28 Մայիս 1918-ի փառապանծ անկախութեան տօնը մեր ժողովուրդի յարութեան ղօղանջն է։ Յարութիւն, որովհետեւ ցեղասպանութենէն, տնտեսական ու կենցաղային ծանր պայմաններէն ընդամէնը երեք տարի ետք, հայ ժողովուրդը կերտեց պետականութիւն եւ վերահաստատեց ազատ ապրելու իր կամքը։ Ահաւասիկ այս անկոտրում կամքով եւ կուռ հաւատքով տոգորուած, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Կիրակի, 31 Մայիս 2026-ի երեկոյեան, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակէն ներս հալէպահայութիւնը տօնեց Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հռչակման 108-ամեակը եւ փառաւորեց յիշատակը՝ հայրենի հողը իրենց արեան գնով պաշտպանած ու պետութեան հիմերը հաստատած հերոսներուն։
Հանդիսութեան ներկայ էին հայ համայնքի հոգեւոր երեք պետերը, հալէպահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային վարչութիւնը, հոգեշնորհ հայր սուրբը, արժանապատիւ քահանայ հայրեր, ինչպէս նաեւ հալէպահայ մարզական, մշակութային, կրթական, բարեսիրական, հայրենակցական միութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ ու հալէպահայ հոծ բազմութիւն մը։
Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու զոյգ քայլերգներէն ետք, հանդիսավար Մեղրիկ Մանուկեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը մեր բիւրաւոր նահատակներուն, որմէ ետք բեմ հրաւիրեց Աննա Պարսամեանը բացման խօսքով հանդէս գալու։
Աննա Պարսամեան բարի գալուստի խօսքէն ետք աւելցուց. «Ամենայն ակնածանքով ու հպարտանքով կը նշենք Մայիս 28-ի Հայաստանի անկախութեան տօնը։ Կը նշենք ու կը յիշենք մեր պատմութեան այն հերոսական էջերը՝ երբ յաղթանակի հաւատքով ամրացած մեր բազուկները եւ բարձրագոյն նպատակի իրականացման համար ամէն բանի զոհողութեան պատրաստակամ մեր միտքերը առաջնորդեցին մեզ անտեսելու ամէն խոչընդոտ, վեր բարձրանալու ամէն արգելքներէ եւ ընթանալու դէպի առաջ»։
Ապա մաղթեց որ Մայիսեան ու նման յաղթանակներու խորհուրդը դառնայ մեր փարոսը, որ իր լոյսով նոր եռանդ ու աւիշ պարգեւէ ազատ, անկախ ու միացեալ հայրենիքի իրականացման երթին։
Ապա բեմ բարձրացան Սուրիոյ Պատանեկան եւ Երիտասարդական միութիւններու անդամներէն բաղկացած երգչախումբ մը, որ յաջորդաբար ներկայացուց «Հայեր Միացէք», «Դրոյի Յիշատակին», «Թող Հնչեն Շեփոր» եւ «Սարդարապատ» երգերը, գեղ․ ղեկավարութեամբ Գէորգ Արոյեանի։
Գեղարուեստական յայտագրին իր մասնակցութիւնը բերաւ Համազգայինի «Շուշի» պարախումբը, որ յաջորդաբար ներկայացուց երկու պար։
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս՝ Մեթր Մարիա Գաբրիէլեան, օրուան պատգամը ուղղելու։ Բանախօսը ներկայացուց անկախութեան նախորդող օրերուն տիրող պայմանները եւ զուգահեռներ գծեց այդ օրերու տիրող կացութեան եւ ներկայ իրավիճակին միջեւ։ Այս ընդհանուր ներկայացումէն ետք եզրակացուց, թէ մենք ինչո՛ւ այսքան փառաւոր շուքով կը տօնենք Մայիս 28-ը եւ ինչո՛ւ այսքան կը կարեւորենք Հայաստանի առաջին հանրապետութեան ծնունդը։
Ան ընդգծեց «Ազգ, հայրենիք, անկախութիւն եւ ընկերային արդար կարգեր՝ միջազգային նոյնքան արդար ու ներդաշնակ համակեցութեան մը մէջ այն ամրակուռ սիւները, որոնց վրայ կը խարսխուի մեր գաղափարական ամբողջ կառոյցը Մայիսեան դիւցազնամարտէն առաջ, դիւցազնամարտի օրերուն եւ դիւցազնամարտէն ետք մինչեւ այսօր»։
Գաբրիէլեան լուսարձակի տակ առաւ այն հրամայականները, որոնք առաջնահերթ կը դառնան մեր ծրագրերու իրականացման ճամբուն վրայ։ Անոնք են՝ ա) ներազգային առումով հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ, ներազգային անդորրի վերականգնում, բ) մեր ինքնութեան, ազգային կրթութեան ու հայեցի դաստիարակութեան ծրագրերու վերաթարմացում, գ) քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման հարցի հետապնդում, դ) ազգի մարտունակ ոգիի վերականգնում, ե) եկեղեցւոյ զօրացութիւն, հայ եկեղեցւոյ ու հոգեւորականի իրենց բարձունքին վրայ պահպանում, զ) պատրաստուածութիւն՝ մշակուած նախագիծերով, կազմակերպ շարքերով, յստակ ռազմավարութեամբ եւ գործնական մարտավարութեամբ։ (Բանախօսութիւնը ամբողջութեամբ տեսնել թերթի ներկայ համարի 4-5 էջերուն վրայ)։
Գեղարուեստական յայտագրի եզրափակիչ բաժինով Արփի Գրտանեան, Գարլա Աթաշեան եւ Համազասպ Շաքարեան ասմունքեցին Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ առ Երեւան» ոտանաւորէն հատուածներ։
Լիլիթ Ժամկոչեան եւ Յակոբ Քիւրքճեան օրուան թեմային շուրջ պատմական ներկայացում մը կատարելով յիշեցուցին, որ ժողովուրդներու պատմութիւնը միայն պարտութեամբ չի գրուիր, կան պահեր, երբ ազգ մը մահուան եզրին կանգնած ըլլալով անգամ կը գտնէ իր վերածնունդի ուժը եւ կը ծնի ապրելու, գոյատեւելու եւ պետականութիւն կերտելու անոր կամքը։ Ահաւասիկ այդ ազգերէն մէկն է հայ ժողովուրդը, որուն պատգամը 1918-ի մայիսեան հերոսամարտերէն մինչեւ այսօր նոյնն է՝ պայքարիլ, դիմադրել, կառուցել եւ յաւերժացնել ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի տեսալականը։
Աւարտին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը օրուան եզրափակիչ իր խօսքով ըսաւ. «Ազատութիւնը եւ անկախութիւնը Աստուծոյ կողմէ մարդուն շնորհուած մեծագոյն արժէքներն են, որոնցմով ան կարելիութիւն կ’ունենայ ինքզինք արտայայտելու, ստեղծագործելու եւ շէնցնելու երկիրը։ Առանց ազատութեան եւ ակնախութեան, մարդը, մանաւանդ հայը, որ Աստուծոյ նուիրուած ու պայքարող ժողովուրդ է, չի կրնար ծաղկիլ ու բարգաւաճիլ»։
Մակար Սրբազան լուսարձակի տակ առաւ երկու ճշմարտութիւններ՝ հաւատքը առ Աստուած եւ սէրը առ հայրենիք, շեշտելով որ բոլոր պատերազմներուն ալ եկեղեցականը եւ աշխարհականը ձեռք ձեռքի տալով պայքարած են, իսկ երբ իրարու դէմ ելած են՝ ձախողած են։
Ապա դիմելով ներկաներուն ըսաւ.«Մենք մեզ, հայրենիքի նկատմամբ մեր սէրը եւ հայրենակերտ բոլոր արժէքները ինքնաքննութեան ենթարկենք։ Թող Աստուած զօրացնէ մեզ, մեր մէջ բոցավառէ հայրենասիրութեան, ազգասիրութեան ու եկեղեցասիրութեան կրակը, Սարդարապատեան մաքառումի կրակը, թող իմաստութիւն շնորհէ հայրենիքի եւ սփիւռքի պետական, ազգային եւ կուսակցական մեր գործիչներուն, որպէսզի պողպատեայ կամքով ու գիտակցութեամբ գործենք։ Տէր դառնանք անկախութեան, որովհետեւ ան նուէր չի տրուիր, այլ միաւորեալ ու հեռատես գործունէութեամբ, պայքարով կը պահպանուի»։
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ այս առիթով հրաւիրուած հայրենի երգիչ Սամուէլ Երանեանը՝ ներկայացնելու փունջ մը ազգային եւ յեղափոխաան երգեր, որոնց ընդմէջէն կը յաւերժանան մեր ազգային արժէքները եւ մարդկային իրաւունքներու վերատիրացման համար մղուող մնայուն պայքարի ոգին։
Ժողովուրդը խանդավառ մթնոլորտի մէջ ընկերակցեցաւ երգիչին։ Պատանիներ եւ երիտասարդներ Հայաստանի եւ Սուրիոյ դրօշները պարզած բեմ բարձրացան ու երգեցին միասնաբար։ Տօնական այսպիսի մթնոլորտի մէջ հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ։
Սեւան Շահպազեան