Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեանի , «Ա. Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան եւ Սուրիոյ Երիտասարդական միութեան «Դրօշակ» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, 5 Յունիս 2026-ին, Դամասկոսի «Զաւարեան» համալիրի շրջափակէն ներս, տեղի ունեցաւ Հայաստանաի Առաջին Հանրապետութեան հռչակման յիշատակին նուիրուած տօնակատարութիւն։
Հանդիսութեան ներկայ էին՝ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդի ներկայացուցիչ Հոգշ. Տէր Արմէն վրդ.Գալաճեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչներ, «Ա. Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութիւնը, ՍԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը, Ազգ. Միացեալ ճեմարանի Հոգաբարձութիւնն ու Տնօրէնութիւնը, «Ահարոնեան» կեդրոնի միութիւններու շրջանային եւ վարչութիւններու ներկայացուցիչները եւ դամասկահայերու հոծ բազմութիւն:
Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգէն ետք, հանդիսավար Արին Քիւրտեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու նահատակներու յիշատակը, եւ բարի գալուստի խօսքէն ետք, շնորհաւորեց Մայիս 28-ի անկախութեան տօնը յիշելով. «Այս օրը մեզ կը յիշեցնէ, որ անկախութիւնը նուէր չէ, այլ՝ պայքարով, զոհողութեամբ եւ միասնականութեամբ ձեռք բերուած արժէք։ Ան նաեւ կոչ մըն է՝ հաւատարիմ մնալու մեր նախնիներու աւանդին, ամրապնդելու մեր ազգային միասնութիւնը եւ ծառայելու մեր ժողովուրդի ու հայրենիքի բարգաւաճման»։
Ապա խօսքը փոխանցեց «Ա. Ահարոնեան» կեդրոնի ներկայացուցիչ` Սարգիս Քիւրտեանին, որ անդրադարձաւ Մայիս 28֊ ի պատմական նշանակութեան , ընդգծելով անոր տեղը հայ ժողովուրդի ազգային յիշողութեան եւ պետականութեան մէջ ու ըսաւ «Այդ պատմական իրադարձութիւնը ապացուցեց, որ հայ ժողովուրդը երբեք չի հրաժարիր ազատ ապրելու, սեփական ճակատագիրը ինքնիրոյն տնօրինելու եւ իր հայրենիքը պաշտպանելու իրաւունքէն»։ Ապա աւելցուց. «Այսօր 108 տարի անց, մենք կը խոնարհինք բոլոր այն հերոսներու յիշատակին առջեւ, որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին Հայաստանի անկախութեան, անվտանգութեան եւ արժանապատիւ ապագայի համար»: Յիշեց նաեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան տեսլականը` պետականութիւն հիմնելու եւ անոր քաջարի գաղափարակիցներուն ու մարտիկներուն սխրանքները անկախութեան կերտման մէջ։
Քիւրտեան աւելցուց. «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ պայքարիլ նամանաւանդ այս ճգնաժամային օրերուն, վերականգնելու մեր պետականութիւնը, արժէքները, հետապնդելու բռնագրաւուած Արցախեան հարցը եւ քաղաքական բանտարկեալներու իրավիճակը»: Աւարտին, ան շնորհաւորեց ներկաները Հայաստանի առաջին անկախութեան տօնը, մաղթելով որ այս պատմական օրը դառնայ ազգային միասնականութեան եւ նոր նուաճումներու խորհրդանիշ, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդին համար:
Ապա ազգային եւ յեղափոխական երգերով հանդէս եկան Հալէպէն եւ Քեսապէն ժամանած Յովիկ Դանիէլեան, Արազ Շառոյեան եւ Ժոզէֆ Արամեան, երգեհոնի ընկերակցութեամբ պրն. Ներսէս Թոփճեանի եւ ընկ. Յակոբ Քիւրքճեանի, որոնք իրենց բացառիկ կատարումով ներկաներուն մէջ վերակենդանացուցին Մայիս 28-ի անկախութեան ոգին եւ ազգային հպարտութեան զգացումը։
Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը ժողովուրդին ուղղեց Հոգշ.Հայր Արմէն վրդ. Գալաճեան, որ ներկաներուն փոխանցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդի օրհնութիւնն ու բարեմաղթութիւնները։ Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Մայիս 28֊ը սովորական թուական մը չէ, ան իր մէջ կը պարունակէ պայքարելու խորհուրդը, որ հայը կը փոխանցէ իր զաւակներուն եւ սերունդէ սերունդ, մէջբերելով Պարոյր Սեւակի խօսքը նուիրուած Սարդարապատի հերոսամարտին`
«Բայց մենք չընկանք, մենք մի’շտ կանք, Մենք չհանգանք՝ դեռ կգանք,
Երբ տայ զանգը, ահազանգը, Որ մեր հոգու պարտքը տանք»։
Տօնակատարութիւնը աւարտին հասաւ հայր սուրբին «Պահպանիչ» աղօթքով:
Ազգային ոգեւորութեամբ եւ միասնականութեան մթնոլորտով , անգամ մը եւս ազգային եւ յեղափոխական երգերը հարիւրաւոր ներկաներու միաբերան երգեցողութեամբ հնչեցին, Մայիս 28֊ի փառաւոր յաղթանակը յիշատակուեցաւ հայրենիքէն հեռու, բայց հայրենիքը իրենց սրտերուն մէջ կրած դամասկահայերու կողմէ՝ «Զաւարեան» համալիրէն ներս:
Թող Մայիս 28-ի ոգին առաջնորդէ մեզ դէպի աւելի ուժեղ, աւելի ապահով եւ աւելի միասնական ապագայ։
Շնորհաւոր Մայիս 28, շնորհաւոր Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան տօն։
Մարի Գարակէօզեան Թովմասեան