Համաձայն աշխարհի օրէնքին՝ ամէն սկիզբ աւարտ մը ունի։

Անցնող օրերուն եզրափակուեցան Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկի դասաւանդութիւնները։ Տարի մը եւս գլորեցինք՝ լի մարտահրաւէրներով ու պատմական, յիշարժան դէպքերով։ Լեզուի ու քերականութեան դասապահի աւարտին, առաջին կարգի ուսանողները հրճուանքով հնչեցուցին վերջին զանգը. զանգ մը, որ իւրայատուկ է ու բերուած՝ Այնթէպի Գոլէճէն։ Ահաւասիկ պատմութիւնը …

Տարիներ առաջ, երբեմնի Ազգային Զաւարեան վարժարանի արխիւներէն յայտնաբերուեցաւ ձեռագիր նամակ մը, Անդրանիկ Ծառուկեանի ստորագրութեամբ։ Չզարմանաք, քանզի «Երազային Հալէպ»ի հեղինակը, նախքան Լիբանան մեկնիլը, նշեալ վարժարանի կրթական մշակներէն էր։ Նամակին մէջ յիշուած էր, թէ Զաւարեանի նախկին հին կառոյցէն, որպէս մասունք մնացած այս զանգակը, Այնթէպի Գոլէճէն փոխադրուած է Հալէպ ու հաստատուած՝ Ամերիկեան Գոլէճ։ Օրին, պաշտօնական քայլերը՝ խնդրագրերն ու աղերսանքները ի դերեւ ելած են՝ զանգակը վերադարձնելու իր իսկական տիրոջ։ Ուստի, խումբ մը տաքարիւն երիտասարդներ, ընդ որում Ծառուկեան, գիշերով գողցած են զանգակը եւ զայն զետեղած Զաւարեանի բակին մէջ։ Այդ օրերուն, թէ ի՛նչ արձագանգ ձգած է «գողութիւն»ը՝ տեղեակ չենք ։ Թէեւ Մաքիավէլեան մտածելաոճ  է, բայց նպատակը միջոցը կ՛արդարացնէ, մի՛շտ։

Ու այդ օրէն իվեր, զանգակը դարձած էր Զաւարեան վարժարանի մնայուն բնակիչը։ Աւա՜ղ, Սուրիոյ պատերազմը եկաւ խանգարելու երկրէն ներս հաստատուած ամէն կարգ ու կանոն։ Համազգայինը քանի մը կեդրոններ փոխելէ ետք, հուսկ տեղակայուեցաւ Ազգային Սահակեան վարժարանի կառոյցէն ներս։ Յառաջիկային դէպքերը այնպէս մը դասաւորուեցան, որ Ծառուկեանի զանգակը սեփականութիւնը դարձաւ Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկին։ Սուրիական պատերազմի տարիներուն համրացած այս զանգը այսօր զիլ ձայնով վերստին կը հնչէ՝ իր շուրջ համախմբելով գիր ու գրականութեան սպասարկուները։

Զանգակին պատմութիւնը իմացանք, իսկ ո՞վ ենք «մենք» …

Լուսանկարին մէջ են սոյն հիմնարկի առաջին կարգի խոստմնալից աշակերտները։ Սովորական ուսանողներ չեն այս պայծառ դէմքերը։ Նանորն ու Արփին,- մէյ մէկ իսկական արժէքներ,- աշխոյժ միութենականներ ըլլալու կողքին, կը հետեւին նաեւ Հալէպի Պետական համալսարանի բժշկական ճիւղին։ Ռիթան լեզուական ու քերականական խնդիրներու հմուտ վերլուծող է, որ աւարտած ըլլալով տնտեսագիտութեան ճիւղը, այժմ իր ուսերուն վրայ առած է ուսանողական միութեան մը ծանր պատասխանատուութիւնը։ Հետաքրքրականօրէն, Ռիթան իր ձեռք բերած լեզուական թէ այլ գիտելիքները միայն իր անձին չի վերապահեր, այլ զանոնք կը փոխանցէ անմիջական շրջապատին եւ ընկերներուն՝ սրբագրելով անոնց լեզուական թերութիւններն ու լուսաւորելով տասնեակներու մտքերը։ Նաթալին մայր է երկու մանչերու եւ ամէնօրեայ դրութեամբ իր զաւակները կը յանձնէ անոնց հօրաքրոջ խնամքին, որպէսզի ինք դասերէն բացակայութիւն չարձանագրէ։ Իսկ Սելան, համալսարանական ուսանող ըլլալով հանդերձ, ունի թատերական լուրջ հակումներ եւ ջանք չի խնայեր հմտանալու այս ծիրէն ներս։ Բազմաշնորհ են առաջին դասարանցիները եւ յոյժ գնահատելի՝ տարուան ընթացքին իրենց ցուցաբերած լուրջ մօտեցումը։

Ուստի, ակներեւ է, թէ Հայագիտական Հիմնարկի ուսանող դառնալը պարզապէս կամենալու խնդիր է։ Այն կ՛ենթադրէ նախ սէր մայրենիին նկատմամբ, ապա պճեղ մը զոհողութիւն, լրջութիւն եւ հետեւողական աշխատանք։ Այս կրթական յարկէն ներս, շնորհիւ տնօրէնութեան աչալուրջ մօտեցումին, ամէն կերպ կարելի է դասաւորել պահերու ժամանակացոյցը՝ զայն պատշաճեցնելով ուսանողութեան ազատ ժամերուն։ Ներկայի դրութեամբ, Հիմնարկը կը մնայ այն միակ լոյսի աղբիւրը, ուրկէ կու գան ըմպելու ոչ միայն տեղացի, այլեւ օտար մասնակիցներ, հեռակայ ուսուցմամբ։

Այսօրուան պայմաններով, բազում դժուարութիւններու կողքին, հիմնարկը կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէր՝ ներգրաւել ատակ մտքեր, որոնք պիտի հանդիսանան արեւմտահայերէնի արթուն պահակները եւ առաքելութիւնը աննահանջ շարունակողները։

Հարկ է ամէն կերպ ջահը փոխանցել՝ ապահովելու հիմնարկի գոյատեւումը …

Սիւզի Խշուաճեան – Փիլաւճեան