Սուրիոյ հայկական վարժարանները բոլորեցին իրենց ուսումնական տարեշրջանը։ Տարեվերջի հանդէսները եղան հայ դպրոցի կենսունակութեան վկայութիւնը՝ համայնքին պարգեւելով ուսումնատենչ ու ժիր շրջանաւարտներու նոր աւիւն։ Այս օրերուն սկսած են նաեւ միջնակարգի եւ երկրորդականի (պրովէ եւ պաքալորիա) պետական քննութիւնները, որոնցմէ ետք մեր երիտասարդները համարձակ քայլերով մուտք պիտի գործեն Սուրիոյ զանազան համալսարաններ՝ դառնալու վաղուան արհեստավարժ սերունդը։
Այս ցնծալի մթնոլորտին կողքին, սակայն, չենք կրնար անտեսել դառն իրականութիւնը. երկրի տնտեսական ու քաղաքական ծանր պայմաններուն հետեւանքով՝ հայկական վարժարաններու աշակերտութեան թիւը այս տարի եւս նուազած է։ Մայր հայրենիք  տեղափոխութիւնը կը շարունակէ նօսրացնել աշակերտութեան շարքերը։
Այս տագնապը կրնանք եւ պա՛րտաւոր ենք վերածելու պատեհութեան։ Թիւի նուազումը մեզի կարելիութիւն կու տայ հիմնովին բարելաւելու դասաւանդութեան որակն ու պայմանները։
Տարիներ առաջ ծնողներն ու կրթական մշակները արդարացիօրէն կը տրտնջային գերյագեցած դասարաններէն, ուր աշակերտներու թիւը երբեմն կը հասնէր քառասունի։ Նման պայմաններու մէջ ուսուցիչը ֆիզիքապէս անկարող էր իւրաքանչիւր աշակերտի անհատական մօտեցում ցուցաբերելու, իսկ աշակերտները երբեմն կը տառապէին կեդրոնացումի պակասէն։ Այսօր այդ դժուարութիւնը, բնականաբար,  գոյութիւն չունի։ Սակաւաթիւ դասարանները ներկայ օրերուն թոյլ կու տան, որ իւրաքանչիւր աշակերտ դառնայ ուսուցիչին կամ դաստիարակին ուշադրութեան կեդրոնը, կարելիութիւն կու տան նաեւ դասաւանդման արդիական ձեւերու կիրարկման՝ թուայնացուած պաստառներու օգտագործում, աշակերտներու անհատական ուսումնասիրութիւններու կրկնապատկում, զրոյցներու, դաշտային ուսուցումներու յաւելեալ առիթ եւ այլն։
Այս դրական նշոյլը կեանքի կոչելու համար, սակայն, անհրաժեշտ է արմատական ոստում կատարել։ Մեր վարժարանները պէտք է քայլ պահեն ժամանակակից կրթական չափանիշերուն հետ։ Ասիկա կ’ենթադրէ տեղեկատուական արհեստագիտութեան ներդրում, առցանց հարթակներու միջոցով դպրոց-ծնողք կապի արդիականացում եւ կրթական ծրագրերու թարմացում։ Յատուկ կարեւորութիւն պէտք է տրուի արուեստի, մարզանքի եւ հայերէնի արդիական միջոցներով ուսուցումին (մտաւորականներու, սփիւռքահայ լեզուաբան-
ներու կամ գրականագէտներու հետ աշակերտութեան առցանց զրոյցներով), ինչպէս նաեւ աշակերտական պարբերաթերթերու վերահրատարակման (նոյնիսկ առցանց տարբերակով), որովհետեւ անոնք կը հանդիսանան ազատ խօսքի եւ ստեղծագործական միտքի դարբնոցը։
Սուրիահայ դպրոցը միայն չոր գիտելիք ջամբելու վայր չէ.  ան ազգային ինքնութեան պահպանման դարբնոցն է, ուստի այսօրուան երիտասարդին համար պէտք է դառնայ կենսունակ ու գրաւիչ միջավայր։
Այս բոլոր բարեփոխումներու առանցքը, անշուշտ, ուսուցիչն է։ Դասարաններու փոքր թիւը որակ չի ստեղծեր, եթէ կրթական մշակը զինուած չըլլայ դասաւանդման ժամանակակից միջոցներով։ Ուստի, կարեւոր է նաեւ ուշադրութիւն դարձնել ուսուցիչներու պարբերական վերապատրաստման, ինչպէս նաեւ  անոնց համար նիւթական ու աշխատանքային արժանապատիւ պայմաններու ապահովման։
Սուրիահայ դպրոցը երկրի մակարդակով մրցունակ դարձնելը ծրագրեալ աշխատանքի կը կարօտի։ Ուսումնական խորհուրդ, խնամակալութիւն, հոգաբարձութիւն,  տնօրէնութիւն եւ համայնքային պատասխանատուներ հարկ է, որ խորհրդակցաբար ռազմավարութիւն մշակեն, նիւթական եւ կազմակերպչական ներդրումներ ապահովելով լծուին այս գործին։ Ժամանակն է, որ քանակի կորուստը հատուցենք որակի բարելաւումով, որպէսզի հայ դպրոցը շարունակէ մնալ մեր համայնքի յառաջընթացի գլխաւոր երաշխաւորը։