Չորեքշաբթի, 3 Յունիս 2026-ը ցնծալի եւ պատմական օր մը դարձաւ Քեսապի համազգայնականներուն ու համայն քեսապահայութեան համար. Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղը օժտուեցաւ նոր կեդրոնով։
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մերձակայքը գտնուող այս կառոյցը Համազգայինին տրամադրուած է «Երկիր-Մշակոյթ» Համազգային Կազմակերպութեան կողմէ։

Կեդրոնի բարեզարդման աշխատանքներու աւարտէն ետք, Չորեքշաբթի երեկոյեան ժամը 5:00-ին տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր բացումը, հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մակար Սրբ․ Արք․ Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ՝ «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան։

Բացման արարողութեան, սրբազան հօր կողքին, ներկայ էին նաեւ՝ Համազգայինի Կեդր․ եւ Շրջանային վարչութիւններու ներկայացուցիչները, «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը, Պատկան Մարմինի, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփխ․ ժողովի ներկայացուցիչներ, Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգեշնորհ Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէքեան, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Գերյ. Տ. Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեան, Քեսապի քաղաքապետը, միութիւններու ներկայացուցիչներ ու հրաւիրեալներ։

Հանդիսութեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սիլվա Գազազեան-Աշըգեան։ Ան ներկաները ողջունելէ ետք ըսաւ.
«Համազգայինը իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն ծաղկեցուց Քեսապի մշակութային կեանքը, սակայն մինչեւ օրս չունէր իր կեդրոնը։ Այսօր վերջապէս կ՚իրականանայ այդ երազը։ Մենք պաշտօնապէս կը կատարենք բացումը այս յարկին, որ պիտի ծառայէ նոր սերունդներուն եւ հանդիսանայ գիտելիքի, մշակոյթի ու համերաշխութեան նոր հարթակ»։

Ան երախտագիտութեան խօսք ուղղեց այս ծրագրին սատարողներուն, յատկապէս՝ «Երկիր եւ Մշակոյթ» Համազգային Կազմակերպութեան, մաղթելով որ կեդրոնը դառնայ ջերմ օջախ մը, ուր կը ծնին նոր գաղափարներ ու յաջողութիւններ։

Այնուհետեւ խօսք առաւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ․ վարչութեան Քեսապի ներկայացուցիչ Սօսի Կարճիքեան, որ ըսաւ.
«Լիայոյս ենք, որ այս կեդրոնի երդիքին տակ մշակութային կեանքը ա՛լ աւելի պիտի ծաղկի՝ շնորհիւ համազգայնականներու նուիրումին։ Մեր զօրութիւնը մեր մշակութային կենսունակութեան մէջ է, եւ այսօր մեզի առիթ ընծայուած է զարգացնելու մեր մատղաշ սերունդի տաղանդները՝ վերանորոգելով Համազգայինի հիմնադիրներու ուխտն ու նպատակը»։
Կարճիքեան նաեւ յիշեցուց, որ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսը 2026 տարին հռչակած է «Հաւատքի Վերանորոգման Տարի»։ Ան մաղթեց, որ Ս. Աստուածածին դարաւոր եկեղեցւոյ հարեւանութեան գտնուող այս կառոյցը դառնայ իւրայատուկ ենթատաճառ մը, որուն պատերն ու անկիւնները պիտի ողողուին հայկական բիւրեղեայ մշակոյթով։ Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց թեմիս առաջնորդին՝ հովանաւորութեան եւ ներկայութեան համար, ինչպէս նաեւ Համազգայինին նեցուկ կանգնողներուն։

Օրուան պատգամը ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Ան բարձր գնահատեց «Երկիր-Մշակոյթ» Համազգային Կազմակերպութեան ազնիւ քայլը՝ շէնքը նոր սերունդի հոգեմտաւոր զարգացման տրամադրելու համար։ Մակար սրբազան շնորհաւորեց Համազգայինի ընտանիքն ու համայն քեսապահայութիւնը՝ մաղթելով, որ կեդրոնը աշխուժանայ երիտասարդներու եռուն ներկայութեամբ, որպէսզի անոնք, անցեալը ներկային կապելով, քալեն դէպի ապագայ եւ գիտակցին, թէ ինչպիսի՛ հարուստ ժառանգութեան տէր ազգի զաւակներ են։ Սրբազան հայրը յաջողութիւն մաղթեց կեդրոնէն ներս իրականանալի բոլոր աշխատանքներուն։

Ապա, սրբազան հայրն ու ներկաները շրջեցան նորաբաց կեդրոնի բաժինները, հիացումով դիտեցին սրահին մէջ ցուցադրուած քեսապահայ փոքրիկներու գծագրութիւնները եւ բարի մաղթանքներով մեկնեցան։

Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը սփռուեցաւ «Ռատիօ Երազ»-ի ուղիղ եթերով։