Եւ ահա մօտեցանք ազգային – հոգեւոր կեանքի ակունքին՝ Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ։ Սալիպէ թաղին մէջ զիրար կռնակ տուած եկեղեցիներու տիրապետութիւնն է այս։ Տարբեր ոլորապտոյտ, նեղ ու սալարկուած բաւիղներէ հոս կրնաս հասնիլ՝ եթէ, անշուշտ, չկորսուիս։ Հետեւաբար նախընտրելի է որ Թիլէլով իջնես ու «պաշտօնական» ճանապարհով մտնես։ Եւ ահա ոսկերիչներու շուկայի մէջէն կը մտնես փոքրիկ հրապարակ մը, զոր հայերը, չեմ գիտեր ինչու՝ «Երեք անթել»
կը կոչեն։ Եթէ հոգեւորն ու ոգեղէնը ուզենք բարեխառնել՝ աջին նեղ անցք մը կը տեսնենք. կրնանք մտնել ու յայտնուիլ ազգային այլ կեդրոնի մը՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան հիւրընկալ բակը։ Հրապարակին կեդրոնը, իր քարէ բարձրադիր դիրքէն, Սահէթ Ֆարհաթ կը հսկէ իր կռնակին ու ձախին աղօթող եկեղեցիներուն խաղաղութիւնը։ Հոնկէ նեղ ու ոլորապտոյտ նրբանցք մը զքեզ
կը հասցնէ Հայոց տունը՝ Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցի։ Նախապէս քանիցս շուարեր ու մոլորեր եմ այդ նեղ ու քարէ պատերով բաւիղներուն մէջ ու կորսուելու տագնապ զգացեր քաղաքին կեդրոնը…։ Եթէ ճամբաներուն ծանօթ ես՝ ետդարձը կրնաս Հոգետունէն ընել, յիշելու համար հայոց հետքերը հոս։ Եւ ընդհանրապէս՝ հայութեան հետքերը հոս թաղին չափ հին են՝ անոր ու պատմութեան վկաներ ու կերտիչներ։ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը շատեր ըրած են, կրնաք ծանօթանալ, նպատակս նշել է միայն, որ ան դարերով բազմած է հոս՝ ներկայիս կամ այլ տեսքով։ Ան վկան է այս հողին վրայ գործած, զայն շէնցուցած՝ հայոց բազում սերունդներու անցքին։ Անոր հովանիին տակ էր որ, իբրեւ ծխական դպրոց, հարիւր վաթսուն տարի
կը գործէր Հայկազեան վարժարանը։ Պատերազմի ու արտագաղթի հետեւանքով ան դադրեցաւ ինքնուրոյն գործելէ ու մաս կազմեց Ազգային Միացեալ վարժարանի։ Հայ վարժարանի մը գոցուիլը՝ հայոց կեանքի սովոր ցաւերէն մին…։ Մայր Եկեղեցւոյ հովանիին տակ է նաեւ թանգարանը, ուր ցաւի ու հպարտութեան խառնուրդով կրնաս դիտել Կիլիկիայէն բերուած՝ եկեղեցական ու կենցաղային իրերու սքանչելի նմուշներ՝ անցած փառքերու հետքեր…։ Հալէպի հայկական եկեղեցիներէն իւրաքանչիւրը իր հմայքն ունի, սակայն բոլորովին այլ զգացողութեամբ կը համակուիս այս հինաւուրց եկեղեցւոյ կամարներուն տակ։ Անձնապէս ինծի համար Հայոց Եկեղեցին, հաւատքի կեդրոն ըլլալէ զատ, իրապէս «ծննդավայրն է հոգւոյս», ազգային ոգիին՝ ինքնութեանս խոր գիտակցութեամբ։ Հոն ես հայոց դարերը
կը տեսնեմ ու յաճախ, արարողութեան պահուն՝ չորրորդ, հինգերորդ դարերէն մինչեւ ուշ միջնադարու հայ հոգեւոր հայրերուն կատարած պատարագին ներկայ ըլլալու զգացողութիւնը կ’ապրիմ ու, Մեծարենցին պէս՝ իմ ալ «Հոգիս քիչ-քիչ կը թաղուի անուրջին մէջ այդ չքնաղ»…։ Մայր Եկեղեցին անյիշելի օրերէ ի վեր հիւրընկալած է Երուսաղէմ գացող ու դարձող ուխտաւորներ, ապա իր հովանիին տակ առած է Ցեղասպանութենէն փրկուած ու Հալէպ ծուարած հայորդիները։ Յիշենք ուրեմն, որ Հայը հոս հիւր չէ, այլ տանտէր, եւ որ Հալէպը նախանախամայր է աւելի, քան «Մայր գաղութ»։
Եկեղեցիներու մասին երբ կը խօսիս, չես կրնար չանդրադառնալ, թէ Հալէպը հաւանաբար աշխարհի ամէնէն հոգեւոր քաղաքներէն է՝ իր «Հազար ու մէկ եկեղեցիներով»։ Յիշենք, որ «եկեղեցի-էկլեսիա» յունարէն բառը լայն առումով հաւատացեալներու հաւաք կը նշանակէ։ Այդ իմաստով եկեղեցի են բոլոր կրօններու տաճարները, իսկ անոնք Հալէպին մէջ անհամար են, ահա թէ ինչո՛ւ Հալէպը հոգեւոր քաղաք է նաեւ՝ նիւթական ըլլալէն առաջ։ Բաղդատաբար աւելի նոր՝ Ազիզիէ թաղամաս տեղափոխուելէս ետք առաւել շեշտուած կերպով զգացի այդ իրականութիւնը։ …Ու այս պահուս, երբ գրիչս Հալէպի յուշերս կը շարադրէ, նոյն ատեն ունկնդիր եմ Հայոց Եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ պատարագին։ Հոգիս կը հալեցնէ Մակար Եկմալեանի «Սուրբ, Սուրբ»-ը եւ կը տեղափոխէ «Երազային Հալէպ»։ Հոն, ուր ամառուան ջերմ գիշերներուն երազներս կ’օրօրէին տարբեր կողմերու մզկիթներէ եկող, միահիւսուող ու քաղցրօրէն ծորացող աղօթքները, իսկ առաւօտներս կը լուսաւորէին մօտակայ Լատինաց եկեղեցւոյ զանգերը։ Մինչդեռ կը լսէի, թէ՞ կ’երեւակայէի լսել ալիքուող ղօղանջը Մայր Եկեղեցւոյ, որ խանդով կը յորդորէր իր զաւակները՝ չգայթակղիլ շրջակայ բազում եկեղեցիներու կանչէն եւ իր հայաբոյր կամարներուն տակ հանգչիլ…։
Հիմա, քանի դեռ այս թաղամասին մէջ ենք, առիթէն օգտուելով, կ’ուզեմ ետ դառնալ, անցնիլ բուրդի շուկան ու հասնիլ Աուճէթ ալ-Քայեալի՝ մտնելու համար հոգեւոր այլ ոլորտ։ Հալէպցիներու համար ան կրնայ անուշ բուրմունքն ըլլալ «ճոզ ըլ-հընտ»-ին՝ արեւելեան անուշեղէն, որուն ամէնէն համեղը հոս կը պատրաստեն՝ թարմ ու բուրաւէտ։ Բայց մենք հոգեւորի մասին կը խօսինք եւ հետաքրքիր ենք հասկնալ, թէ ի՛նչն է որ հոս կը հրաւիրէ հետաքրքրասէր անձեր ու մանաւանդ՝ եւրոպացիներ։ Ահա խանութի մը առջեւ կեցած է բարձրահասակ, թեթեւակի կորացած թիկունքով ու, անկասկած, հայկական արծուենի քիթով տղամարդ մը՝ Ռուբէն Պարսումեան (լոյս իր հոգւոյն)։ Եթէ որեւէ սովորական խանութպանի հետ շփոթես զինք՝ մեծ սխալ ըրած պիտի ըլլաս։ Ան հանրագիտարան է, ձիրքերով ու հմտութեամբ՝ շառաւիղը հայոց ստեղծարար երակին՝ հմուտ արհեստաւոր ու արուեստագէտ հաւասարաչափ, դերասան ու փիլիսոփայ, ուսումնասիրող՝ անկասկած։ Զրուցասէր է ու կրնայ լիարժէք տեղեկութիւն տալ՝ ոչ միայն Հալէպի արհեստներու աշխարհի մասին։ Պղինձէ հին իրերու հսկայական կոյտ մըն էր իր խանութը, ոչ այնքան վաճառքի համար, որքան որ իր հաւաքածոն նոր իրերով հարստացնելու միջոց։ Վարպետներու ձեռակերտ հրաշալիքներ կային հոն եւ շատերու նախանձին ենթակայ։ Պատերազմի առաջին իսկ օրերուն մարդիկ գիշերով քանդեցին խանութին պատը եւ հիմնովին կողոպտեցին տասնեակ տարիներու ընտիր հաւաքածոն։ Յոյս ունենանք, որ գոնէ իր ուսումնասիրութիւնները օր մը հրատարակուին, ցաւօք՝ յետ մահու։
Ու հիմա՝ Հալէպի գետնուղիները։ Հին Հալէպի կեդրոնական այդ թաղամասը շինուած էր հետիոտն, ձիով, էշով կամ ջորիով, առաւելագոյնը՝ կառքով մուտք գործելու համար, բայց նոր ժամանակներուն հոն կը թխմուին նաեւ ինքնաշարժներ։ Անոնք, բարեբախտաբար, ոչ բոլոր անցքերը կրնան մտնել եւ այդ կ’ապահովէ թաղին միջնադարեան անդորրն ու իւրայատկութիւնը։ Անծանօթը կրնայ կորսուիլ բազմաթիւ բաւիղներու մէջ ու յանկարծ յայտնուիլ անսպասելի տեղեր։ Հազիւ մէկ կամ երկու հոգի քովէ քով քալելու չափով լայնք ունեցող այդ անցքերը երբեմն եզերուած են նեղլիկ խանութներով, որոնք աւելի
կը նեղցնեն զանոնք, երբեմն ալ պարզապէս անհիւրընկալ թուացող պատերով կը սահմանուին։ Բայց այս քաղաքին մէջ հիւրընկալութիւնը, պարտականութենէ աւելի, պատիւ կը սեպուի, հետեւաբար մի՛ վարանիր, զարկ մետաղէ փակ դարպասներէն որեւէ մէկուն ճկիկն ու քու առջեւ գաղտնիքներ պիտի բացուին։ Վստահ եմ, որ ձեզմէ շատեր եղած են այդ արաբական տուներու մէջ ու գիտեն գաղտնիքը, զոր անոնք կը թաքցնեն՝ գետնուղիները։ Անոնցմէ երկուքը տեսած եմ ու շատ տպաւորուած։ Կ’ըսուի, թէ բերդին շուրջը պատող հին քաղաքին տուներէն նման բազմաթիւ գետնուղիներ կ’երթան ու կը հասնին բերդ։ Պատերազմական շրջաններուն անոնք կը պահէին կապը քաղաքին ու բերդին միջեւ, իսկ խաղաղ օրերուն տանտիկիններու սառնարաններն էին, ուր կաւէ մեծ ու պզտիկ բղուղներու, կճուճներու մէջ կը պահուէին բարիքները՝ իւղը, ապխտած մսեղէնը, պանիրը, ընդեղէնը, «ու մեղրն ու կաթն ու գինին»։ Բակին մէկ անկիւնը գետնին դռնակ մը կը բացուէր, որ խխունջաձեւ կամ պարուրաձեւ ոլորուելով՝ կ’իջնէ, ու պաղութիւնը կ’աւելնայ։ Իւրաքանչիւր ոլորանի վրայ կան հողին մէջ լայնքին խորացած խոռոչներ, որոնք ալ ծառայած էին որպէս սառնարաններ։ Այնուհետեւ ուղիղ կամ ոլոր-մոլոր գացող ուղին, ուրիշներու հետ խաչաձեւուելով՝ կը հանէր բերդ։ Իմ տեսածները որոշ տեղ արդէն պետութիւնը մետաղէ դռնակով գոցած էր։
Ու սակայն… աւանդութիւնը շարունակուեցաւ մեր օրերուն, երբ զինեալները նորանոր գետնուղիներ փորեցին՝ քաղաքին մէջ իրենց ուզած տեղը հասնելու համար։ Յայտնաբերուածները պետութիւնը բացաւ ու ասդին անդին փողոցներու մէջ խրամատներ յայտնուեցան։ Շուտով անոնք հասարակաց աղբանոցներ դարձան, ապա, պատերազմէն ետք, գոցուեցան։
«Հոթէլ Պարոն». ինչե՜ր կը խօսի այս անունը…։ Հալէպին մէջ հայերուս կապուած հրաշալիքները անհամար են։ Ես բոլորին չեմ հասած ծանօթանալ, բայց, անտարակոյս, հանրայայտ էր «Հոթէլ Պարոն»-ը կամ Պարոն հիւրանոցը եւ մեծ անարդարութիւն պիտի ըլլար, եթէ հոս չյիշէինք զայն։ Նոյնանուն պողոտային վրայ բազմած ազնուական շուք ունեցող այդ շէնքը աւելի քան հարիւրամեակ մը եղած է քաղաքին ամէնէն նշանաւոր պանդոկը։ Ան հիւրընկալած է բազում նշանաւոր անձեր՝ արքաներ, իշխաններ, երկիրներու նախագահներ, պետական ու քաղաքական նշանաւոր գործիչներ, գրողներ, մարդիկ, որոնցմէ ոմանք նաեւ ճակատագրական դեր կատարած են հայերուս կեանքին մէջ, ինչպէս՝ Մուսթաֆա Աթաթուրք։ Իր աքսորի ճանապարհին կարճ շրջան հոս իջեւանած է նաեւ Գրիգոր Զօհրապ եւ մերժած է խումբ մը հայ ու արաբ անձանց կողմէ զինք փրկելու առաջարկը, քանի որ… կը հաւատար թուրքի արդարութեան։ Հոս Բարսեղ Կանաչեան յօրինած է իր անզուգական «Օրօր»-ը, հոս Ակաթա Քրիսթին գրած է իր վէպը, որ դարձած է ֆիլմ՝ «Արեւելեան Ճեպընթացը»…։ Սակայն կ’ուզեմ առանձնացնել անուն մը, որուն հետ առնչուած յիշողութիւն մը ունիմ՝ Լորենս Արաբիացի (Lawrence of Arabia)։
Այս անձին մասին «Գարուն» ամսագիրին մէջ արտատպուած յօդուած մը կարդացեր էի (Լորենս Արաբացի, «Այդ անհնարին հայերը», Լինքոլն Սթեֆէնս, Փարիզ, 1931թ. Outlook and Independent ամսագիր)։ Տպաւորուած էի, թէ անգլիացին ինչպէս կրցած էր ճանչնալ հայերս ու համապատասխան եզրակացութեան գալ։ Կրնաք ինքներդ գտնել ու կարդալ ամերիկացիին յօդուածը, ես հոս ամփոփում կ’ընեմ։ Լորենսը կը գտնէր, թէ հայերը, ըլլալով հնագոյն ազգ՝ բարձր քաղաքակրթութիւն ունին եւ անհնար է զանոնք կառավարել (շահագործել), քանի որ անոնք կը մերժեն ուրիշի համար (երբեմն նաեւ իրենց համար) աշխատիլ, այլ միջոցներ կը գտնեն ուրիշները իրենց օգուտին աշխատցնելու։ Համոզուած էր, որ հայերը պէտք չէ Հայաստան ունենան, կամ որեւէ տեղ կուտակուին, քանի որ աշխարհին կրնան տիրել։ Ըստ իրեն՝ այդ մէկը հասկցեր էին շուրջի ժողովուրդները եւ յաճախ փորձեր էին զանոնք կոտորել, բայց չէին յաջողած լիովին ոչնչացնել… Եւ ինք ճամբայ կը խորհէր հայերը ոչնչացնելու…։
Լալա Միսկարեան-Մինասեան