Երկուշաբթի, 1 Յունիսին «Գանձասար»-ի խմբագրատուն այցելեց թերթի նախկին խմբագիր Մարի Մերտխանեան, որ բնակութիւն հաստատած է Հայաստան։
Մերտխանեան «Գանձասար»-ի խմբագիրին հետ զրուցեց Հայաստանը եւ սուրիահայ համայնքը հետաքրքրող հարցերու շուրջ, վերյիշեց իր խմբագրութեան տարիներուն խմբագրակազմի աշխատանքի մանրամասնութիւններ, յօդուածագիրներ եւ այլն։
Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացած հանդիպումին տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում սփիւռքահայ եւ հայրենի մամուլի դերին շուրջ։