Հայաստան պատրաստ է ապահովելու մարդոց եւ բեռներու փոխադրումներու ապահովութիւնը իր տարածքին մէջ։ Այս մասին յայտնած է Նիկոլ Փաշինեան Եւրասիական Միջկառավարական խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստին։

Փաշինեան յատկապէս ընդգծած է, որ պնդումները, թէ՛ Հայաստան տեղ մը, փաստաթուղթով մը համաձայնած է, թէ երրո՛րդ երկիրներ պէտք է ապահովեն հաղորդակցութիւններու անվտանգութիւնը իր տարածքին մէջ, իրականութեան խեղաթիւրում են։ Նոյնը կը վերաբերի կարգ մը մեկնաբանութիւններու այն մասին, թէ Հայաստան տեղ մը իբրեւ թէ համաձայած է իր ինքնիշխանութեան այսպէս կոչուած սահմանափակման՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու առիթով։ «Նման բան չէ եղած, եւ ատիկա նոյնպէս իրականութեան ակնյայտ խեղաթիւրում է», յայտնած է Փաշինեան։ Անոր խօսքով․ «Հայաստանի պարտաւորութիւնը յստակ է՝ երաշխաւորել բեռներու եւ փոխադրամիջոցներու անվտանգութիւնը մեր տարածքին մէջ, եւ մենք ատիկա կ՛երաշխաւորենք»։