Ազգի մը պատմութիւնը, պետութեան հողային ամբողջականութիւնն ու նախնեաց արեամբ նուիրագործուած յաղթանակները «պատմական տարտ» կամ «աւելորդ բեռ» որակելը ոչ միայն քաղաքական տհասութեան արգասիք է, այլեւ՝ ժողովուրդը կանխամտածուած յիմարացնելու եւ անդամալուծելու վտանգաւոր փորձ։
Ընտրական քարոզարշաւներու ընթացքին հնչած՝ Հայաստանի վարչապետին այն թէզը, թէ պատմութեան էջերը փակելով ու Արցախի նուիրական դատէն հրաժարելով կարելի է «անհոգ ու ազատ» ապրիլ, տրամաբանութենէ, պատմական փաստերէ եւ իրականութենէ զուրկ հաստատում է պարզապէս։
Իրականութիւնը ճիշդ հակառակն է։ Երբ պետութեան ղեկավարը պատմական հայրենիքի կենսական տարածքները
կը հռչակէ «բեռ» եւ կը կատարէ թշնամիին բոլոր նախապայմանները, ան ոչ թէ կ’ազատագրէ ժողովուրդը, այլ զայն ուղղակիօրէն կը դարձնէ թշնամիի թիրախ։ Պատմական պատասխանատուութենէն փախուստ տալով՝ հասարակութեան ուսերուն կը դրուի շատ աւելի ծանր, անտանելի ու նուաստացուցիչ բեռ մը՝ անազատ ու ենթակայ ապրելու, յարատեւ վախի ու սպառնալիքի տակ գոյատեւելու բեռը։
Որեւէ պետական այր, ամէն բանէ առաջ, նուազագոյնը պատմութեան դասերը չարհամարհելու եւ իր արմատներուն տէր կանգնելու պարտաւորութիւնը ունի։ Միթէ՞ վարչապետը տեղեակ չէ, որ իր կողմէ «պատմական տարտ» համարուող Արցախի ամրոցին՝ Շուշիի մէջ ծնած Արամ Մանուկեան հանդիսացաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիրն ու կերտիչը։ Եթէ Արամն ու իր զինակիցները 1918-ի Մայիսեան հերոսամարտերու օրերուն առաջնորդուէին հայրենի հողն ու պատմութիւնը «աւելորդ բեռ» կամ «տարտ» համարելու տկարամտութեամբ, այսօր աշխարհի քարտէզին վրայ գոյութիւն չէր ունենար Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Պատմութիւնը պաշտպանելու յանդգնութիւնն էր, որ ծնունդ տուաւ անկախութեան։ Նոյնը ըրաւ նաեւ Գարեգին Նժդեհը՝ Սիւնիքը ազատագրելով։
Արցախը երբեք բեռ չէ եղած։ Անիկա արեան գնով արձանագրուած յաղթանակի, ազգային արժանապատուութեան վերականգնումի եւ հանրապետութիւն կերտած արի ժողովուրդի խորհրդանիշն էր։ Այդ հպարտութեան կորուստը, զոր կը փորձեն փաթթել ժողովուրդի վզին, կը քանդէ պետութեան դիմադրողականութիւնը։
Աշխարհի վրայ չկայ որեւէ ղեկավար, որ իր ազգի պատմութիւնը «տարտ» կամ աւելորդ բեռ համարէ եւ համոզուած ըլլայ, որ անվերջ զիջումներ կատարելով կարելի է հանգիստ ապրիլ։ Այս մօտեցումը դիւանագիտական բացարձակ սնանկութիւն է։ Չկարենալով բանակցութիւններու սեղաններուն շուրջ կամ միջազգային ատեաններու մէջ պաշտպանել հայ ազգին իրաւունքները՝ ներկայ վարչախումբը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ նոյնիսկ երկրի Սահմանադրութիւնը փոխելու՝ դրացի երկրին պահանջով։
Հասած ենք այնպիսի ողբերգական կէտի մը, ուր յանուն կեղծ «խաղաղութեան»՝ պատրաստ են հայութեան հազարամեայ խորհրդանիշ Արարատ լեռը ջնջել հայ ազգի յիշողութենէն։ Ասիկա ի՞նչ է, եթէ ոչ ինքնութեան կամաւոր ուրացում եւ ժողովուրդին ուղղուած հոգեբանական ճնշում։
Մեր ներկան պատմութեան արմատներուն վրայ հիմնուած է եւ անկէ սնանած։ Ժողովուրդին ազատութիւնը կ’երաշխաւորուի հզօր, հպարտ եւ իր արմատներուն կառչած պետականութեամբ, ոչ թէ պատմութեան դասերէն հրաժարելու եւ հայրենիքի տարածքները որպէս «բեռ» թշնամիին սկուտեղի վրայ մատուցելու տհասութեամբ։