Հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ յաճախ կը խօսինք ազգային ինքնութեան պահպանման մասին։ Բայց ի՞նչ է ինքնութիւնը, եթէ ոչ ազգի մը գոյութեան հիմնասիւները՝ լեզուն, կրօնքը, մշակոյթը, պատմութիւնն ու պետականութիւնը։
Թերեւս առարկողներ ըլլան, թէ հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ ապրեցաւ առանց սեփական հողի ու թագի, բայց կրցաւ ծաղկեցնել իր մշակոյթն ու գոյատեւել։ Ուրեմն, ի՞նչ փոխուեցաւ պետութեան կերտումով։
Փոխուեցաւ աղէտի ընթացքը։ Այո՛, հայութիւնը դարեր շարունակ տոկաց մաքառումի ու նահատակութեան գնով, բայց մնաց օտար տիրապետութիւններու կամայա-կանութեանց ենթակայ։ Յաճախ ինկաւ կացինի ու եաթաղանի հարուածներուն տակ։ Տեղահանութեանց ահաւոր մրրիկներուն մէջ կորսնցուց ո՛չ միայն հող ու կոթող, այլեւ՝ քաղաքակրթական հսկայական ներուժ։
Ազգային զարթօնքն էր, որ հայուն առջեւ բացաւ իր անձնական ճակատագիրը տնօրինելու ուղին։ Մեր ռահվիրաները՝ գրիչով թէ զէնքով, միտքով թէ դիւանագիտութեամբ, փորձեցին կոտրել ստրկութեան շղթաները։ Եւրոպական համալսարաններէն վերադարձող մտաւորականութիւնը եկաւ սթափեցնելու ժողովուրդը եւ մերժելու ստրկամտութիւնը։ Այդ ներքին ազատագրումն էր, որ ծնունդ տուաւ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի ու Ղարաքիլիսէի հերոսամարտերուն՝ յանգելով 28 Մայիս 1918-ի հրաշքին։
Մայիս 28-ը շրջեց մեր պատմութեան ողբերգական ընթացքը։ Վեցդարեայ ստրկութենէն ու Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ետք, պետականութեան կերտումը եղաւ գոյութենական շրջադարձ։ Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիրները, պետական կառոյցներու կողքին, հաստատեցին մշակութային, գիտական ու կրթական հիմնարկներ։ Ասոնք պիտի երաշխաւորէին նոր սերունդներու ազգային գիտակցութեան ձեւաւորումը։
Միւս կողմէ, Ցեղասպանութեան եւ Հայաստանի խորհրդայնացման հետեւանքով յառաջացաւ Սփիւռքը։ Անոր կազմակերպման մէջ հսկայական դեր ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան դաշնակցական կերտիչները, որոնք գաղութները առաջնորդեցին պետական մտածողութեամբ։ Սփիւռքը ստեղծեց ինքնութեան պահպանման կենսական միջավայր։ Տասնամեակներ ետք, տնտեսական ու քաղաքական գետնի վրայ զօրանալով, ան սկսաւ սատար կանգնիլ հայրենիքին, քաջ գիտակցելով, որ որպէս հայութեան կազմակերպ մէկ թեւը՝ իր պարտականութիւնն է զարգացնել ազգային ժառանգութիւնն ու սատար կանգնիլ Հայաստանի Հանրապետութեան։
Այսօր, 108 տարիներու հեռաւորութենէն, երբ կը դիտենք անցեալի այդ լուսաւոր էջը, մեր դիմաց կը ցցուին ներկայի ողբերգական պատկերները՝ Արցախի կորուստը, հայրենի տարածքներու բռնագրաւումն ու պատմական ճշմարտութիւնները հարցականի տակ դնելու ներկայ իշխանութիւններու փորձերը։ Դարձեալ կը փորձեն հայուն հայրենիքը առաջնորդել աղէտի ու ստրկութեան ուղիով։
Սակայն Մայիս 28-ը կերտողներու կամքը կը մնայ անխախտ փարոս։ Այդ պետականակերտ սերունդին ժառանգորդները միասնական ոգիով կրնան ու պէ՛տք է փակեն այսօրուան տագնապներուն էջը՝ յանուն ինքնութեան եւ անկախ պետականութեան պահպանման։
Մայիս 28-ը ստեղծող ժողովուրդը անպայման պիտի ունենայ իմաստութիւնը՝ յուսահատելու փոխարէն աւելի աշխոյժ քաղաքական ու քաղաքացիական մասնակցութիւն բերելու Հայաստանի վերածնունդին։