Կտաւս կը հանգչեցնեմ եռոտանիին վրայ, բայց միտքիս մէջ արդէն իսկ սկսած է գունագեղ իրարանցում մը։ Գարուն է, ու որպէս ծաղիկներու անուղղայ սիրահար՝ ներաշխարհս ողողուած է Միմոզաներով։ Այդ փոքրիկ, թաւշեայ գնդիկները անդադար կը զնգան ու կը պարեն։ Չեմ ուզեր դասական ու պարզ Միմոզա մը գծել. այդ մէկը պիտի սպանէ անոր շունչը։ Իմ ուզածը mixed media-ի լեզուով ստեղծուած յուշերու հիւսուածք մըն է, ուր ամէն մէկ նիւթ՝ թուղթի կտոր, հին ժանեակ կամ թել ունի իր սրտի զարկը։
Առաջին շերտ. Միմոզայի Ուժը եւ Մաթիսի Հայեացքը
Ինչո՞ւ Միմոզան։ Որովհետեւ անիկա բնութեան ամենախորհրդաւոր ուժն է՝ զգայուն, բայց աննկուն։ Պատմականօրէն, Միմոզան կանացի տոկունութեան ու անկոտրում կամքի խորհրդանիշն է. ան կը յամառի ծաղկիլ այնտեղ, ուր ուրիշներ դեռ կը ննջեն՝ բերելով «ձմեռուան արեւը» հոն, ուր տիրական է ցուրտը։
Այս նոյն ուժի փնտռտուքն էր, որ մեծն Հենրի Մաթիսը առաջնորդեց իր արուեստին մէջ։ Մաթիսի համար գոյնը պարզապէս ներկ չէր, այլ կենսուժի (elan vital) պայթիւն։ Ան կը հաւատար, որ արուեստագէտը պէտք է նկարէ ոչ թէ ծաղիկը, այլ այն բուժիչ ուժանիւթը, որուն կարիքը ունի մարդկային հոգին։ Մաթիս իր կեանքի մայրամուտին չմնաց մութի մէջ, այլ սկսաւ մկրատով «նկարել», գունաւոր թուղթերով ստեղծել լոյսի աշխարհներ։ Ան կ’ըսէր. «Ամէնուրեք ծաղիկներ կան անոնց համար, ովքեր կ’ուզեն տեսնել զանոնք»։ Ես ալ այսօր, Մաթիսին պէս, կը փորձեմ կտաւիս վրայ տեղադրել ոչ թէ ծաղիկին լոկ պատկերը, այլ այն կենսաթրթիռ բերկրանքն ու ուժը, զորս Միմոզան կը ներշնչէ ինծի։
Երկրորդ շերտ. Լիբանանի Մանկութեանս Ոսկեփոշին
Կտաւիս ձախ անկիւնը կը փակցնեմ երկրորդ շերտը՝ Լիբանանի մանկութեանս լուսաւոր տարիները։ Միջերկրականի ափերուն միմոզաները ձմեռը կը վերածեն ոսկեգոյն հեքիաթի։ Յատկապէս Ս. Յարութեան օրերուն, մեր ընտանեկան պտոյտներուն ընթացքին, Միմոզայի փոշին մեր քիթերն ու այտերը կը ներկէր, ու մենք կը դառնայինք արեւի փոքրիկ զաւակներ։ Այդ ծաղիկը երբեք չէի կրնար մէկ հատիկով փրցնել. անոր ամբողջ հմայքը հազարաւոր գնդիկներով միասնական ուժ ըլլալուն մէջ էր։
Երրորդ շերտ. Հալէպի Մոխիրներէն դէպի Աթէնքի Բարձունքներ
Այստեղ է, որ Միմոզան կը դառնայ իմ փրկութեան օղակը։ Հալէպի պատերազմի մոխրագոյն օրերուն, երբ կեանքը կախուած էր հեռաձայնի կամ Skype-ի «լաւ ենք» բառէն, Միմոզան եկաւ զիս իր ոսկեգոյն թեւերով շալկելու։ Ան ինծի ուժ տուաւ կտրելու սարսափի սահմանները ու հասնելու Աթէնքի լուսաւոր բարձունքները։ Աթէնքը մեզի համար եղաւ Katafygio՝ իսկական ապաստան։ Կը յիշեմ Մաքուր Երկուշաբթիի թռուցիկները՝ Chartoetos-ները, որոնք երկինքը կը ներկէին յոյսով։ Կը յիշեմ փոքրիկ Ժանին, որ թելը ամուր բռնած էր… ան իմ սիրտն էր, որ Միմոզայի ուժով կը փորձէր կառչիլ իր վերջին լոյսին։
Չորրորդ շերտ. Ազիզիէի Տան Ծաղկամանն ու Փոքրիկ Ձեռքերը
Կտաւիս ճիշդ կեդրոնը կը զետեղեմ մեր հարազատ յարկը՝ Հալէպի Ազիզիէ թաղամասին մէջ։ Հոն էր մեր հսկայ ծաղկամանը՝ լեցուն Միմոզաներով։ Այդ դեղին գնդիկները մագնիս էին մեր տուն այցելող ամէն մէկ փոքրիկի համար։ Իւրաքանչիւրը կ’ուզէր իր հետ այդ լոյսէն կտոր մը տանիլ՝ մէկիկ-մէկիկ փրցնելով զանոնք, մինչեւ որ վերջաւորութեան միայն ճաղատ ճիւղեր մնացին։ Բայց հիմա, տարիներ անց, այդ մերկացած ճիւղերը կտաւիս ամենաթանկ մասն են. անոնք կը խորհրդանշեն այն սէրը, որ մեր տուն այցելողները իրենց հետ տարին։ Ազիզիէի մեր տունը ինքզինք բաշխող ու բոլորին լոյս պարգեւող սիրտ մըն էր։
Հինգերորդ շերտ. Kintsugi եւ Անմար Ներքին Լոյսը
Իսկ այն պատռուածքները, որոնք պատերազմն ու կարօտը բացին մեր հոգիներուն մէջ, ես կը նորոգեմ Kintsugi-ի սրբազան արուեստով։ Ճափոնական այդ ոսկեթելերուն հետ ես կը հիւսեմ նաեւ իմ ամենախորունկ աղօթքները։ Ինչպէս ոսկին կը սրբագրէ կոտրած սափորին վէրքերը, այնպէս ալ հաւատքս եկաւ դարմանել հոգւոյս ճեղքերը՝ զանոնք արժէքներով սպիացնելով։
Կտաւիս վերջին շերտը դնելով, կը հասկնամ, որ Միմոզան ինծի համար այլեւս պարզապէս ծաղիկ մը չէ։ Անիկա այն կամուրջն է, որ կը միացնէ իմ կեանքի բոլոր ոսկեգոյն երիզները։ Իմ խառն նիւթերով ստեղծած այս պատառիկը իրականութեան մէջ հոգւոյս դիմանկարն է՝ պատռուած, բայց ոսկէ փոշիով վերաշինուած։
Արդեօք յուշերո՞ւս Միմոզան է այս մէկը, թէ հոգիիս ոսկեգոյն թրթիռը… թերեւս երկուքն ալ նոյնն են։ Որովհետեւ արուեստը այդ է՝ ցաւը գոյնի վերածելու եւ կորուստը լոյսով վերակենդանացնելու հրաշքը։
Կտաւս պատրաստ է, իսկ հոգիս՝ խաղաղ, որովհետեւ գիտեմ. ծաղիկ-ները միշտ ալ հոն են անոնց համար, որոնք կը յամառին տեսնել զանոնք։
Սիրան Աւընեան-Ամպարճեան