Սեպիլ… Որքա՜ն լաւ է, որ դաժան հետքերդ մաքրուած են այսօրուան հալէպահայերուն յիշողութենէն.  եթէ մաքրուած են…։
Սովորութիւն էր՝ կիրակի օրերը ընտանիքներով երթալ Հալէպի հանրային այգիներէն մին։ Այլ զուարճավայրեր տակաւին չկային մանուկներու համար։ «Մէճտէլ» աւելի յաճախ կ’երթայինք, հայկական թաղամասերուն աւելի մօտ էր։ Ֆրանսացիներու գեղագիտական ճաշակին մէկ վկայութիւնն էր ան, զոր անոնց հեռանալէն ետք յիշատակ մնացած էր Հալէպին։ Սեպիլը այլ հմայք ունէր՝ հոն կար նաեւ հալէպեան դասական նախաճաշ (ֆուլ ու շաա-պիաթ) վայելելու հնարաւորութիւն։ Քանի անգամներ մենք եւս տարինք տղաքը, ուր ազատ էին վազվզել ծառուղիներու մէջ, պաղպաղակ ուտել կամ զովացուցիչ մը խմել։ Այն օրերուն ես անգիտակ էի հա՛յ Սեպիլի պատմութեան ու ինծի համար ան սովորական զբօսայգի մըն էր։  Գիտելիքը, ցաւի խարանին հետ, եկաւ օր մը՝ գրադարանին մէջ։ Առաջին տարիներուս աշխատեցայ նաեւ Ճեմարանի գրադարանին մէջ, որ ետեւի պարտէզն էր։ Հոն շատ նոր գիտելիքներ ստացայ, ծանօթացայ գիրքերու եւ ամսագրերու, որոնք Հայաստանի մէջ սովորական մարդու մատչելի չէին, միայն  կարգ մը մասնագէտներ կրնային կարդալ՝ Հանրային գրադարան այցելելով։ Առաջին անգամ կարդացի Օտեանի այնպիսի կարեւոր գործերը, ինչպիսիք են՝ «Ընկեր Փանջունին», «Տասներկու Տարի Պօլսէն Դուրս», «Անիծեալ Տարիներ» ու «Սեպիլի Վրաններուն Տակ»։ Վերջին երկուքը մինչեւ հոգիիս խորքերը ցնցած են զիս։ «Անիծեալ Տարիները», հեղինակի տառապանքներուն պատմութիւնն է աքսորի ճամբաներուն, որ կրնար իւրաքանչիւր աքսորեալի գողգոթան ներկայացնել։ Երկրորդը, հազիւ մէկ ու կէս էջ՝ ցաւի աղաղակ մըն է, զոր քանի անգամ որ կարդացեր՝ սահմռկեր եմ հոն նկարագրուած պատկերներէն։ Հայ գաղթականներու խլեակներու ժամանակաւոր հանգրուանը այն օրերու Հալէպէն դուրս, Սեպիլ կոչուած ամայի տարածքին, ուրկէ պիտի քշուէին անապատ։ Մերկ, սովալլուկ, մահուան ստուերի նմանող կիներ ու մանուկներ, որոնց հոն ալ հանգիստ չկար։ Քաղաքէն հարուստ տիկիններ, յաճախ քրիստոնեայ, կառքերով
կու գային ու նարինջի մը կամ եգիպտացորենի կտորի մը փոխարէն մանկահասակ աղջիկներ կը գնէին որպէս սպասուհի,  նաեւ՝ Աստուած գիտէ թէ ի՛նչ այլ նպատակներով…։ Եւ այդպէս, կը ցամքէին արեան կաթիլները ցեղին, որ տառապանքի ճամբաներն անցած ու տակաւին ողջ մնացած էր։ Ապա՝ սովամահութենէն փրկելու սիրոյն սեփական ձեռքով զաւակը ծախած ու ցաւէն գալարուող հայ մայրեր…  բուռ մը կանաչ խոտի ետեւէն անօթի գառնուկի պէս գացող, բայց լալով ետ՝ մայրիկին նայող մանուկներ… ։ Մեծ ցաւի մասին գրելը առհասարակ շատ դժուար է։ Եղեռնի անմարդկային էութիւնը ու տարողութիւնը գրիչով պատմելը հայ գրողներու համար ծանրագոյն պարտականութիւն եղած է։ Օտեանի այդ գրութիւնը ցաւի աղաղակ մըն է՝ ուղղուած մարդկութեան խիղճին։
Այնուհետեւ խուսափեցայ այդ պարտէզը երթալէն։
Հալէպի հայկական որբանոցները
«Հէ՜յ, վշտի բոյն որբանոց, յուշերդ անգամ սրտախոց»,- բանաստեղծ Շիրազ այսպէս արտայայտուած է Կիւմրիի որբանոցին մասին։
Եւ ահա Հալէպի որբանոցները, Հալէպի «հրաշալիքներէն»՝ բառին խիստ հակասական տարողութեամբ։ Հակասական է այնչափով, որչափով որ «հրաշալին» ու «որբանոցը» զիրար մերժող գաղափարներ են։ Եղեռնի օրերուն հայեր փրկող, պատսպարող օտարներ անշուշտ եղան, անոնց մասին չէ խօսքը։ Ցին ու անգղի պէս որսի ելած՝ գաղթի ճամբաներէն, քաղաքներու փողոցներէն, լեռներու ու ձորերու ծերպերէն հայ որբացած մանուկներ կը յափշտակէին քիւրտն ու թուրքը, նաեւ արաբը եւ որուն որ ձեռքը կը հասնէր։ Թրքական պետութիւնը յատուկ խումբեր նշանակած էր հայ որբեր ժողվելու եւ թրքացնելու։ Բան մը որ դարերով ազգային յատկանիշ եղած է- իրենց քոչուոր ցեղը ազնուացնել՝ կայսրութեան ենթակայ քրիստոնեայ ազգերու մանուկները յափշտակելով։ Յիշենք, որ հայ որբուհի մըն ալ Աթաթուրք որդեգրած էր, որ առաջին թուրք կին-օդաչուն դարձաւ։ Եւ ինչպէ՞ս այդ գիշատիչը կը նայէր իր «աղջկան» աչքերուն…։
Բայց… ահա հոս է հրաշալին։ Որբահաւաքը ազգային հրամայական էր, եւ այդ գործին լծուեցան անհատներ ու խումբեր։ Հսկայական աշխատանք տարած է Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանը, որ հիմնած է վեց որբանոցներ, ուր պատսպարուած եւ խնամուած են զանազան ձեւերով որբանոց մտած հազարաւոր որբեր։ Հալէպ որբանոց հիմնադրելու եւ որբերու խնամքի երախտաւորներ շատ եղած են, որոնցմէ էր նաեւ վերապատուելի Ահարոն Շիրաճեան, բժիշկ Ասատուր Ալթունեան եւ դուստրը՝ Նորա Ալթունեան։
Որբանոցի սան եղած էր նաեւ Անդրանիկ Ծառուկեան։ Սփիւռքեան առաջին սերունդներէն ու յատկապէս Միջին Արեւելք ծնածներէն ո՜վ
չէ կարդացած այն օրերուն Աւետարանի պէս ընթերցուող այդ գիրքը՝ Ծառուկեանի «Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկ» յուշագրութիւնը, որուն վերնագիրն արդէն մերժումն է որբանոց գաղափարին։ Հեղինակը ինչպիսի՜ իրապաշտութեամբ ու իրեն յատուկ նուրբ հիւմորով կը նկարագրէ ցաւի այդ տուներուն մէջ որբերուն առօրեան եւ արցունք կը բերէ ընթերցողի աչքերուն։ Հոն է որ մանկան հայեացքով դիտուած՝ կը նկարագրէ անապատի տաժանքէն վերադարձած Ե.  Օտեանի այցը որբանոց։ Մանուկները լսած էին, թէ մարդ մը պիտի գայ, որ «կը խնդայ ու
կը խնդացնէ», մինչդեռ ենթադրելի միակ խնդալիքը եկուորին մեծ քիթն էր…  Ան չխնդաց ու չխնդացուց, ան կարկամեցաւ բեմին վրայ, հազիւ փղձկեցաւ «Որբե՛ր, ես ձեզ շատ կը սիրեմ» ու թաշկինակն աչքերուն՝ հեռացաւ բեմէն։ «Երազային Հալէպը» մեծ տեղ ունի Ծառուկեանի գրականութեան մէջ։
Հալէպ գտնուած միջոցիս  այն օրերու որբանոցները չկային, բայց կային տակաւին նախկին որբերը ու որբանոցներուն տեղերը յիշողները։
Ճտէյտէ, Սալիպէ, Սահէթ Ֆարհաթ- ինծի բաղդատաբար լաւ ծանօթ ու սիրելի շրջան, ուր առիթներու պարագային հաճոյքով կ’երթայի՝ վայելելու միջնադարի հետքերն ու խաղաղութիւնը։ Բերդը շրջապատող հին քաղաքի հատուածներէն հաւանաբար ամէնէն հանրայայտն ու եռունն է Ճտէյտէն։ Կարծես թէ ինքնուրոյն քաղաք է ան, բոլոր կողմերէն  հոն տանող բազմաթիւ լայն կամ նեղ մուտքերով։ Հոն  քով- քովի կամ ներհիւսուած կը գտնես ոգեղէն ու մարմնեղէն սնունդը, հնաոճն ու նորը, կ’առնես միայն արեւելքին յատուկ բուրումները։ Թանգարան եւ շուկայ՝ նոյն ատեն։  Չեմ կարծեր, թէ կարող եմ նկարել այն գունագեղութիւնն ու տեսակներու բազմազանութիւնը, զոր կեդրոնացած կը գտնուի այս շրջանին։  Հալէպցիները ընդհանրապէս իրենց քիմքին հանդէպ մեծ յարգանք ունեցող են, հետեւաբար գիտէին ամէն ինչին լաւը ուրկէ գնել։ Եւ որպէս քաղաքի հնագոյն շուկաներէն մին՝ այդ իմաստով նշանաւոր էր Ճտէյտէն, ուր ահա կը մտնենք։ Ո՛չ,  Թիլէլ չենք մտներ, քանի որ հոն արդիւնաբերական ապրանքներու շուկայ է.  մենք կը մտնենք սննդեղէնի եւ … հարստութեան շուկան, ուր կրնանք գտնել լաւագոյնները, նշանաւոր խանութներ՝ ի պէտս հոգւոյ եւ մարմնոյ։ Յիշեցնեմ, թէ խօսքս նախապատերազմեան Հալէպի մասին է ընդհանրապէս։ Պատերազմին առիթներով կրնամ անդրադառնալ, ան շատ բան փոխեց։ Եկէք Հալէպի շէն ու խաղաղ օրերը յիշենք, երբ մանր ու մեծ, կարեւոր ու անկարեւոր,  ընդհանրական ու հատուածական աւանդոյթներ ստեղծուած էին ու
կը գործէին։ Յայտնի էր ինչի համար ո՞ր շուկան երթայիր։ Այսպէս՝ եթէ կերպաս պիտի գնես՝ բարեկամուհիներդ առաջարկած են նշանաւոր Այնիլեանին խանութը, որ ահա, Ճտէյտէի մուտքին է՝ ձախիդ։ Հոս եւս կերպասի խանութներու մասիսեանական աւանդոյթը կը գործէ, ու ներսը թեթեւակի… մութ է, այսինքն՝ կերպասը խորհրդաւոր լոյսի ներքոյ ներկայացնելու ջանք կայ։ Քիչ մը եթէ յառաջանաս՝ քիթդ պիտի բռնես ու ականջդ գոցես։ Վանդակներու մէջ թառած հաւերը հրճուանքի կչկչոց ու անուշ բուրումներ կը տարածեն, անհամբեր սպասելով յաճախորդին գալը ու սուր դանակը… Ապա նշանաւոր  պանրավաճառն է, որուն նեղլիկ խանութին առջեւ միշտ կարգ կայ։ Եւ ահա կը մտնես «Սահէթ Հաթապ»։ Հաւանաբար նախապէս հոս փայտ կը ծախուէր, ուրկէ ալ եկած է իր անունը՝ «Փայտի Հրապարակ»։ Բուրմունքը առի՞ր. բնականօրէն, քանի հեռու չէ ամբողջ քաղաքին յայտնի «ֆուլճի Ապու Ապտոն»։ Ահա այդպէս ձախով յառաջացիր ու հին մզկիթն անցնելէդ ետք, նշանաւոր ձկնավաճառը կայ, իսկ եթէ այդ օրը Քէպապ պիտի ուտես՝ մսավաճառներու շուկան առջեւդ է։  Մարդիկ միայն մարմինին սնունդը չէ որ խորհած են, եւ ահա քիչ անդին է արեւելեան հին բաղնիքը՝ անպատմելի վայելք։ Եթէ կը նախընտրես արուեստի աշխարհ մտնել՝ հրապարակին մուտքէն աջ պիտի առնես։ Նախ հնավաճառներն են, ուր արեւելեան իրեր ու զարդեր կրնաս գնել (կեղծ կամ իսկական, «աժան» կամ սուղ.  խաբուիլը շուկայի օրէնքներէն է)։ Ահա կու գան արուեստի իրական նմոյշները՝ ոսկերիչներու խանութները՝ չտեսներու աչքերը շլացնող իրենց ծանրաբեռնուած փեղկերուն փայլքով։ Այս առատութեան բարիքը կը տեսնես Հալէպի տիկիններու եւ յատկապէս իսլամ կիներու դաստակներուն ու վիզերէն կախ, երբ շուկաներ կ’իջնեն գնումներու։ Անոնց հոս կը հետաքրքրէ միայն դեղին ոսկին եւ խումբերով կը պաշարեն ոսկերիչներու խանութները։ Բայց ահա՛, գեղեցիկ հուլուններու եւ ժամանակակից զարդերու այս խանութին տէրը առեւտուրի մէջ չէ, ան լուրջ զրոյցի բռնուած է մէկու մը հետ։ Մտնե՞նք, բայց ընկեր Նշան Օղիկեանը թերեւս ասանկ, ոտքի վրայ ժողովի մը մէջ է ու ազգային կարեւոր հարց մը կը լուծէ։ Չխանգարենք Ակնեղբօրս։ Քիչ վար արդէն կիներու սիրելի շուկաներէն մին է (Կա՞յ շուկայ մը զոր չեն սիրեր կիները։)՝ «բուրդի շուկան», ուրկէ Հալէպի բազմաշնորհ կիները կը գնեն իրենց յարմար գոյներու եւ որակներու թելերը ու կը ստեղծագործեն։ Իսկ իրաւ արուեստի գործեր ստեղծելու համար լաւագոյն հումքը մատակարարողը հեռու չէ։ Հոն, աջին փոքրիկ խանութ մը կայ, եթէ ծանօթ ես՝ Դերձակեանին  խանութն է ան, ուր կը գտնես կարի ու հիւսքի անհրաժեշտ ամէն ինչ։ Սակայն միշտ չէ որ բաց կը գտնես խանութը, քանի որ ան ալ կրնայ ժողովի կամ ազգային որեւէ հարցով գացած ըլլալ։ Սփիւռքեան սովորական պատկեր՝ համատեղել անձնականն ու ազգային ծառայութիւնը, երբ տուժողը յաճախ անձնականն էր… ատենին…։
Լալա Միսկարեան-Մինասեան