9 Յունիսին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան մամլոյ ասուլիս մը տուաւ` անդրադառնալով ընտրակեղծիքներուն եւ ընդդիմութեան հետագայ քայլերուն:
«Հայաստան» դաշինքը 7 Յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններու` շարք մը տեղամասերու քուէարկութեան արդիւնքները բողոքարկած է, տեղի պիտի ունենայ վերահաշուարկ. ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:
«Ակնյայտ է, որ կան տեղամասերուն մէջ ստորագրուած արձանագրութիւններու եւ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի կայքին մէջ տեղադրուած տուեալներու անհամապատասխանութիւն», նշեց Իշխան Սաղաթէլեան:
«Մենք կը պատրաստուինք դիմել Սահմանադրական դատարան` վիճարկելու ընտրութիւններուն արդիւնքները: Ակնյայտ է, որ ընտրութիւնները տեղի ունեցած են ճնշումներու, ոչ արդար, ոչ ազատ պայմաններու մէջ, ատոր համար կան բազմաթիւ փաստեր, թղթածրարը կը պատրաստուի»:
Անդրադառնալով պատգամաւորական լիազօրագիրերը ստանձնել-չստանձնելու հարցի քննարկումներուն` Սաղաթէլեան ըսաւ. «Այս հարցերու պատասխանը ունենալէ ետք եւ համապատասխան խորհրդակցութիւններ կատարելէ ետք ընդդիմադիր գործընկեր քաղաքական ուժերու հետ, որովհետեւ այդ որոշումը պէտք է ըլլայ միասնական, մեր դիրքորոշումը վերջնականապէս պիտի յայտնենք: Մեր տալիք որեւէ որոշում պիտի բխի ընդհանուր պայքարի տրամաբանութենէն»:
Ան շեշտեց, որ իրենք այս գործընթացին մէջ կարեւոր կը նկատեն նաեւ այն հանգամանքը, որ հասկնան Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան շեմը յաղթահարելու հարցը, որովհետեւ իրենց կարծիքով` այդտեղ ակնյայտ ապօրինութիւն տեղի ունեցած երրորդ ընդդիմադիր ուժի մուտքը Ազգային ժողով սահմանափակելու առումով:
Իշխան Սաղաթէլեան դիմեց քաղաքացիներուն` յորդորելով չյուսահատիլ եւ չընկճուիլ:
«Իրականութեան մէջ, ծանր մթնոլորտ է, թրքահպատակ իշխանութիւնը, որ երկիրը պիտի տանի նոր փորձութեան մը, վարչական խայտառակ մեթոտներով կը փորձէ վերարտադրութիւնը ապահովել: Սա ի հարկէ ծանր հարուած է այն մարդոց համար, որոնք դուրս եկած են պայքարի: Այս պահուն կրնամ ըսել, որ մենք աննահանջ պիտի շարունակենք մեր պայքարը, որովհետեւ հաշտուիլ, համակերպիլ պիտի չըլլայ», ըսաւ ան:
Երէկ որոշ ընտրատեղամասերու պարագային քուէարկութեան վերահաշուարկ տեղի ունեցաւ: Ըստ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի, ընդհանուր թիւով 30 դիմում ներկայացուցած էին «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան, «Միասնութեան թեւեր» կուսակցութեան եւ «Հայաստան» կուսակցութիւններու դաշինքի վստահուած անձեր եւ թեկնածուներ: «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը անճշդութիւններու մասին բարձրաձայնած էր նախանցեալ օր, երբ միայն չորս ընտրատեղամասերու մէջ, ընդդիմադիր կուսակցութեան տուեալներով, 120 ձայն Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը չէր հաշուարկած: «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան արձանագրած անճշդութիւնները պիտի ուղղուին ու արդէն արտացոլուած պիտի ըլլան ուրբաթ օր հրապարակուելիք քաղուածքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ կիրակի օր հրապարակուելիք ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքներուն մէջ: Այս մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցեց Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի բանբերը: Ըստ վերահաշուարկի այս մասնակի արդիւնքին, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը անցած եղաւ քուէներու 4 տոկոսի շեմը, ուստի իրաւունք կ՛ունենայ ներկայացուելու խորհրդարանին մէջ:
Իր կարգին, «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի լիազօրուած անձը քանի մը տասնեակ տեղամասերու մէջ վերահաշուարկ կատարելու դիմումներ ներկայացուցած է Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբ, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցեց պատգամաւորի թեկնածու Գոհար Մելոյեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Սահմանադրական դատարանին մէջ կը պատրաստուի՞ն վիճարկել 7 յունիսի խորհրդարանական ընտրութեան արդիւնքները, Մելոյեան պատասխանեց` որոշում պիտի կայացնեն վերջնական արդիւնքներու յայտարարութենէն ետք:
Այս ընթացքին քաղաքական բնոյթի հետապնդումները շարունակուեցան Հայաստանի ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներու նկատմամբ: Երէկ հանրային քրէական հետապնդում յարուցուած է ու մեղադրանք առաջադրուած է «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի նկատմամբ` առանձնապէս խոշոր չափերով հարկերէ խուսափելու համար, յայտնեցին Գլխաւոր դատախազութենէն:
«Բարգաւաճ Հայաստան»-ի ղեկավարին նկատմամբ խափանման միջոց ընտրուած է երկրէն բացակայելու արգելքը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքո Ռուպիո «Էքս»-ի վրայ երէկ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Կը շնորհաւորեմ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը` անոր կուսակցութեան վերընտրուելուն առիթով: Միացեալ Նահանգները կանգնած են վարչապետ Փաշինեանի եւ Հայաստանի կողքին` խաղաղութեան ձգտման ճանապարհին»:
«Մենք յանձնառու ենք առաջ մղել Ուաշինկթընի պատմական խաղաղութեան վեհաժողովի նպատակները, ներառեալ «Թրամփի միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման ուղիի»` ԹՐԻՓՓ-ի իրականացումը: Մենք կ՛ակնկալենք միասին աշխատիլ` Հարաւային Կովկասի մէջ եւ անկէ դուրս խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ բարգաւաճում ապահովելու ուղղութեամբ», գրած է Ռուպիո: