայաստանի գաւաթակիր: 2022-ի Յունուարին ան լքեց «Արարատ»-ը, որմէ ետք մինչեւ 2023 մարզեց Երեւանի «Արարատ-Արմինիըն»-ը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ԻՆԹԸՐ ՄԻԼԱՆ ՏԻՐԱՑԱՒ 21-ՐԴ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ
Կիրակի օր Իտալիոյ Ինթըր Միլանը յաջողեցաւ 21-րդ անգամ ըլլալով տիրանալ երկրի
ախոյեանութեան, Ա. մրցաշարքի առաջնութեան 35-րդ փուլին 2 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Պարման: Ռոմանացի Քրիստիան Քիվուի գլխաւորած խումբը առաջին խաղակիսուն, աւելցուած առաջին վայրկեանին ֆրանսացի յարձակող Մարքոս Թիւրհամ նշանակեց Միլանի առաջին կոլը: Հայաստանի հաւաքականի նախկին աւագ կիսապաշտպան Հենրիկ Մխիթարեան մուտք գործեց դաշտ հանդիպումի 68-րդ վայրկեանին, որմէ տասը վայրկեան ետք կրկնապատկեց Միլանի արդիւնքը: Ինթըր մինչեւ օրս ապահոված է 82 կէտ, եւ առաջնութիւնը աւարտելէ երեք փուլ առաջ, 12 կէտի տարբերութեամբ գերազանցած է երկրորդ դիրքը գրաւող Նափոլին: Ինթըրի կազմով Հենրիկ Մխիթարեան երկրորդ անգամն է որ կը տիրանայ Իտալիոյ ախոյեանութեան:
ախոյեանութեան, Ա. մրցաշարքի առաջնութեան 35-րդ փուլին 2 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Պարման: Ռոմանացի Քրիստիան Քիվուի գլխաւորած խումբը առաջին խաղակիսուն, աւելցուած առաջին վայրկեանին ֆրանսացի յարձակող Մարքոս Թիւրհամ նշանակեց Միլանի առաջին կոլը: Հայաստանի հաւաքականի նախկին աւագ կիսապաշտպան Հենրիկ Մխիթարեան մուտք գործեց դաշտ հանդիպումի 68-րդ վայրկեանին, որմէ տասը վայրկեան ետք կրկնապատկեց Միլանի արդիւնքը: Ինթըր մինչեւ օրս ապահոված է 82 կէտ, եւ առաջնութիւնը աւարտելէ երեք փուլ առաջ, 12 կէտի տարբերութեամբ գերազանցած է երկրորդ դիրքը գրաւող Նափոլին: Ինթըրի կազմով Հենրիկ Մխիթարեան երկրորդ անգամն է որ կը տիրանայ Իտալիոյ ախոյեանութեան:Համաշխարհային Ֆութպոլի միջազգային դաշնութեան նախագահ Ճաննի Ինֆանթինո հաստատեց, որ Իրանի հաւաքականը կը մասնակցի Յունիս-Յուլիսին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Մեքսիքոյի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի առաջնութեան: «Իրան ներկայ պիտի ըլլայ աշխարհի առաջնութեան։ Անշուշտ առաջին փուլի մրցումները պիտի կատարէ ԱՄՆ-ի մէջ ։ Պատճառը պարզ է. մարզանքը ոչ մէկ ձեւով կախեալ է քաղաքական հարցերէ»: Ինֆանթինոյի խօսքը մէջբերեց AS-ը։ Աւելցնենք, որ Իրան խմբային փուլի հանդիպումները պիտի կատարէ Լոս Անճելոսի մէջ:
Ռաֆֆի Սիւլահեան

