Նախօրէին Սահմանադրական դատարանի հրապարակած որոշումը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման միատեղ յանձնաժողովներու աշխատակարգի վերաբերեալ պարզեց, թէ ինչո՛ւ իշխանութիւնը 2019 թուականէն լայնածաւալ արշաւ սկսած էր Սահմանադրական դատարանի եւ անոր կազմին դէմ, ինչպէս մէկ օրուան մէջ, ոտքի վրայ, օրէնքի փոփոխութեամբ փոքրիկ յեղաշրջում ըրաւ ու անցաւ Սահմանադրական Դատարանի կազմի փոփոխութեանը։ Այս մասին 1Հոկտեմբերին, Ազգային ժողովին հայտարարեց «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան։
«Այն ատեն կ՛ահազանգէինք ըսելով, որ իր սրտի Սահմանադրական դատարան ունենալը իշխանութեան համար հետագայ քայլերուն թակիչ դառնալու համար են։
Երէկ Սահմնադրական դատարանը իր եզրակացութեամբ անցաւ իր բոլոր լիազօրութիւնները, եւ ձեռք բարձրացուց Հայաստանի առաջին հանրապետութեան ծննդեան վկայականին՝ Անկախութեան Հռչակագիրին վրայ։
Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 168-րդ յօդուածին մէջ թուարկուած են Սահմանադրական դատարանի 12 լիազօրութիւնները։
Նոյնիսկ ուշադիր կարդալու պարագային այստեղ չեն կրնար գտնել Անկախութեան Հռչակագիրի կէտերու մեկնաբանութիւնը։
Անշուշտ, յանուն արդարութեան պէտք է նաև փաստեմ, որ Սահմանադրական դատարանը իր որոշումով չէ չեղարկած Անկախութեան Հռչակագիրը, ինչպէս ոմանք կը մեկնաբանեն։
Բայց նաեւ յանուն ճշմարտութեան կրկին արձանագրենք, որ Սահմանադրական դատարանը, կամ նոյնիսկ համաժողովրդական հանրաքուէն չեն կրնար ձեւափոխել, վերախմբագրել Անկախութեան Հռչակագիրը, ինչ որ փորձած է կատարել դատարանը։
Ասիկա Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան հռչակագիրի կրկնօրինակն է։ 200 տարուան ընթացքին ոչ մէկուն, նոյնիսկ հիւանդագին երեւակայութիւն ունեցողներուն մտքէն չէ անցած, նոյնիսկ մէկ տառ փոխել այս փաստաթուղթին մէջ, իսկ մեր երկրին մէջ, Հռչակագրի ընդունման 34-րդ տարին, Սահմանադրական դատարանը յարձակած է փաստաթուղթին վրայ, ինչ որ հակասահմանադրական է։
Սահմանազատման յանձաժողովի կանոնակարգի սահմանադրականութեան համար դիմումին մէջ կառավարութիւնը Սահմանադրական դատարանէն չէ ակնկալած ստանալ Անախութեան Հռչակագրի մեկնաբանութիւնը։
Այդ պարագային ինչո՞ւ որոշումի տողատակերուն մէջ տեղ գտած են Հռչակագիրի առանձին կէտերուն՝ ի մասնաւորի Արցախին վերաբերող դրոյթի շուրջ եզրակացութիւն։
Այստեղ թաղուած է շան գլուխը։
Խուճուճ ձեւակերպումներով տողատակերու մէջ Սահմանադրական դատարանի եզրակացութեան այս հատուածը պէտք է իշխանութիւններուն, Նիկոլ Փաշինեանին, որ Ատրպէյճանի ամէն օր ահագնացող, այդ կարգին Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան պահանջներուն պատասխանեն՝ Ալիևի պահանջը կատարուած է, Սահմանդրութեան նախաբանին մէջ յիշատակուած Անկախութեան Հռչակագիրին Արցախի հետ վերամիաւորման դրոյթը այլևս իրաւական ուժ չունի, այնպէս որ երկկողմ պայմանագրութեան հակասահմանադրականութեան արգելք չկայ», ըսաւ Մանուկեան։