Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբազան Արք. Աշգարեանի, նախագահութեամբ Հալէպի կրթական տնօրէնին, ներկայութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին, ազգային մարմիններուն, ազգային վարժարաններու տնօրէններուն, ՀՕՄ-ի Կ․ Վարչութեան ներկայացուցիչին, ծնողներու եւ հանդիսատեսներու, Կիրակի, 7 Յունիս 2026-ին, «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ազգային մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը:

Հանդիսութիւնը սկսաւ Հայաստանի քայլերգով, որմէ ետք հայերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ մանկապարտիզպանուհի Սոնա Գրտանեան-Պզտիկեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները, ըսաւ որ հանդէսը կը կրէ «Մանուկներու Օր» խորագիրը: Ապա հաստատեց, որ հանդէսը պիտի դառնայ հայելի մը, որուն ընդմէջէն պիտի արտացոլայ մանուկներու ներաշխարհը, անմեղ հոգին, մաքուր սիրտն ու լուսաւոր ապագան:

Տնօրէնուհին աւելցուց. «Որքա՜ն կարեւոր է լսել մանուկին ձայնը, պաշտպանել անոր իրաւունքները եւ իրականացնել անոր երազները…»:

Ան անդրադարձաւ նաեւ ուսուցչուհիներու նուիրական աշխատանքին եւ հոգատարութեան։ Եւ վերջապէս ներկաներուն շնորհակալական խօսք ուղղելէ ետք, յուզումնախառն ապրումներով հրաժեշտ տուաւ մանկապարտէզին եւ հաստատեց որ ուսուցչական ասպարէզը միայն աշխատանք չէ եղած իրեն համար, այլ՝ կոչում, ծառայութիւն եւ սիրոյ արտայայտութիւն:

Արաբերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ մանկապարտէզի արաբերէնի ուսուցչուհի Անժելա Չաղլասեան-Տէր Վարդանեան: Ան վերյիշեց, թէ ինչպէ՛ս փոքրիկները, երեք տարի առաջ, դողդոջ քայլերով, իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ ուղղուեցան Մանկապարտէզ, դիտել տալով, որ երեք տարիներու վրայ երկարած աշխատանքի արգասիքն է հանդէսը: Ապա հաստատեց, որ այսօրուան փոքրիկները պիտի դառնան ապագայի այն լոյսերը, որոնք պիտի լուսաւորեն համայնքի եւ հայրենիքի ճանապարհը: Եւ վերջապէս շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր՝ իր հովանիին ներքոյ Մանկապարտէզին վայելած բոլոր բարիքներուն համար:
Հանդէսը ընթացք առաւ փոքրիկներուն հայերէն ապա արաբերէն բացման խօսքերով:

Անոնք բեմահարթակին վրայ կարծէք մեծցած, հասունցած եւ խելահաս տղաք եւ աղջիկներ էին: Մանուկներու Օրը կարծէք իրենց խթան հանդիսացած էր բարձրաձայն արտայայտելու փոքրիկներու այն իրաւունքները, որոնք տասնամեակներ շարունակ՝ պատերազմներու, ռումբերու եւ զանազան վայրագութիւններու հետեւանքով շուքի տակ մնացած էին:
Շրջանաւարտներու աչքերուն մէջ կը շողար ապագայի լոյսը։ Անոնք այլեւս իրենց իրաւունքներուն տեղեակ մանուկներ էին:
Այս բոլորը արտայայտեցին իրենց արաբական եւ հայկական պարերով, երգերով, արտասանութիւններով, խրախուսիչ խօսքերով, կարծիքը յայտնելով եւ ազատ ապրելու իրենց ձգտումով:

Այս բոլորին հետ մէկտեղ, անոնք հայրենասիրական ոգիով տոգորուած շեշտեցին ազատ ու անկախ հայրենիք ունենալու գաղափարը: Շեշտեցին որ հայրենիքին մէջ կրնան աւելի երկար գոյատեւել ու տէր կանգնիլ իրենց իրաւունքներուն:
Մանուկները մարմինով փոքր են, սակայն իրենց ներաշխարհն ու երազանքը մեր պատկերացուցածէն շատ աւելի մեծ է: Անոնց երեւակայութիւնը կը գերադասէ մեր մտահորիզոնը:

Հանդէսի աւարտին, ցուցադրուեցաւ շրջանաւարտներու միամեայ գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը, որ կþընդգրկէր խինդ եւ ուրախութիւն, անմոռանալի պահեր՝ իրենց ուսուցչուհիներուն եւ դաստիարակներուն հետ, լաց ու ծիծաղ…։
Հանդիսական այս պահերուն մեր աչքերուն առջեւ կþուրուագծուին իւրաքանչիւրիս մանկական յուշերը, որոնք նոր կեանք կ՚առնեն ու կը թելադրեն մեզի աշխարհին ու կեանքին նայիլ մանկական մաքուր աչքերով՝ թօթափելով մեր բոլոր մտահոգութիւնները:

Հուսկ բեմ բարձրացան մարմինով փոքր, սակայն միտքերով մեծ փոքրիկները եւ փունջ մը հայերէն ու արաբերէն երգեր երգելէ ետք, սրբազան հօր ձեռամբ ստացան իրենց անդրանիկ վկայականը:

Այնուհետեւ բեմավարը բեմ հրաւիրեց Ազգային Միացեալ Մանկապարտէզի Հոգաբարձութեան ատենապետ Մինաս Մինասեանը՝ պարգեւատրելու մանկապարտիզպանուհի Սոնա Գրտանեան-Պզտիկեանը իր տարած աւելի քան երկու տասնամեակ ծառայութեան համար։ Բողբոջ դասարանի դաստիարակ Գարոլ Քէշիշեան, իր եւ գործընկերներուն անունով երախտագիտութեան խօսք ուղղեց վաստակաշատ տնօրէնուհիին եւ յուզումնախառն ապրումներով բարի երթ մաղթեց իրեն:

Աւարտին, սրբազան հայրը իր սրտի խօսքը ուղղեց շրջանաւարտներուն եւ հաստատեց. «Դպրոցներու մէջ նոր սերունդը անտարբեր չի դաստիարակուիր. անոր կը փոխանցուին մեր բոլոր արժէքները եւ զանոնք պահպանելու գիտակցութիւնը։ Անոնք կը դաստիարակուին իբրեւ հայ, իրենց հոգիներուն մէջ կը քանդակուի հայու նկարագիրը, ինքնութիւնը, ոգին եւ հոգին»:

Մակար սրբազան բարձր գնահատեց եւ քաջալերեց փոքրիկները իրենց առաջին նուաճումին համար:

Սրբազան հայրը հաւաստիացուց, որ այս սերունդը երբ մեծնայ բարձր դիրքերու արժանի պիտի դառնայ եւ իրականացնէ իր բոլոր երազանքները:

Եւ վերջապէս՝ «Պահպանիչ»-ով Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը իր աւարտին հասաւ:

Մարիա Մանսուրեան