Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը հրապարակեց 30 Օգոստոս 2024-ին ստորագրուած «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի ու Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովի համատեղ գործունէութեան մասին» կանոնակարգին մէջ ամրագրուած պարտաւորութիւններուն՝ սահմանադրութեան համապատասխանութեան հարցին վերաբերեալ որոշումը, որմով անիկա Սահմանադրութեան համապատասխանող նկատուեցաւ:
Սահմանադրական դատարանին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը.
«Մեկնելով գործի քննութեան արդիւնքներէա եւ ղեկավարուելով Սահմանադրութեան 168-րդ յօդուածի 3-րդ կէտով, 170-րդ յօդուածի 1-ին եւ 4-րդ մասերով, ինչպէս նաեւ «Սահմանադրական դատարանի մասին» սահմանադրական օրէնքի 63, 64 եւ 74-րդ յօդուածներով՝ Սահմանադրական դատարանը որոշեց.
«1. 2024 թուականի Օգոստոսի 30-ին ստորագրուած «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի ու Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովի համատեղ գործունէութեան մասին» կանոնակարգում ամրագրուած պարտաւորութիւնները կը համապատասխանեն Սահմանադրութեան:
«2. Սահմանադրութեան 170-րդ յօդուածի 2-րդ մասի համաձայն՝ սոյն որոշումը վերջնական է եւ ուժի մէջ կը մտնէ հրապարակման պահէն»: