Ազգային ժողովին մէջ ճեպազրոյցի մը ընթացքին, ՀՅԴի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան ըսաւ, որ Սահմանադրական դատարանը տուած է դրական նկատուող կարեւոր եզրակացութիւն մը, որ՝ Սահմանադրութեան նախաբանը՝ իբրեւ անփոփոխելի յօդուած, ոչ ոք, ոչ իսկ ժողովուրդը կրնայ փոխել:
«Բայց երբ կը փորձէ ձեռնավարութեան ենթարկել այս անփոփոխ դրոյթը եւ փորձել մեկնաբանել, որ այն, ինչը իրացուած չէ Սահմանադրութեան մէջ, հետեւաբար չի կրնար դառնալ մեզի համար ուղղորդող գործողութիւն, սա արդէն ձեռնավարութիւն է: Քօղարկել այն գործողութիւնները, որոնք ապագային կարելի է` ձեւակերպուին խաղաղութեան պայմանագիր անուան տակ կամ այլ փաստաթուղթի տակ: Ապագային, երբ կը ծնին այդպիսի փաստաթուղթեր կամ կ’ըլլան զիջումներ, հիմնաւորումներ փորձէ ներկայացնել, որ տեսէք, ՍԴն այսպիսի բաներ ըրած է», ըսաւ Մինասեան:
Ան նկատել տուաւ, որ Սահմանադրական դատարանը չէ անդրադարձած կարեւոր հարցի մը: «Այս կանոնակարգով սահմաններու առաւելագոյնին հասցնելու հնարաւորութիւն կը տրուի բայց առաւելագոյնին հասցնել կը նշանակէ տարածքի, սահմանագիծի փոփոխութիւն, որ, Սահմանադրութեան համաձայն, հանրաքուէ կը պահանջէ: Հետեւաբար, ՍԴն պէտք է ըսէր, որ այս կանոնակարգը ենթակայ է հանրաքուէով հաստատման: Նման իրաւասութիւն ԱԺն չի կրնար տալ: Կանոնակարգը անպայմանօրէն պէտք է անցնի հանրաքուէի ճանապարհով: Սա հակասահմանադրական, հակաօրինական ու հակապետական քայլ է: ԱԺն իրաւունք չունի նման փաստաթուղթ վաւերացնէ: Անիկա պարտաւոր է հանրաքուէի գնալ, հակառակ պարագային իշխանական յափշտակութեան եւս մէկ օրինակ է սա պիտի դառնայ: ՍԴն քօղարկած է այն զիջումները որոնք յառաջիկային հնարաւոր է, որ ներկայացուին Հայաստանին», ընդգծեց Մինասեան: