Այսօր Միջին Արեւելքը կը գտնուի աշխարհաքաղաքական այնպիսի ահաւոր տագնապի մը սեմին, որուն կործանարար հետեւանքները կրնան վերջնականապէս հրկիզել տարածաշրջանի խարխուլ կայունութիւնը։ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ արձանագրուած զինուորական վերջին բախումներն ու ամերիկեան հետախուզական բացայայտում-ները յստակօրէն ցոյց կու տան, որ ուժի կիրարկման վրայ հիմնուած քաղաքականութիւնը ոչ միայն չի լուծեր առկայ հարցերը, այլեւ տարածաշրջանը կը վերածէ գերտէրութիւններու շահարկման դաշտի։
Ամերիկեան «The Washington Post» պարբերականի հրապարակած գաղտնի զեկոյցները լուսարձակի տակ կը բերեն այն իրողութիւնը, որ Իրանի դէմ շղթայազերծուած ռազմական արշաւէն ամէնէն աւելի օգտուողը եղաւ Չինաստանը։ Մինչ ԱՄՆ իր զինուորական պաշարները կը սպառէր Ծոցի տարածաշրջանին մէջ, Փեքին յաջողեցաւ ամրապնդել իր դիրքերը՝ զէնք վաճառելով արաբական երկիրներուն եւ տնտեսական ու դիւանագիտական առաւելութիւններ ապահովելով։ Հորմուզի նեղուցի փակման պատճառով յառաջացած ուժանիւթի տագնապն իսկ չկրցաւ ընկճել Չինաստանը, որ իր կանաչ արհեստագիտութիւնը վերածեց քաղաքական ազդեցութեան զէնքի եւ նոր դաշնակիցներ շահեցաւ Ասիոյ մէջ։
Մինչ գերտէրութիւնները կը հաշուեն իրենց տնտեսական շահերը, տարածաշրջանի ազգերն ու փոքրամասնութիւնները կը վճարեն իրենց արիւնով եւ ապագայով։
Աշխարհաքաղաքական այս ամբողջ թոհուբոհին մէջ, Սուրիան եւս կը գտնուի դժուար կացութեան առջեւ։ Դամասկոսի նոր իշխանութիւնները, գիտակցելով երկրի հիւծած վիճակը,
կը փորձեն որդեգրել առաւելագոյն զսպուածութեան եւ հեռաւորութեան քաղաքականութիւն՝ ձգտելով երկիրը զերծ պահել ԱՄՆ-Իսրայէլ-Իրան ուղղակի բախման կրակէն։ Արաբական ընտանիքին հետ յարաբերութիւններու վերականգ-նումը եւ Արեւմուտքի հետ վերստին կապեր հաստատելու փորձերը յստակ կը դարձնեն տարածաշրջանային սուր հակամարտութիւններէն զերծ մնալու եւ սուրիական արեւելումը փոխելու Դամասկոսի ցանկութիւնը։
Սակայն, գետնի վրայ տիրող իրականութիւնը ցոյց կու տայ, որ բացարձակ չէզոքութիւն պահելը պարզ ու դիւրահաս քայլ մը չէ։ Տարիներու ընթացքին ձեւաւորուած ռազմավարական կապերը Թեհրանի եւ Մոսկուայի հետ, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան մերթ ընդ մերթ կատարուող ռմբակոծումները Սուրիոյ հարաւային արուարձաններուն վրայ՝ չեն արտօներ երկիրը ամբողջութեամբ դուրս եկած համարել տարածաշրջանային հաշուեյարդարներու թատերաբեմէն։ Չէզոքութիւնը Սուրիոյ համար հաւասարակշռութիւն պահելու ճիգ է։
Այսօր, երբ Իսրայէլ կը փորձէ պատերազմի ճակատները ընդլայնել Կազզայէն մինչեւ Լիբանան ու Իրան, ակնյայտ է, որ զինուորական յառաջխաղացքը պարզապէս աւելի կը սրէ կացութիւնը։ Կողմերը հարկ է որ դիմեն ողջախոհութեան, վերջ տալու այս պատերազմին եւ բանակցութեան սեղան վերադառնալու։
Հարցերու լուծումը դիւանագիտական ճամբով փնտռելը հրամայական է նախ համաշխարհային տնտեսական տագնապներէ զերծ մնալու համար։ Փաստօրէն պատերազմի շարունակութիւնը կրնայ ամբողջութեամբ վտանգել համաշխարհային ուժանիւթի շուկան եւ յառաջացնել տնտեսական այնպիսի ճգնաժամ մը, որուն բեռը պիտի կրէ ամբողջ մարդկութիւնը։
Տարածաշրջանի երկիրները, որոնք արդէն իսկ տարիներէ ի վեր կը տառապին անկայունութենէ, չեն կրնար յաւելեալ վնասներ ու աւերներ հանդուրժել։ Ժամանակն է, որ Ուաշինկթըն եւ Թեհրան, Փեքինի եւ Մոսկուայի միջնորդութեամբ, գտնեն փոխզիջումային այնպիսի բանաձեւ մը, ուր ո՛չ յաղթող կայ, ո՛չ ալ պարտուող։ Այս դիւանագիտական ելքը, որքան ալ ներկայ պայմաններուն մէջ դժուար իրագործելի թուի, Միջին Արեւելքի բազմաչարչար ժողովուրդներու, ներառեալ հողին կառչած մնացող քրիստոնեայ համայնքներու գոյութեան համար կարեւոր երաշխիք է։