ԳԱՐՈՒՆ-ԱՄԱՌ 2026.
Ի՞ՆՉ ԳՈՅՆԵՐ ՊԻՏԻ ՀԱԳՆԻՆՔ
2026-ի գարնան եւ ամռան նորոյթը մեզի հաղորդ կը դարձնէ բնութեան թարմութեան՝ խառնուած ժամանակակից ոճին հետ։ Այս տարի գոյները կ’օգնեն, որ իւրաքանչիւրս աւելի լաւ արտայայտենք մեր անհատականութիւնը։
Այս տարուան տիրող գոյները հետեւեալներն են.
Նուրբ Դեղին (Տարուան գլխաւոր գոյնը). Այս տարուան ամենատարածուած գոյնն է։ Անիկա շատ բաց դեղին մըն է՝ կանաչի թեթեւ երանգով, ինչպէս գարնան նոր բացուած բողբոջները կամ առաւօտեան մեղմ արեւը։ Հանգստացնող, պայծառ ու շատ քնքուշ գոյն մըն է։
Հանգիստ Կապոյտ. Ասիկա ծովու մեղմ կապոյտն է, որ քիչ մը մոխրագոյնի կը զարնէ։ Ո՛չ շատ մութ է, ո՛չ ալ շատ վառ. կը յիշեցնէ արեւոտ կէսօրուան խաղաղ ծովափը։ Նրբագեղ ու հանգիստ գոյն մըն է։
Քաղցր Նարնջագոյն. Ուրախութեամբ լեցուն գոյն մը, որ կը յիշեցնէ ամռան թարմ սեխը։ Տաքուկ է, բայց միեւնոյն ժամանակ մաքուր ու հաճելի զգացողութիւն կու տայ։
Վառ Կարմիր. Կրակոտ ու անվախ գոյն մը։ Ասիկա լաւայի կարմիրն է, որ թէեւ շատ ազդեցիկ է, բայց ունի նաեւ իր զսպուածութիւնը։
Մարած Վարդագոյն. Ասիկա սովորական վարդագոյնը չէ. քիչ մը մոխրագոյն երանգ ունի, որ աւելի բնական ու «մաթ» (անփայլ) տեսք
կու տայ։ Շատ ռոմանթիք ու նուրբ ընտրութիւն է։
Խորհրդաւոր Մանուշակագոյն. Երկու տեսակ մանուշակագոյն կայ այս տարի.
o Ամարանտ. Մութ վարդագոյնի զարնող հարուստ ու հզօր գոյն մը։
o Լայլաք (Lilac). Շատ բաց ու մշուշոտ մանուշակագոյն, որ հինցած ու նուրբ տեսք մը ունի։
Հողային Կանաչ (Shale Green). Հանգիստ ու բնական կանաչ մը, որ չոր խոտի կամ հանքային քարերու գոյնը
կը յիշեցնէ։ Անիկա լռութիւն եւ ուժ
կը ներշնչէ։
Ամէն պարագայի ձեր ընտրութիւնը կատարեցէ՛ք ձեր մարմինին, տրամադրութեան, ձեզ շրջապատող մթնոլորտին համաձայն։ Նորոյթը յուշարար մըն է պարզապէս, ընտրութիւնը կը մնայ ձեզի։
Եղէ՛ք պայծառ ու գեղեցիկ։