Ուշադրութեան արժանի է «լումայափոխ» սահմանումը, որ ուղղակիօրէն կը նշանակէ «պանքեր», այսինքն՝ տնտեսական եւ դրամական ծառայութիւններ մատուցող հաստատութիւն։ Այս իմաստով գործածուած է անիկա Օսմանեան Կայսրութեան մէջ՝ ԺԸ. եւ ԺԹ. դարաշրջաններուն։ Ուրեմն, «պանքը կամ դրամատունը» միջազգային պատմութեան մէջ շատ հին հաստատութիւն մըն է, որուն արմատները
կը հասնին մինչեւ Ն.Ք. 10000 – 9500 թուականները, երբ մարդկային ընկերութիւնը որսորդութենէն անցաւ գիւղատնտեսական հասարակարգի։
Աւելի ուշ, երբ ընկերութեան հարստութիւնը՝ ինչպէս հացահատիկը, ոսկին ու արծաթը, սկսաւ կուտակուիլ հեթանոսական տաճարներուն մէջ, տաճարները ստանձնեցին դրամատուներու դերակատարութիւնը՝ որպէս ընկերութեան կարիքները հոգացող հաստատութիւններ (Ն.Ք. 4500 – 350)։ Այս իրողութիւնը հաստատուած է նաեւ տաճարներու արձանագրութիւններով, որոնք կը ծառայեն որպէս յուշագրութիւններ, պատուէրներ, փոխանակագրեր եւ հաշուեցուցակներ։
Նշանաւոր տաճարներէն յիշատակելի են յունական Եփեսոսի Արտեմիսի, Սամոսի Հերայի եւ Դելֆիի Ապողոնի տաճարները, իսկ հայ իրականութեան մէջ՝ Անահիտի տաճարը։ Յիշենք նաեւ, թէ ոսկիի, պղինձի եւ արծաթի ճանաչումէն առաջ, Անատոլուի շրջանին մէջ որպէս հարստութիւն գործածուած է նաեւ օպսիտիան (վանաքար) քարը։
Դրամատուներու պատմութեան յաջորդ անկիւնադարձը
կը հանդիսանայ «Համուրապիի օրէնսգիրքը» (Ն.Ք. 1792 – 1750)՝ որպէս ուղեցոյց, մասնաւորաբար իր 100, 122, 124 եւ 125-րդ յօդուածներով։ Հին ժամանակներէն ի վեր միջազգայնօրէն ընդունուած ձեւ եղած է վարկերու, տոկոսներու, հարկերու ու դրամի գործածութիւնը, ինչպէս օրինակ՝ Չինաստանի, Հնդկաստանի, Եգիպտոսի, Պարսկաստանի, Յունաստանի եւ Հռոմի մէջ։ Պտղոմէոսի գահակալութեան օրով (Ն.Ք. 305 – 284) գանձարանը տաճարներէն կը փոխանցուի «պետական պահոց», որ պատասխանատու կ’ըլլայ նաեւ դրամներու հատման։
Նախապէս դրամներու հատումը կը կատարուէր տաճարներու մէջ, որոնցմէ նշանաւոր է Յունո Մոնեթայի տաճարը (Juno Moneta temple), իսկ Ն.Ք. 325-ին կը ստեղծուի Հռոմի հանրային դրամատունը։
Կրօններու միջամտութիւնը, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի երեք կրօնները, որոշ տարբերութիւններով, կ’արգիլեն տոկոսի գործածութիւնը.
– Հրէական կրօնքը կ’արգիլէ տոկոսագումար վերցնել հրեաներէն, սակայն կը պարտաւորեցնէ տոկոսագումար գանձել ոչ-հրեաներէն։
– Քրիստոնէական կրօնքի համոզումով կ’արգիլուի տոկոսագումար վերցնել այն պատրուակով, թէ որեւէ դրամական գործունէութիւն սնունդի կը ծառայէ եւ պէտք չէ շահագործուի շահաբեր հասոյթի համար, ինչ որ
կը նկատուի վաշխառութիւն։
– Իսլամական կրօնքը խստիւ կ’արգիլէ տոկոսագումարը՝ որպէս Աստուծոյ կողմէ տնօրինուած աններելի յանցանք (ըստ Ղուրանի եւ Սուննայի)։
Մինչդեռ տոկոսագումարը ընդունելի էր եւ օրինական խեթերու, ուրարտացիներու, փիւնիկեցիներու, եգիպտացիներու եւ ընդհանրապէս հեթանոս բոլոր ժողովուրդներուն մօտ։
Հայերուն համոզումը հիմնուած է «նահապետական կառոյցի» վրայ։ Հայկական ընկերութիւնը ազգը կը համարէ նահապետական մէկ ընտանիք. հոն խստիւ կը պատուիրուի ընկերութեան երէցին՝ լիակատար ուշադրութիւն եւ աչալուրջ շրջահայեացութիւն ցուցաբերել իր հաւաքականութեան որեւէ մէկ անդամին մարմնական ու հոգեկան առողջութեան ու բարօրութեան հանդէպ.  ան պատասխանատուն է այս բոլորին։ Հայը քրիստոնէութիւնը ընդունած է որպէս ազգային ինքնորոշման խարիսխ։
Հետագային հայը՝ որպէս Մետաքսի ճանապարհի իշխաններէն մին, կը շարունակէ իր երթը դէպի ապագայ՝ զարգացնելով վաճառականութիւնը։ Արաբական խալիֆայութեան ժամանակաշրջանին ան կը կերտէ հայ վաճառականութեան փառքը «Բագրատունեաց հարստութեամբ», ինչ որ կը վկայեն Դուինն ու Անին։ Բագրատունեաց անկումով հայութիւնը տարածուեցաւ ամբողջ աշխարհով մէկ՝ հիմնելով առեւտրական գաղութներ Լեհաստանէն մինչեւ Հապէշստան, եւ Մանիլայէն մինչեւ Ամսթրտամ։ Ան դարձաւ միջազգային վաճառականութեան իշխանը, ճանչցաւ աշխարհի գրեթէ բոլոր ժողովուրդներն ու անոնց գործելակերպը, սովորութիւնները, լեզուն, եւ շնորհիւ իր յատկանիշերուն՝ շահեցաւ բոլորին վստահութիւնը՝ բարեկամ ըլլայ թէ թշնամի։ Ասիկա իրականացաւ շնորհիւ՝
– Իր պապենական համոզումին՝ որպէս նահապետական ժողովուրդ,
– Իր կազմակերպած միջազգային ցանցին,
– Առեւտուրի արուեստը անընդհատ զարգացնելուն։
Ան իր աւանդի վարկերը առաւելաբար գործածեց պետութիւններու կայունացման եւ ոչ թէ անհատներու շահագործման համար. գործածեց վարկերը մենաշնորհներ ապահովելու ու վաճառականութիւնը խթանելու աշխարհի որեւէ ցանկալի տարածքի մէջ, ինչպէս՝ Պարսկական Կայսրութեան, Հնդկաստանի մոնկոլական (Մուղալ) սուլթանութեան, Ռուսական Ցարութեան, Լեհական իշխանութեան, Վենետիկի հանրապետութեան, Կիպրոսի ֆրանսական Լուսինեան թագաւորութեան, Հապէշի կայսրութեան, Եգիպտոսի Ֆաթիմեան սուլթանութեան եւ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ։
Մինչ Եւրոպան կը կքէր, եւ հսկայ թագաւորութիւններ կը հիւծէին կրօնական մոլեռանդութեամբ, հազիւ 1200 թուականէն ետք միայն՝ հրեաներու ներթափանցումով, Պապական կաթողիկէ եկեղեցւոյ թուլացումով, Սուրբ Տաճարի Ասպետներու (Holy Templar Knights) կազմակերպութեամբ եւ Քրիստոնեայ Հիւրընկալ Ասպետներու (Hospitaller Christian Knights) ներկայութեամբ, Եւրոպայի հարուստ քաղաքներուն մէջ սկսան երեւիլ վարկատու ընտանիքներ, ինչպէս՝ Իտալիոյ մէջ Լոմպարտ (Lombard) ընտանիքը, Ֆրանսայի մէջ Քահորսին (Cahorsin) ընտանիքը, Ֆլորենցիոյ մէջ՝ Աչչիայուոլի (Acciaiuoli), Մոցցի (Mozzi), Բարտի (Bardi) եւ Մետիչի (Medici) ընտանիքները։ Դարձեալ, ԺԶ. դարուն, բողոքական շարժումը թոյլատրեց դրամատնային գործունէութիւնը։ 1407-ին հիմնուեցաւ Ժենովայի (Genova) Սուրբ Գէորգ դրամատունը՝ գերիշխելու Միջերկրական ծովու վաճառականութեան վրայ։ ԺԷ. դարուն հիմնուեցաւ «պալատական հրեաներու» (court jews) դրութիւնը, ինչ որ տարածեց վարկատուներու ներկայութիւնը Եւրոպայի մէջ, ինչպէս՝ Ֆուկըրներու պանքը (Fuggers bank) եւ Պերենպերկ պանքը (Berenberg bank) Գերմանիոյ մէջ, Ամսթրտամի պանքը (Bank of Amsterdam) Հոլանտայի մէջ, իսկ 1565-ին կազմուեցաւ Լոնտոնի Արքայական Սակարանը (Royal Exchange)։
Այս բոլորին կողքին, ԺԶ. դարուն, Օսմանեան Կայսրութիւն հասաւ հրեայ մեծահարուստ Ալվարո Մենտեսը ՝ իր հետ բերելով 85,000 ոսկի դուկատ, Սուլթան Սիւլէյման Ա.-ի գահակալութեան օրով, եւ անցնելով Պաղտատ՝ խթանեց Մետաքսի ճանապարհի վաճառականութիւնը։
Տնտեսական ուժը աշխարհի կենսունակ աւիշն է, եւ Օսմանեան Կայսրութիւնը, 1453 թուին տիրանալով Պոլսոյ, իր կողքին ունեցաւ Ղալաթիոյ պողոտան՝ որպէս իր տնտեսական սիրտը, ուր ներկայ էին Ժենովայի եւ Վենետիկի առեւտրականները, որոնք եղան ջահակիրները Օսմանեան Կայսրութեան տնտեսական բոլոր կարիքներուն։
Աւելի ուշ, Ղալաթիոյ հայ լումայափոխները, փոխարինելով տեղական ուժերը, հոգացին կայսրութեան տնտեսական բոլոր կարիքները։ Սակայն միջազգային տնտեսական զարգացումները, օրէ օր կայսրութեան բազմացող պարտքերը, խճճուած քաղաքականութիւնը ու փաշաներու աճող փտածութիւնը (փողակերութիւնը), Պալթա Լիմանի համաձայնագիրով ստիպեցին Սուլթան Ապտիւլ Մեճիտ Ա.-ը բարեկարգել կայսրութեան վարչաձեւը՝ 1839-ին Թանզիմաթի (Բարենորոգումներու) յայտարարութեամբ, եւ 1856-ին Պանք Օթոմանի հիմնադրութեամբ։ Նախատեսուած էր, որ անիկա գործէ որպէս կայսրութեան կեդրոնական դրամատունը, որ պիտի հետապնդէր տնտեսական կայունութիւնը, թողարկէր թղթադրամներ  ու հակակշռէր պարտատոմսերն ու բաժնետոմսերը։
Պանք Օթոմանը հիմնադրուեցաւ 12 լումայափոխներու ջանքերով, որոնցմէ 8-ը հայ էին (Պէզճեան, Յակոբեան, Չամիչեան, Յովհաննէսեան, Գազազեան, Գարամանեան, Չէզայիրլեան, Գապամաճեան), իսկ մնացեալները՝ 1 յոյն, 1 ֆրանսացի, 1 անգլիացի ու 1 ռուս։ Բանտի տնօրէնները միշտ ալ ընտրուեցան եւրոպացիներէն, մասնաւորաբար՝ անգլիացիներէ։ Սակայն պանքի ապագայ ժամանակաշրջանը եղաւ ալեկոծ՝ բազմացող պարտքերու կուտակումով, եւրոպական տէրութիւններու ազդեցութեան յարատեւ աճով, Ռուսական Կայսրութեան ճնշող պատերազմներով եւ դրամական նախնական համակարգի պատճառով։
Գործածուեցաւ թղթադրամը՝ ոսկի եւ արծաթ մետաղադրամներու կողքին, ինչ որ պատճառ դարձաւ սեւ (մութ) սակարանի գոյութեան. առեւտուրը կ’ընթանար տարբեր արժէքներու եւ ծանրութեան դրամներու գործածութեամբ, եւ մարդիկ ստիպուած կ’օգտագործէին մետաղադրամի կշիռքներ։ 1870-ին սակարանը (պորսան) հասաւ մինչեւ գիւղերը։ 1873-ին հաստատուեցաւ արժեթուղթերու սակարանի առաջին օրէնքը, իսկ 1881-ին հաստատուեցաւ նաեւ արժեթուղթերու սակարանի կանոնակարգը եւ ստեղծուեցաւ Օսմանեան Պետական Պարտքերու Վարչութիւնը։ Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի գահակալութեան շրջանին, Գանձապետութեան նախարար Յակոբ Փաշան (Օհաննէս Մարգարեան) յատուկ ուշադրութեամբ ընդլայնեց կառավարութեան յանձնակատարին լիազօրութիւններն ու կարգաւորող գործիքները։
Տնտեսագիտութիւնն ու առեւտուրը, որպէս ուսուցման առարկաներ, ներառուեցան պետական միջնակարգ դպրոցներու ծրագրերուն մէջ։ Այս ընթացքին Ղալաթիոյ դրամատէրերը հիմնադրեցին նաեւ այլ դրամատուներ, ինչպէս՝
– «The Credit General Ottoman» (1869 թուական),
– «The Bank of The Societe Ottomane de Change et de Valeurs» (1872 թուական),
– «Franco-British firms: The Societe Generale de l’Empire Ottoman» (1884 թուական)։
Սակայն 1875 – 1885 թուականներուն երկրին պարտքերը օրէ օր աւելի կուտակուեցան, ու կառավարութիւնը յայտնուեցաւ սնանկութեան եւ սաստիկ ճգնաժամային վիճակի մէջ։
Ճրտգ. Կարպիս Մինասեան