Երեք տիկին-պատգամաւորուհիները հրաւիրեր եմ եւ կը դժուարանամ իրենց հետ զրուցելու: Թերեւս այդ է պատճառը, որ նախ աղուոր սուրճ մը դրի սեղանին, յետոյ քոնեաքի շիշը չորս փոքրիկ գաւաթներով, պնակ մը տուրմ եւ թխուածքի մեծ աման մը:
Սուրճը կը խմէինք, բայց լռութիւնը կը շարունակուէր. կ’երեւի իրենք եւս զարմացեր էին, թէ ինչո՛ւ խանգարեր եմ իրենց յաւիտենական հանգիստը եւ կանչեր զրոյցի:
Կատարինէ Չալեան-Մանուկեան, Արամ Մանուկեանի տիկինը, Պերճուհի Պարտիզպանեան-Բարսեղեան, Սարգիս Բարսեղեանի կինը եւ Վարիա (Վարվառա) Սահակեան, Աւետիք Սահակեանի բժշկուհի կինը: Երեքին ալ կեանքը հարուստ է բուռն դէպքերով, անհաւատալի եւ լռուած քաջութիւններով: Արժանի են ուշադրութեան:
Ես- Բարի եկած էք իմ համեստ սեղանիս, որ շատ հեռու է ձեզի պատիւ տալէ: Դուք՝ երեք տիկիններդ, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան առաջին Խորհրդարանի պատգամաւորներ ընտրուեր էք: Իրապէ՛ս հպարտալի երեւոյթ է ասիկա, երբ մեծ, մեր երկրէն շա՜տ աւելի մեծ երկիրներ բաւական ուշ այդ իրաւունքը տուեր են իրենց կիներուն՝ ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունքը. Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ միա՛յն 1920-ին կիներուն իրաւունք տրուեր է ընտրել, Անգլիոյ մէջ՝ 1928-ին, Ֆրանսայի համար՝ 1944-ին, իսկ Զուիցերիոյ մէջ 1971-ին, թուելու համար մէկ քանին աշխարհի երկիրներէն: Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս:
Պերճուհի – Թերեւս մեր երկիրը փոքր էր, ժողովուրդին թիւը եւս փոքր, կարիք ունէինք բոլոր ձայներուն անխտիր:
Կատարինէ- Մի՛ մոռնաք սակայն, որ հայ կինը մի՛շտ ալ առաջնահերթ եղեր է իր առօրեայ կեանքին մէջ, եւ այդ՝ կարծես բնազդաբար, զգալով որ իր մասնակցութիւնը տունէն դուրս էական է իրենց՝ ընտանիքին, համայնքին, քաղաքին ու երկրին համար: Օրինակ են իրենց բացակայ թագաւոր ամուսիններուն տեղ թագաւորող կիներէն մինչեւ ֆետայի կիները…
Վարիա- Բոլորս ալ Հայաս?տանէն դուրս ծներ ենք եւ զօրաւոր կերպով կը զգանք հայրենիքին արժէքը…
Պ- Նաեւ այն, որ 1906 թուականին հայ կինը եկեղեցական ընտրութիւններուն մասնակցելու՝ ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւասութիւն ստացած էր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կողմէ:
Երեքն ալ կը խօսէին խորունկ հաւատքով եւ հաստատակամութեամբ, բան մը որ կու գայ իրենց ապրած կեանքին ծանրութենէն, իրենց ձեռք բերած նուաճումներուն դժուարութենէն:
Ե- Ի՞նչ է ձեր դերը գլխաւորաբար Խորհրդարանէն ներս:
Պ- Հիմա կը զգամ, որ մերը հանդարտ տրամաբանութեան ձայնն էր, ժամանակի մը մէջ, որ քաոսային էր եւ շատ խառնակ:
Ե- Ձեր ձայնը լսելի՞ էր այնտեղ:
Կ- Լսելի՛ էր, որովհետեւ պոռալու փոխարէն կը խօսէինք, եւ կը խօսէինք մի՛շտ ժողովուրդը նկատի առնելով: Օրինակ. կը խօսէինք տեղէ մը, որուն մասին տղամարդիկ այնքան ալ գաղափար չունէին՝ որբերու խնամքէն:
Վ- Եւ ուսումի ու կրթութեան հարցերէն. ճիշդ է, որ այդ շարժումը վաղուց սկսեր էր Արեւմտահայաստանի գաւառներուն մէջ, սակայն իրողապէս ուսուցչուհիները կարեւոր դեր ունեցած են հոն, հակառակ իրենց փոքր թիւին:
Ե- Որբերու խնամք, կրթական եւ ուսումնական հարցեր… ուրի՞շ:
Պ- Այո՛, Վարիան նոյնիսկ նոր մեթոտով մանկապարտէզներ բանալու մասին զեկոյց մը ունեցաւ  Նոյեմբեր 28-ի (1919) նիստին:
Կ- Ես կը կարծեմ, որ քաղաքական հարցերուն մէջ կրնայինք մեր ձայնը աւելի՛ լսելի դարձնել, բայց որբերու հոգատարութիւնը  այնքա՜ն ժամանակ կը խլէր, որ…
Պ- Ճիշդ է Կատարինէն. ինք բժշկուհի էր եւ բազմաթիւ հարցեր, ինչպէս դեղորայքի պակասը զինք խորապէս կը մտահոգէին. կարծես նախազգացում ունեցեր էր, որովհետեւ ճիշդ այդ շրջանին էր, որ դեղորայքի պակասէն մահացաւ Վարիային զաւակը:
Վ- Մի՛ մոռնաք սակայն, որ բոլորս ալ յեղափոխական օրիորդներ ըլլալով, նուիրուած էինք լուսաւոր գաղափարներ տարածելու աշխատանքին:
Ե- Տարբեր երկիրներ ծնած էք, Պերճուհին ծներ է 1889-ին Էտիրնէ, ապրեր է Փլովտիւ, Ժնեւ, Թիֆլիս եւ ի վերջոյ Երեւան, Առաջին Հանրապետութեան օրերուն: Վարիայի ծնունդին թուականը յստակ չէ, իսկ Կատարինէն…
Ցաւով  եւ տխրութեամբ կը նկատեմ որ թէեւ ընտրուած, բայց պատմութեան մէջ իրենց կեանքին մանրամասնութիւնները կորսնցուցեր են այս երեք հայուհիները, մանրամասնութիւններ, որոնք կրնային լուսաբանել մեզ այսօր:
Ե- Ինչպէ՞ս  եղաւ որ ուզեցիք մաս կազմել խորհրդարանին:
Կ- Կ’երեւի անկախ հայրենիք մը ունենալու գաղափարը շատ ուժեղ էր, մենք որ այլ վայրերու մէջ ծներ էինք… հող ունենալ եւ «մերը» կոչել զայն գիտէ՞ք ի՜նչ մեծ հարստութիւն է…
Ե- Կարճ տեւեց սակայն այդ «հարստութիւն»-ը դժբախտաբար: Զարմանալի չէ ուրեմն, որ բոլորդ ալ մեծ ճիգ թափեր էք ժողովուրդին կեանքը բարելաւելու համար, կրթութեան թէ առողջապահութեան ոլորտին մէջ:
Կ- Ըսեմ նաեւ, որ հակառակ կարճ ժամանակաշրջանին, խորհրդարանը կարեւոր գործեր կատարեց. երբ երրորդ նիստին, բաց քուէարկութեամբ ընտրուեցան խորհրդարանական տասներկու յանձնաժողովներ, անոնցմէ երեքին մէջ էինք մենք, ես՝ բժշկական-սանիտարականին, իսկ Պերճուհին եւ Վարիան՝ դպրոցական-կրթականին մէջ:
Վ- Թերեւս Կատարինէն համեստօրէն լուռ մնայ իր շատ կարեւոր մէկ իրագործումին մասին. թոյլ տուէք որ ըսեմ. իր ծրագրով ևի վերջոյ բժշկուհի էր և եւ «յանձնաժողովի անդամներուն ջանքերով, Երեւանի քաղաքային հիւանդանոցին մէջ, 1920-ի Յունուարէն սկսեալ, միջնակարգ բժշկական դպրոց մը հիմնուեցաւ, ուր ընդունուեցան միմիայն կիներ եւ աղջիկներ, որոնք 4-րդ դասարանի աւարտական վկայական ունէին, եւ որոնք դպրոցը աւարտելէ ետք հիւանդանոցներ մտան՝ բանակին ծառայելու համար»:
Պ- «Եւ անշուշտ ախտահանիչներու մէկ ամսուան դասընթացքը…»:
Ե- Այս տուեալներուն մասին այնքան ալ խօսուած չէ, այնպէս չէ՞:
Կ- Կարեւոր չէ խօսուած ըլլալ-չըլլալը, կարեւորը՝ «այդ օրերու պահանջները կը գոհացուէին. 1919-ին սկիզբը Հայաստանի մէջ միայն ինը հիւանդանոց կար, 300 մահճակալով, նոյն տարուան վերջաւորութեան 30 հիւանդանոց կառուցուեր էր, 1600 մահճակալով». փոքր նուաճում չէ երկրի մը համար, որ տարիներէ ի վեր պատերազմներէն հիւծեր էր: «Պետական դեղատուներէն ձրի դեղ կը տրուէր չքաւորներուն, իսկ աշխատաւորներուն՝ 50% զեղչով: Կային նաեւ բժշկական թռուցիկ խումբեր եւ այցելու հիւանդանոցներ»:
Ե- Կարծեմ 1920-ին է, որ հիմնուեր է Հայաստանի Կարմիր Խաչը, որուն կանոնագրութիւնը Խորհրդարանին կողմէ հաստատուեր է եւ որուն մէջ հաւանաբար դուք եւս կարեւոր դեր խաղցեր էք:
Երեք տիկինները համեստօրէն լուռ կը մնան, հաստատելով իրենց դերը:
Կ- Հաւանաբար գիտես նաեւ, որ նոյն տարուան Մարտ 19-ին Ժնեւի Միջազգային Կարմիր Խաչին կողմէ որպէս պետական կառոյց կը ճանչցուի Հայաստանի Կարմիր Խաչը:
Ե- Բոլո՞րդ ալ ուսուցչութիւն ըրեր էք:
Պ- Ես եւ Վարիան, այո՛, Կատարինէին ժամանակը հազիւ բժշկութեան կը բաւէր, որովհետեւ անդամ էր նաեւ Ներգաղթի եւ Վերաշինութեան Յանձնախումբին: Ես Թիֆլիսի մէջ Գայիանեան եւ Յովնանեան վարժարաններուն մէջ կը դասաւանդէի, նախքան Հայաստան երթալս: Նման պաշտօն մըն ալ վարեցի Երեւանի մէջ, նման կ’ըսեմ, որովհետեւ պետական պաշտօնեաներուն, որոնք օտար լեզուներ կ’օգտագործէին իրենց գործավարութեան մէջ, պէտք էր իրենց մայրենին սորվեցնել…
Ե- Նման ծրագրեր դժուարութեամբ կ’իրագործուին հանգիստ երկիրներու մէջ, իսկ Հայաստանի պէս տակաւին պատերազմներէն դուրս չելած երկրի մը համար, կը կարծեմ որ դժուարութիւնները յաճախ անտանելի եղած են:
Վ- Կ’ընէինք ինչ որ պէտք էր ընել, ինչ որ կրնայինք ընել, նաեւ ինչ որ չէինք կրնար ընել, բայց միջոց եւ ճար կը փորձէինք գտնել… դիւրին չէր դարերու ստրկութենէ ետք անկախ հանրապետութիւն ունենալը:
Ե- Կը կարծեմ որ նման պարագաներու էական է անձնասիրութենէ, շահամոլութենէ եւ անձնական շահն ու հռչակը հայրենիքէն վեր դատելէ ձերբազատիլը, այլ խօսքով՝ հայրենասէր ըլլալը:
Կ- Մենք գիտէինք հայրենասէր ըլլալ. դուք այսօր գիտէ՞ք:
Պահ մը կը տատամսիմ. կրնա՞յ ըլլալ որ իրենք տեղեակ են այսօրուան քաղաքական անցուդարձին, թէ՞ պարզապէս իրենց համոզումներուն մասին կը խօսին: Երկար կը լռեմ, ի՞նչ կրնամ ըսել…։
 Մարուշ Երամեան