Month: October 2024

ՄԱՐԶԱԿԱՆ՝ ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ Ա./2024

ՏԵՂԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ -Վիեթնամի Հայփոնկ քաղաքին մէջ, Ասիոյ զտման մրցումներու շըրջագիծին մէջ, Սուրիոյ Ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականը 1 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց հիւրընկալ Վիեթնամը եւ առաջին դիրքը գրաւելով…

ԱՄԷՆ ՕՐ ՈՒՐԲԱԹ Է…

Կը պատմուի (մեղքը՝ պատմողին վիզը) թէ հոգեբուժարանի մը _ որուն խենթանոց անունն ալ կու տանք _ գլխաւոր պատասխանատու տնօրէն-բժիշկը յատուկ տեղեկագիր մը պատրաստելու համար կ’որոշէ մէկ առ մէկ այցելել իր…

ԵՐԱԶԱՀԱՆՆԵՐԸ

Փոխուող ժամանակներուն հետ շատ երեւոյթներ եւս փոխուած են, ինչպէս աշխատանքները, կամ գործի ասպարէզը: Ժամանակին գիրքերու տպագրութիւնը մեծ ծաւալ ունէր, այսօր սակայն տպարաններ իրենք զիրենք կը փոխեն, որովհետեւ գիրքի փոխարէն սկսեր…

ՀԱՅԵՐԷՆԸ ՄԻԱՅՆ ՔԵՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՉԷ

1987-ին Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի մէջ աշակերտական ուժերով սուրիահայ դպրոցի պատմութեան նուիրուած ցուցահանդէսի մը աշխատանքին վրայ էի: Պատրաստուած ուղեցոյց-հարցարանի մը առաջնորդութեամբ աշակերտ-աշակերտուհիները անսպասելի առատութեամբ նիւթեր կը դնէին խմբագիրներու սեղանին վրայ:…

ՌԱՖՖԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ. «ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԳՈՐԾԵԼ ԵՐԿՐԻ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԾԱՆՐ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ՏԱԿ, ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ ՆՈՒԻՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ ՇՆՈՐՀԻՒ»

Ծանօթանալու համար ՀՅԴ ուղեկից միութիւններու գործունէութեան, «Գանձասար» կը հրատարակէ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Ռաֆֆի Սիւլահեանի հետ հարցազրոյցի երկրորդ բաժինը։ «Գանձասար»- Ի՞նչն է որ հայ երիտասարդը կը քաջալերէ մաս կազմելու…

ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՍԱՀՄԱՆԱԶԱՏՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ ԿԱՆՈՆԱԿԱՐԳԸ ԵՐԿՐԻՆ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՊԱՏԱՍԽԱՆՈՂ ՆԿԱՏԵՑ

Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը հրապարակեց 30 Օգոստոս 2024-ին ստորագրուած «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի ու Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական…

ԽՃԱՆԿԱՐ՝ ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ Ա./2024

ՃԻՆԶԵՐՈՒ ՆՈՐԱՁԵՒ ԿԻՐԱՐԿՈՒՄՆԵՐ Օդը աստիճանաբար կը պաղի։ Վերարկուներ ու բաճկոններ հագնելու համար թէեւ կանուխ է, բայց թեթեւ բաճկոնները, յատկապէս անձրեւանոցները (երկար բաճկոն անձրեւէն պաշտպանուելու համար) կարելի է օգտագործել աշնանային եղանակին:…

ԻՍՐԱՅԷԼ ԿՐԿԻՆ ՀՐԹԻՌԱԿՈԾԵՑ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ «ՄԵԶԶԷ» ՇՐՋԱՆԸ

Զինուորական աղբիւր մը «Ալ-Ախպարիէ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ այսօր յետմիջօրէի ժամը 5։25-ին, Իսրայէլ բռնագրաւուած Կոլանէն օդային յարձակում գործեց Դամասկոսի «Մեզզէ» շրջանին վրայ, թիրախ դարձնելով բնակարան մը։ Հրթիռակոծման հետեւանքով 3 քաղաքացի…

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԱՊԱՀՈՎԵԼՈՒ ՄԱՐԴՈՑ ԵՒ ԲԵՌՆԱՓՈԽԱԴՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ՄԷՋ

Հայաստան պատրաստ է ապահովելու մարդոց եւ բեռներու փոխադրումներու ապահովութիւնը իր տարածքին մէջ։ Այս մասին յայտնած է Նիկոլ Փաշինեան Եւրասիական Միջկառավարական խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստին։ Փաշինեան յատկապէս ընդգծած է, որ պնդումները,…

ԳԵՂԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ․ «ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԸ ԻՐ ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԵԱՄԲ ԱՆՑԱՒ ԻՐ ԲՈԼՈՐ ԼԻԱԶՕՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ»

Նախօրէին Սահմանադրական դատարանի հրապարակած որոշումը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման միատեղ յանձնաժողովներու աշխատակարգի վերաբերեալ պարզեց, թէ ինչո՛ւ իշխանութիւնը 2019 թուականէն լայնածաւալ արշաւ սկսած էր Սահմանադրական դատարանի եւ անոր կազմին դէմ,…