Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի «Կիլիկիա» երգչախումբի ելոյթը թագադրումը հանդիսացաւ Չորեքշաբթի, 3 Յունիս 2026-ի Քեսապի մշակութային օրուան։
Արդարեւ, Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մակար Սրբ․ Արք․ Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան, միութեան նոր կեդրոնի բացումին յաջորդեց «Կիլիկիա» երգչախումբի ելոյթը, որ տեղի ունեցաւ «Սարդարապատ» սրահէն ներս, քեսապահայերու եւ հալէպահայերու ներկայութեան։

Երգչախումբը ընդամէնը տասնհինգ օրուան տքնաջան աշխատանքէ ետք, ներկայացուց հայկական ժողովրդական, գուսանական, ազգային եւ արաբական երգերու գունեղ փունջ մը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ մայեսթրա Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի։

Համերգը վայելելու եկած էին՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը, թեմի Ազգ․ երեսփոխանական ժողովի ներկայացուցիչը, Հոգշ․ Տէր Մանուկ Վրդ․ Պարիխանեան, Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգշ․ Տէր Եսայի Վրդ. Էօրտէքեան, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Գերյ․ Տէր Գառնիկ Ծ․ Վրդ․ Յովսէփեան, Պատկան Մարմինի, Համազգայինի Կեդրոնական, Շրջ․ եւ տեղական վարչութիւններու, Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան ներկայացուցիչներ, Քեսապի քաղաքապետը, միութիւններու ներկայացուցիչներ ու հրաւիրեալներ։

Նկատի ունենալով, որ Քեսապը պատառիկ մըն է պատմական Կիլիկիայէն, երգչախումբը համերգին բացումը կատարեց «Կիլիկիա» քայլերգով։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լիլի Գազազեան, որ ըսաւ․«Այս գեղեցիկ պահը պարզապէս երաժշտական հանդիպում մը չէ, այլեւ հոգիներու հաղորդակցութիւն, սրտերու միութիւն եւ մշակոյթի տօնակատարութիւն։
«Այսպիսի երեկոներ մեզ կը յիշեցնեն, թէ որքա՛ն կարեւոր է միասին մնալը, զիրար քաջալերելը եւ մեր մշակոյթն ու երգը կենդանի պահելը»։

Համերգը ընթացք առաւ ազգային, աշուղական այնուհետեւ ժողովրդական երգերով։ Յայտագիրի առաջին բաժինով հնչեցին «Եկեղեցին Հայկական», «Յիս Մի Ղարիպ Պլպուլի Պէս», «Յիս Քու Ղիմէթըն Չիմ Գիտի», «Քամանչա», «Ամպի Տակից», «Համբարձում Եայլա», «Ո՛վ Սիրուն, Սիրուն», «Պարտէզում Վարդ Էր Բացուել», «Զեփիւռի Նման» եւ Զիատ Ռահպանիէն արաբական երգերու շարան մը։

Նախքան կարճ դադարը, խմբավարուհին իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց «Հ․ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Մանասէ Մանճիկեանին, որուն ջանքերով եւ նուիրատուին նիւթական յատկացումով Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղը օժտուեցաւ որակաւոր, արդիական դաշնամուրով մը։

Մայիսեան մեր հերոսամարտերուն եւ անկախութեան տօնին պատգամը վերյիշելու գեղեցիկ առիթ մըն էր Անդրանիկ Ծառուկեանի Մայիս 28-ի խորհրդածութենէն՝ «Մոռնալ Արեւը Մայիսի․․․» հատուածը, զոր տպաւորիչ առոգանութեամբ արտասանեց Աստղիկ Դանիէլեան։

Յայտագիրի երկրորդ բաժինով երգչախումբը ներկայացուց Հայկական ժողովրդական երգերու շարան մը, ապա՝ «Յաւերժ Փառք Կիլիկիոյ» երգը, խօսք՝ Սօսի Կարճիքեանի, երժշտ․ մշակում՝ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, որմէ ետք, «Ես Քո Արցախն Եմ» եւ «Սարդարապատ» երգերով յայտագիրը իր աւարտին հասաւ։

Երգչախումբի անդամներ-խմբավար կապը իր ազդեցութիւնը ունէր խումբի կատարողութեան վրայ։ Խմբավարը նուագելով եւ գլխու շարժումներով կ՚առաջնորդէր երգչախումբը, իսկ երգողները մերթ եռաձայն, մերթ երկձայն կատարումով այնքան լաւ հասկցած էին խմբավարի նշումները, երգերու ոգին, որ յաջողեցան իւրաքանչիւր երգի հմայքը արտաբերել։

Հանդիսատեսը ծափողջոյններով, յոտնկայս երգեցողութեամբ ընկերակցեցաւ երգչախումբի վերջին երգին՝ «Սարդարապատ»-ին։

Այս առիթով խօսք առաւ վարչութեան ատենապետ Մանասէ Մանճիկեան։ Ան անդրադառնալով Մայիս 28-ի անկախութեան խորհուրդին յայտնեց, որ «Քեսապէն «Կիլիկիա» երգչախումբը իր հոգեթով երգով վկայեց, որ մենք տէր կը կանգնինք մեր մշակոյթին ու պատմութեան։ Համազգայինը այն փարոսն է, որ կը լուսաւորէ մեր հոգիները պատմութեամբ եւ մշակոյթով»։ Ապա ներկայացուց մասնաճիւղի այս տարուան տարաբնոյթ աշխատանքները՝ երգչախումբ, թատերախումբ, շնորհանդէս, գծագրութեան եւ մարմնամարզի դասընթացքներ, ընկերային հաւաքներ եւ Համազգայինի նոր կեդրոնի բացումը։ Ան իր երախտագիտութեան խօսքը ուղղեց Տոքթ․ Զաւէն Մանճիկեանին, Լոս Անճելոսի Քեսապցիներու Ուսումնասիրաց Միութեան իրենց նիւթական օժանդակութեան համար, ինչպէս նաեւ Պրն․ Յարութիւն Սողոմոնեանին, որ նոր դաշնամուր մը նուիրեց Համազգայինին։ Մանճիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ խմբավարին, երգչախումբի անդամներուն եւ ներկաներուն։ Այնուհետեւ հրաւիրեց Շրջ․ Վարչութեան ատենապետ Ռաֆֆի Սուլահեանը եւ Գերշ․ Տէր Մակար Սրբ․ Արք․ Աշգարեանը՝ խորհրդանշական յուշանուէր մը յանձնելու խմբավարին։

Հուսկ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը իր սրտի խօսքը ուղղելով ըսաւ․ «Այսօրուան համերգով երգչախումբը ինքզինք գերազանցեց եւ այնքան գեղեցիկ ու ներդաշնակ ելոյթ ունեցաւ, որ կարծէք մեր ողջ պատմութեան զանազան տարածքներու վրայ գործող հերոսներն ու գործիչները մեր առջեւ կը տողանցէին»։

Մակար սրբազան ուրախութիւն յայտնեց ի տես երգչախումբի նոր երգողներուն, մաղթելով որ խումբը տարին քանի մը համերգ կազմակերպէ եւ չսահմանափակուի մէկ ելոյթով։ Սրբազան հայրը շեշտեց, որ տասնհինգ օրուան մէջ համերգի պատրաստուիլն ու խումբին այսքան հարուստ յայտագրով բեմ բարձրանալը իսկապէս հրաշքի համազօր է։ Ան բարձր գնահատեց նաեւ խմբավարուհիին աշխատանքը, որ ցոյց կու տայ մշակութային արժէքներու մեր խոր կապուածութիւնն ու յարգանքը։

Ելոյթը փակուեցաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։