Հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Շաբաթ, 30 Մայիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան «Զ. Գաբրիէլեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Կրթասիրաց Յարութիւնեան Մանկապարտէզի «Գոյներու Աշխարհը» խորագիրը կրող վկայականաց բաշխման հանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցան Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, վարժարանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գառնիկ քհնյ. Չափանեան, Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան Խնամակալութեան ատենապետ տիար Կարպիս Պարտաքճեան, Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի Հոգաբարձութեան փոխ ատենապետ տիար Կարէն Պիլէմճեան, Հոգաբարձութեան անդամներ, վարժարանի Տնօրէն բժշկ. Ճորճ Դաւիթեան, Ծնողաց յանձնախումբը, հրաւիրեալներ եւ շրջանաւարտներու ծնողները։

Բացման խօսք արտասանեց մանկապարտիզպանուհի տիկ. Ուաըտ Զգոյշեան, որ անդրադարձաւ շրջանաւարտներուն մանկապարտէզէն ներս երեք տարիներու ուսումնակրթական երթին, որուն աւարտին անոնք վկայուելով մուտք պիտի գործեն ուսման բարձր կարգեր։
Մանկապարտիզպանուհին անդրադառնալով հանդէսի խորագիրին, յայտնեց, թէ փոքրիկները կը ներկայացնեն գոյներու գեղեցիկ աշխարհը, որուն մէջ իւրաքանչիւրը գոյն մը կը ներկայացնէ եւ բոլորը միասին կը կազմեն գոյներով գեղեցկացած պատկեր մը։
Ան շնորհաւորեց ծնողները, շնորհակալութիւն յայտնեց միութեան խնամակալութեան, վարժարանի հոգաբարձութեան, Տնօրէն բժշկ. Ճորճ Դաւիթեանին, Ծնողաց յանձնախումբին եւ մանկապարտէզի ուսուցչական կազմին։
Օրուան հանդիսավարութիւնը կատարեց մանկապարտէզի հայերէնաւանդ ուսուցչուհի տիկ. Նուէր Ներսէսեան-Տիրարեան։

Արաբերէն լեզուով բացման խօսք արտասանեցին խումբ մը փոքրիկներ։
Բեմը յարդարուած էր աշխարհի գոյները ներկայացնող գունաւոր փուչիկներով, հեքիաթային աշխարհի տպաւորութիւն ձգելով հանդիսատեսներուն մօտ։
Գեղարուեստական յայտագիրը արգասիքն էր Կրթասիրաց Յարութիւնեան Մանկապարտէզի ուսուցչական կազմի խմբային աշխատանքին:
Նախ աշակերտները ռիթմիկ նուագ կատարեցին գաւազաններով եւ երաժշտական գործիքներով։
Այնուհետեւ, անոնք ստուերային պատկերի ներկայացում կատարեցին, «Մնաս բարով մանկապարտէզ» խորագիրով։

Ապա, ներկայացուեցաւ օրուան խորագիրով պատրաստուած թատրոնը։ Զանազան գոյներ ներկայացնող աշակերտներէն իւրաքանչիւրը ինքզինք կարեւոր նկատելով վիճաբանեցան։ Հարցը բարդանալով, անոնք դիմեցին օրուան թագաւորին եւ թագուհիին՝ իրենց միջեւ յառաջացած հարցը լուծելու համար։ Թագաւորն ու թագուհին մատնանշելով իւրաքանչիւր գոյնի կարեւորութիւնը մեր կեանքին մէջ, յայտնեցին, որ աշխարհը կը գեղեցկանայ բոլոր գոյներուն ներկայութեամբ, ուստի, պատուիրեցին միասին գործել՝ «Մէկը՝ բոլորին եւ բոլորը՝ մէկուն համար»։

Անոնք բանաստեղծութիւններով, երգչախմբային երգերով, հայկական, արաբական, օտար եւ եզրափակիչ խմբային պարերով հարստացուցին յայտագիրը եւ արժանացան ներկաներու ջերմ ծափողջիւններուն։

Վարժարանի Տնօրէն բժիշկ Ճորճ Դաւիթեան փոխանցեց իր խօսքը, յայտնելով, որ իւրաքանչիւր փոքրիկ ինքնին անուշ եւ եզակի գոյն մըն է եւ առանց փոքրիկներուն պայծառութեան՝ աշխարհը պիտի ըլլար միագոյն եւ մռայլ։
Ան երախտիքի խօսք ուղղեց մանկապարտիզպանուհիին եւ գնահատեց մանկապարտէզի ուսուցչուհիներուն նուիրեալ աշխատանքը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան Խնամակալութեան, վարժարանի Հոգաբարձութեան, Ծնողաց յանձնախումբին եւ մանկապարտէզին սատար կանգնող բոլոր մարմիններուն՝ «Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ին, «Տորքաս» հաստատութեան եւ բոլոր բարերարներուն։ Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ Հալէպի սեփական դպրոցներու տնօրէնին, Հալէպի կրթական տնօրէնին եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Սուրիոյ Վսեմաշուք Նախագահին։
Տնօրէնը շնորհաւորեց բոլոր շրջանաւարտները եւ անոնց ծնողները։
Շրջանաւարտներու ձեռամբ ծաղկեփունջով գնահատուեցաւ մանկապարտիզպանուհի Ուաըտ Զգոյշեանը՝ իր հոգատար աշխատանքին համար, ինչպէս նաեւ բուրումնաւէտ ծաղիկներով գնահատուեցան ուսուցչուհիները։

Աւարտին, Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեանի ձեռամբ վկայականի տուչութիւն կատարուեցաւ։
Իր սրտի խօսքը փոխանցելով, Հայր Սուրբը Սրբազան Հօր օրհնութիւններն ու շնորհաւորութիւնները փոխանցեց, մեծապէս գնահատելով Կրթասիրացի պատասխանատու մարմիններուն եւ յատկապէս մանկապարտէզի անձնակազմին հոգատար աշխատանքը փոքրիկներուն նկատմամբ։ Ան հանդէսի թեմային ընտրութիւնը գնահատելով դիտել տուաւ, որ աշխարհի գոյները ներկայացնող փոքրիկներուն ընդմէջէն Աստուծոյ արարչագործութեան բարութիւնն է որ այսօր կը ճառագայթէ։
Հանդէսը փակուեցաւ Հայր Սուրբին «Պահպանիչ» աղօթքով։