Եագուպիէ աւանը Կիլիկեան մոռցուած անկիւններէն մին է, որ կը գտնուի Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան կողմը, Ճսըր Շուղուրի մարզին մէջ, Հալէպ քաղաքէն 125 ք․մ․ հեռաւորութեան վրայ։ Այստեղ հայութիւնը հաստատուած է տարբեր անկիւններէ գաղթելով, հաւանաբար մեծամասնութիւնը Անտիոքի հովիտէն: Զարմանալիօրէն բոլորն ալ արաբախօս եղած են, սակայն պահած ու պահպանած են իրենց սովորութիւնները ու կառչած են Հայաստանեայց Առաքելական Ս․ Եկեղեցւոյ հաւատքին ու օրէնքներուն։ Կրնամ ըսել որ ժամանակի ընթացքին այս գաղութի հայութիւնը բաւական դժուարութիւններ դիմագրաւած է, սակայն պահած ու պահպանած է իր հաւատքը։
1965-ին, գիւղի հոգեւոր հովիւ Տ․ Ներսէս Քհնյ․ Թաթարեան Հալէպ կը փոխադրուի ու եկեղեցին փակ կը մնայ։ Նիւթական դժուար պայմաններու բերումով Եագուպիէի Ազգային Վերածունդ վարժարանի պայմանները կը դժուարանան եւ փակուելու վտանգը կը սպառնայ անոր։ Հալէպ բնակող եագուպիէցի ազգայինները սաստիկ կը մտահոգուին այս վտանգաւոր երեւոյթին՝ երկու ազգապահպան սիւներու դպրոցի ու եկեղեցւոյ փակման վտանգին ընդառաջ։ եագուպիէցի ազգասէր բժիշկ Աբահամ Սմբատ Երէցեան կոչով մը Հալէպ բնակող եագուպիէցիները իր բնակարանը կը հրաւիրէ ու միասին 1970-ին կը հիմնեն Եագուպիէի Հայրենակցական Միութիւնը։ Միութեան նպատական էր ուսումնասիրել Հալէպ բնակող եագուպիէցիներու վիճակը ու իրենց զաւակները տեղաւորել հայկական դպրոցներու մէջ, միաժամանակ առողջապական օգնութիւններ ներկայացնել անդամներուն եւ թիկունք կենալ Եագուպիէի ազգապահպանման զոյգ սիւներուն՝ դպրոցին եւ եկեղեցւոյ։
1970-ին հիմնուած այս միութիւնը կեդրոնի չգոյութեան պատճառով մինչեւ օրս իր ժողովները կը գումարէ վարչականներու բնակարաններէն ներս։ Ներկայ վարչութեան եւ ատենապետ Ռաֆֆի Երէցեանի աշխատանքով կը վճռեն կեդրոն ունենալ ու այս նպատակը կ՚իրականացնեն բաւական ծանր աշխատանքով։ Կեդրոնին բացումը կը կատարուի Կիրակի, 7 Յունիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 5։00-ին, ներկայութեամբ եւ բարձր հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Մակար Ս․ Արք․ Աշգարեանի։
Բացման խօսքով Պարոյր Պիթար կ՚ողջունէ սրբազան հօր ներկայութիւնն ու հովանաւորութիւնը, ապա կ՚անդրադառնայ միութեան ներկայացուցած ծառայութիւններուն։ Հանդիսավար տիկին Անի Խեչօ կը ներկայացնէ օրուան յայտագիրը, որ կը պարունակէ գեղարուեստական բաժին (նուագ, երգ եւ ասմունք), ապա ֆիլմի ցուցադրութիւն՝ պատրաստուած պարոն Սարօ Երէցեանի միջոցաւ, Փաթիլ Երէցեանի ընկերակցութեամբ։ Ֆիլմը կը ներկայացնէ միութեան աշխատանքը հիմնադրութեան օրէն մինչեւ այսօր։ Ֆիլմի ցուցադրութենէն ետք, միութեան վարչութիւնը կը պարգեւատրէ նախկին ատենապետ Աբրահամ Ապտո Երէցեանը՝ իր երկար տարիներու աշխատանքին ու ծառայութեան համար, ձեռամբ Գերշ․ Տ․ Մակար Սրբ․ Արք․ Աշգարեանի։ Այնուհետեւ Աբրահամ Երէցեան շնորահակալական իր խօսքէն ետք կը յայտնէ, թէ կարիք չկայ խօսելու միութեան աշխատանքներուն մասին, քանի որ ֆիլմի ցուցադրութիւնը կը բացատրէ միութեան աշխատանքը եւ իւրաքանչիւր նկար կը մարմնաւորէ յուշ մը, պատմութիւն մը։

Ապա միութեան ատենապետ Ռաֆֆի Երէցեան յուշանուէր մը կը յանձնէ սրբազան հօր, որ կը խորհրդանշէ օրուան առիթը։
Հայաստանէն ժամանած Արաքսի Տիրարեան ներկաներուն կը փոխանցէ հայրենիքի մէջ գտնուող եագուպիէցիներուն բարեմաղթութիւնները։ Իսկ Տիկնանց Յանձնախումբը կոկիկ հիւրասիրութեամբ կը քացրացնէ մթնոլորտը։

Բերիոյ Հայոց ԹԵմի Առաջնորդը իր եզրափակիչ խօսքով օրհնեց կեդրոնը եւ բեղուն գործունէութեան իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց միութեան անդամներուն։

Հիմա պէտք է միասին մտածել, թէ հարիւրաւոր տարիներու այս հայկական գաղութը ինչպէ՞ս կաելի է փրկել կորուստէ, երբ երիտասարդներու մեծամասնութիւնը ցրուած է ի սփիւռս աշխարհի։ Յոյսով ենք որ անկարելին կարելի կը դառնայ՝ իրականացնելու այս նպատակը։

Աբրահամ Երէցեան