Հակափտածութեան Կոմիտէի նախագահ Արթուր Նահապետեան յայտարարած է, որ 2026 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններէն յետոյ իրաւապահ մարմինները պիտի շարունակեն գործուն աշխատանքը ընտրական յանցագործութիւններու բացայայտման համար, եւ թէ յառաջիկային կը սպասուին նոր խուզարկութիւններ, ձերբակալութիւններ ու քրէական հետապնդումներ։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդումին համաձայն, Ազգային Ժողովի մշտական յանձնաժողովներու միատեղ նիստին 2025-ի պետական պիւտճէի կատարման տարեկան հաշուետուութեան քննարկումի ընթացքին պատգամաւոր Գեղամ Նազարեան հետաքրքրուած է, թէ ի՛նչ քայլեր անհրաժեշտ են ապագային ընտրակաշառքի եւ ընտրական բնոյթի այլ յանցագործութիւններու դէմ պայքարը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու համար։