Հայաստանի մէջ գտնուող օրերուն ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հարցազրոյց տուաւ «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի «Երկրի հիւրասրահը» հաղորդաշարին, որուն ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանի առջև ծառացած օրախնդիր շարք մը հարցերու, տարածաշրջանի մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ ներքաղաքական օրակարգերու:

Խօսելով ամէն գնով Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու ՀՀ իշխանութիւններու բուռն ձգտումներուն մասին՝ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան յայտնեց, որ Հայաստան այս պահուն աճապարանքի մէջ է, փոքրիկ ձեռբերումներով խաղաղութեան հասնելու կողմնակից է, պատրաստ է խեղճացած իրավիճակի մէջ բանակցային գործընթացին մաս կազմել, մինչդեռ միջազգային փորձը ցոյց կու տայ, որ ատիկա մեզի լաւ տեղ հասցնել չի կրնար։

«Պարտուածի հոգեբանութեամբ եւ շարունակական միակողմանի զիջումներով, բնական է թշնամիին միշտ կարելի է գոհացնել, բայց ես վստահ եմ, որ Ատրպէյճան պատրաստ չէ Հայաստանի հետ խաղաղութեան դաշնագիրի ստորագրութեան, որովհետեւ իրենք կ’ուզեն առաւելագոյնը կորզել եւ ատիկա կ’ուզեն ընել մինչև Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք COP-29: Իսկ COP-29-ին պարագային, մենք նախաձեռնած ենք ա որ առնչուող պայքար ողջ աշխարհի մէջ, եւ պէտք է ըսել, որ նկատելի յաջողութիւններ կան արձանագրուած: Մենք Ատրպէյճանին որոշակի մտահոգութիւններ պատճառած ենք արդէն, որովհետև շարք մը պետութիւններու մէջ մեր, եւ ոչ միայն մեր, աշխատանքներուն հետեւանքով այն տպաւորութիւնները կան, որ այնքան ալ նպատակայարմար չէր այդ բռնատիրական երկրին մէջ նման մասշտապի եւ բովանդակութեամբ համաժողով կազմակերպելը», ըսաւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

Անդրադառնալով ՀՀ իշխանութիւններուն հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման վերջին փորձերուն, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը դիտել տուաւ, որ հակառակ ՀՀ իշխանութիւններու պնդումներուն, թէ գործընթացը տեղի կ’ունենայ առանց նախապայմաններու, անոնք կան, եւ անոնց մասին թրքական կողմը կը խօսի բացայայտ:

«Ինչպէս եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման նախորդ գործընթացներուն մէջ, պիտի պարզուի, որ Թուրքիա իր բոլոր քայլերուն մէջ պիտի առաջնորդուի բացառապէս Ատրպէյճանի շահերով», ըսաւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: