Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Ուրբաթ , 5 Յունիս 2026-ի երեկոյեան Ազգ. Ս.Նահատակաց վարժարանի «Արարատ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ 2025-2026 տարեշրջանի մանկապարտէզի հանդէսը: Ներկայ էին Լաթաքիոյ եւ ծովեզերեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Վազգէն Աւագ Քհնյ. Քէօշկէրեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղականութիւնը, Ազգ. Ս. Նահատակաց Վարժարանի Հոգաբարձութիւնը եւ Լաթաքիոյ միութիւններու ներկայացուցիչներ։
Հայերէն բացման խօսք արտասանեց Նայիրի Կարապետեան։ Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, անդրադարձաւ մանուկներու ստեղծագործութեան, հոգատարութեան, գիտելիքի, հայրենասիրութեան և հոգեւոր արժէքներու կարեւորութեան։ Ապա շեշտեց, որ մանուկները մեր ապագան են, ուստի հարկ է ուղղել անոնց քայլերը դէպի արուեստի, գիտութեան եւ խօսքի գրաւոր թէ բանաւոր արտայայտութեան ճամբայ։
Ան մաղթեց , որ այս օրը դառնայ ուրախութեան տօն և վկայեալ ծաղիկները շարունակեն աճիլ խաղաղութեան, սիրոյ և գիտելիքի արեւուն տակ
։
Արաբերէն բացման խօսքով Շաքէ Մանճեան շնորհաւորեց ծնողներն ու շրջանաւարտները։
Այնուհետեւ հանդէսի յայտագիրը սկսաւ փոքրիկներուն համարձակ խօսքերով։ Անոնք հայերէնով եւ արաբերէնով արտայայտեցին իրենց զգացումները, որպէս արքասիքը մանկապարտէզի երեք տարիներուն, ապա գեղեցիկ եւ անմեղ շարժումներով պարեցին հայկական, արաբական եւ եւրոպական պարեր, ետքը դաշնամուրի ընկերկցութեամբ երգեցին ու խանդավառեցին ներկաները։
Վարժարանի տնօրէնուհի Հուրի Տէիրմէնճեան-Գարամարտեան շնորհաւորեց ծնողները, գնահատեց հոգաբարձութեան կազմը եւ աշխատանքը նուիրեալ ուսուցչուհիներուն, որոնք այս տարուան ծանր պայմաններուն մէջ ոչ մէկ ճիգ խնայեցին փոքրիկներուն սորվեցնելու եւ ուրախ պահեր ստեղծելու համար։
Ապա հրաւիրեց քահանայ հայրը վկայականաց բաշխում կատարելու։
Աւարտին Տէր Վազգէն Ա. Քահանայ Քէօշկէրեան շնորհաւորեց հոգատար ծնողները, մաղթելով որ իրենց զաւակները բարձրագոյն կրթութեան արժանանան։
Հանդէսը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով: