Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամի վերջերս Դամասկոս կատարած այցելութիւնը պարզ դիւանագիտական քայլ մը չէր, այլ՝ երկու դրացի երկիրներու միջեւ առկայ սառոյցները հալեցնելու եւ իրականութեան հետ դէմ յանդիման գալու համարձակ փորձ մը։
Երկար տարիներու տագնապներէն, կասկածամտութենէն ու փոխադարձ մտահոգութիւններէն ետք, այսօր Պէյրութ եւ Դամասկոս կը գտնուին հասարակաց շահերու նոր քարտէզի մը առջեւ։
Վարչապետին ընկերակցող նախարարական պատուիրակութիւնը՝ յատկապէս ուժանիւթի, տնտեսութեան եւ հանրօգուտ շինութեանց ոլորտներէն, յստակ պատգամ մը կը փոխանցէ. լիբանանեան կողմը Դամասկոս չէ ժամանած լոկ արարողակարգային տեսակցութեան համար, այլ՝ կենսական հարցերու շուրջ գործնական լուծումներ որոնելու։
Անվիճելի է, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ սահմանը չի կրնար մնալ լոկ լարուածութեան կամ անջատման գիծ։ Ուժանիւթի տագնապը, փոխադրութեան դժուարութիւնները, առեւտրական կապերու վերաշխուժացումը եւ սահմանային ապահովութիւնը այնպիսի հարցեր են, որոնք կը պահանջեն սերտ գործակցութիւն։ Այսօր քաղաքականութիւնը պարտաւոր է տեղ բանալ տնտեսական գործակցութեան։
Աշխարհագրութիւնը երկու երկիրներուն կը թելադրէ դառնալ իրարու թիկունք եւ ոչ թէ՝ բեռ։ Եթէ Լիբանանը Սուրիոյ համար դէպի Միջերկրական բացուող պատուհան է, Սուրիան ալ Լիբանանի համար կենսական ցամաքային միջանցք է դէպի արաբական աշխարհ։
Ժամանակն է, որ Պէյրութն ու Դամասկոսը վերագտնեն դրացնութեան բնականոն ընթացքը՝ հիմնուած փոխադարձ յարգանքի եւ շահաւէտ գործակցութեան վրայ։ Յուսանք, որ այս այցելութիւնը կը հանդիսանայ այն անկիւնադարձը, որուն շնորհիւ աշխարհագրական մերձաւորութիւնը կը վերածուի կայունութեան եւ բարգաւաճման երաշխիքի։
Սուրիոյ եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւններու սերտացումը եւ պետական մակարդակով գործակցութիւնը անմիջական եւ բազմաշերտ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ տեղւոյն հայ համայնքներուն վրայ եւս։ Քանի որ մեր գաղութները պատմականօրէն եւ կառուցուածքային առումով սերտօրէն կապուած են իրարու, ուստի դրական իւրաքանչիւր տեղաշարժ իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ նաեւ հայ համայնքներուն ու անոնց միջեւ գործակցութեան սերտացման վրայ։