ՎԱՂՈՒԱՆ ՊԱՀԻ ՎՃՌՈՐՈՇՈՒԹԻՒՆԸ
(ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ՀԱՅԵԱՑՔ)

Հայաստանի վաղուան համապետական ընտրութիւնները իրենց վրայ կեդրոնացուցած են աշխարհաքաղաքական լուսարձակներ: Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոպայէն եւ Մոսկուայէն հնչող յայտարարութիւնները, հետագայ գործընթացներուն մասին կատարուող պաշտօնական զգուշացումները, հետեւանքներ կրելու ահազանգումները աւելի քան մտահոգիչ կը դարձնեն յետընտրական Հայաստանի իրավիճակը, տարբեր կեդրոններու մրցապայքարի հարթակի վերածուելու եւ անոնց ազդեցութիւնը ինչպէս պետութեան, այնպէս նաեւ հասարակութեան վրայ ձգելու առումներով:

Գերտէրութիւններու ներգրաւուածութիւնը, ներհայաստանեան քաղաքական դաշտին մէջ բեւեռացումները, մեղադրանքներն ու ամբաստանութիւնները, մինչեւ վերջին օրը կատարուող հետապնդումներն ու ձերբակալութիւնները խառնած են իրավիճակի ներկապնակի բոլոր գոյները:

Այս բոլորին մէջ սփիւռքն է համեմատաբար ամէնէն կրաւորականը: Ազգային-հոգեւոր ուժեր ահազանգած են ապազգայնացումին, արժեհամակարգի կորուստին, պառակտուածութեան եւ երկփեղկուածութեան մասին:
Ընտրութիւններու նախաշեմին, սփիւռքեան հայեացքը անպայման վերստին սրած է իր տեսանելիութիւնը, ոչ միայն հերթական անգամ նկատելու, այլ նաեւ այսօրուան իրավիճակը չվերահաստատելու կամ արմատական փոփոխութեան ենթարկելու հրամայականը ընդգծելու համար:

Գործող իշխանութիւններու վերարտադրութեան կանխարգիլումը սփիւռքին համար կ՛ենթադրէ.

1.- Պետականութիւն հասկացողութեան ներառել նաեւ համայն հայութիւնը: Մերժել այնպիսի իշխանութիւն, որ կը սահմանափակուի ինքզինք պատասխանատու նկատելով միայն 29.743 քառ. քմ տարածքի վրայ ապրող բնակչութեան պատասխանատուն:
– Պահպանել Անկախութեան հռչակագիր-Սահմանադրութիւն իրաւական կապը, ուր ամրագրուած են`
– Համայն հայութեան իղձերու կենսագործումը,
– Պատմական արդարութեան վերականգնումը,
– Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի սատար կանգնիլը,
– Արցախի վերամիաւորումը Հայաստանի Հանրապետութեան,
– Մայիս 28-եան աւանդոյթներու տէր կանգնումն ու շարունակումը:

2.- Արարատի պատկանելիութենէն չհրաժարիլը:

3.- Արժանապատիւ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքումը, ուր ապահովուած կ՛ըլլան`
– Հայաստանի գերիշխան տարածքներէն ազրպէյճանական ուժերու հեռացումը,
– Հայ ռազմագերիներու ազատագրումը,
– Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանումը,
– Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի իրաւունքի իրացումը:
Տակաւի՛ն.
Այնպիսի իշխանութիւն եւ կառավարութիւն, որ կը գիտակցի սփիւռքի ներուժին, ընձեռելիք կարելիութիւններուն, որ կ՛արժեւորէ եւ նպատակաուղղուած համագործակցութեան ծրագիրներ կ՛որդեգրէ Հայ դատի ցանցային համակարգին հետ համակարգուած աշխատելու: Որ չի հակադրեր իրական Հայաստանն ու պատմականը, չի հակադրեր Արագածն ու Արարատը: Որ կը դաւանի այսօրուան Հայաստանը վաղուան Հայաստանին հիմնաքարը:

Շարքը կարելի է երկարել, իւրաքանչիւր կէտին հիմնաւորումները վերլուծելով: Նշուածները ազգի համախմբման համար կարեւորագոյն եւ անշրջանցելի նախադրեալներ են եւ ելակէտներ, երկուշաբթի օրէն սկսեալ նոր իշխանութիւններով, նոր հայեցակարգով եւ նոր ռազմավարութեամբ ազգային արժեհամակարգի հիման վրայ ներքին-արտաքին քաղաքականութիւն մշակելու եւ կիրարկելու:

Բոլոր ժամանակներէն աւելի անհրաժեշտ է այսօր ազգային պետականութեան վերականգնումը: Եւ անոր համար ալ գործող մեծամասնութիւնը փոքրամասնութեան վերածելու ժողովուրդի կամքի դրսեւորումը: Այդ պահը վաղն է: Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ: